ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը, Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Զապել Մովսէսեան- Նազարեան կեդրոնի շրջափակին մէջ կատարեց նոր եղանակի բացումը:
Պսակաւոր ժահրին (քորոնա) պատճառով, հանդիսութիւնը բացառապէս տեղի ունեցաւ առանց բազմութեան, սակայն ուղիղ հաղորդումով սփռուեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի դիմատետրի էջէն:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետը եւ վարչականներ, սկաուտական տարբեր խումբերու փոխանցուելիք անդամ-անդամուհիները, երէցական խումբը՝ լման կազմով:
Հայաստանի, Լիբանանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներուն ունկընդրութենէն եւ Արցախի պաշտպանութեան համար նահատակուած զինուորներուն յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք, կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն:
ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան գնահատեց սկաուտական բոլոր խումբերուն, ինչպէս նաեւ յարակից վարչութիւններուն գործունէութիւնը եւ նոր եղանակի սեմին բեղուն աշխատանք մաղթեց բոլորին:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան առցանց խօսք առնելով, շնորհաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Ժիրայր Թօսունեանը: Ան նաեւ գնահատեց նախկին ընդհանուր խմբապետ Կարէն Պասմաճեանի գործունէութիւնը: Վերջինս պայմաններու բերումով մեկնած է Լիբանանէն: Վիգէն Չերչեան շնորհաւորեց սկաուտական բոլոր կազմերը, առաջնորդները եւ փոխառաջնորդները, սկաուտական վարչութեան ատենապետ Նշան Ղորղորեանը, դիտել տալով, որ յաջողութիւններու բանալին պահուած է միասնականութեան եւ հաւաքական աշխատանքին մէջ:« Եթէ Ձեզի համար այսօր՝ սկաուտական դպրոցին ճանապարհով հաւատք եւ համոզում կը դառնայ ան,վստահ ենք, որ վաղը՝ մեր Միութեան այլ բնագաւառներուն մէջ պիտի շարունակէք նոյն ոգին եւ դաստիարակութիւնը, նոյն շունչով պիտի պատրաստէք սկաուտական շարժումին միացող նորեկները».շեշտեց ան, աւելցնելով՝ միասնական բռունցքով Արցախի մէջ մեր քոյրերը եւ եղբայրները, մեր քաջարի բանակը պիտի պաշտպանեն հայրենի հողը եւ պարտութեան մատնեն թշնամին:
SDL-ի ներկայացուցիչը քոմիսէր Էլի Նիքոլա ծանօթացուց նոր տարեշրջանի աշխատանքային ծրագիրը: AEL-ի անունով խօսեցաւ քոմիսէր Քալին Առաքելեան: Այս առիթով Ժիրայր Թօսունեան պաշտօնապէս նշանակուեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիներուն իրենց նուիրումին, անսակարկ ծառայութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց աշխատանքի պայմաններու բերումով սկաուտական կեանքէն հեռացած խմբապետ-խմբապետուհիներուն:
Նախ տեղի ունեցան խմբային փոխանցումները՝ թիթեռէն՝ արծուիկ, արծուիկէն՝ արենուշ, արենուշէն՝ քառավել: Փոխանցուողները նաեւ գնահատանքի« պեճ»եր ստացան՝ կարիքաւորներուն օժանդակելու, Պէյրութի պայթումէն ետք քանդուած բնակարանները մաքրելու, վերանորոգութեան եւ սննդանիւթ բաժնելու աշխատանքներուն մասնակցելու համար:
Ապա տեղի ունեցան խմբապետական փոխանցումները. Քրիսթել Սթեֆանօ՝ արծուիկներու նոր խմբապետուհի, Նարին Սերայտարեան՝ գայլիկներու փոխխմբապետուհի, Վիքի Սընըքճեան արենուշական խմբապետուհի, Սերժ Քարաճեան՝ սկաուտներու խմբապետ, Փասքալ Գասպարեան եւ Զենա Քարամ՝ քառավելներու փոխխմբապետուհի, Սթեֆանի Քոթահալեան՝ քառավելներու խմբապետուհի, Համբիկ Սեմերճեան՝ երէցներու փոխխմբապետ:
Հայաստան մեկնած խմբապետ- խմբապետուհիները տեսաերիզի միջոցով հաճելի անակնկալ մը մատուցեցին սկաուտական շարժումի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ նորանոր յաջողութիւններու բարեմաղթութիւններով: