ՄԵԼԻՆԷ ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Դժուար է գրել: Գրել ամուսինի մը անդառնալի կորուստին մասին, որուն հետ ապրած 53 տարիներու համատեղ կեանքդ յանկարծակի կ’ընդհատուի ասուպային արագութեամբ, հնազանդելով բնութեան կանչին, անակնկալի մատնելով սիրելիներդ ու հարազատներդ:
Մեր առօրեայ ընտանեկան կեանքը,- 1967 Դեկտեմբեր 24-ով ամրագրուած,- կը շարունակուէր բնականոն կերպով մինչեւ 1975թ. սկիզբ առած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Ընտանիքիդ ու զաւակներուդ բարւոք կեանք մը ապահովելու համար քու անկարելիդ ու կարելիդ ըրիր մեծ զոհողութիւններ յանձն առնելով: Աշխատանքի բերումով մեկնեցար արաբական երկիրներ, ափրիկեան ցամաքամաս, յաճախ կեանքդ վտանգելով ու հասար մինչեւ հեռաւոր ամերիկաներ:
Եղար սիրող ամուսին ու հայր: Եղար հաւատաւոր կուսակցական ու միութենական: Եղար միշտ անաչառ ու ճշմարտասէր: Կը հաւատայիր Թէքէեանի «Եթէ կրնաս՝ բարձրացի՛ր… եւ քեզի հետ ուրիշներն՝ եթէ կրնաս՝ բարձրացո՛ւր» գաղափարաբանութեան: Կ’ուզէիր օգտակար ըլլալ նոր-նոր գրիչ շարժող, գրական հրապարակ մտնող նորագիրներուն. կը քաջալերէիր զանոնք քու ցուցմունքներով ու խորհուրդներով: Երբ նոր ստորագրութիւն մը տեսնէիր թերթի մը կամ պարբերականի մը մէջ, մեծ գոհունակութիւն կը զգայիր:
Ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր դուն եղար գլխագիր Հայն ու Հայրենասէրը: Հայրենիքի ու հայութեան իւրաքանչիւր մեծ ու փոքր ձեռքբերումները թեւեր կու տային քեզի: Վերջին քսան տարիներուն Հայաստանի հայաթափումը, արտագաղթը, ներքին դաւաճանութիւնները ու մանաւանդ 1999-ի Հոկտեմբեր 27-ի քանիցս դատապարտելի գլխատումը մեր աւագանիին Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, քիչ է ըսել ցնցեցին քու արի ու բարի ներաշխարհդ: Դուն, որ ջատագովն էիր «Հայրենիքը ամէն բանէ վեր» կարգախօսին, չներեցիր անցեալի ու ներկայի պատեհապաշտներն ու դաւաճանները. այդ վէրքը չբուժուեցաւ մէջդ ու հետդ տարիր զայն:
Արեւմտահայերէնի ճիշդ գործածութիւնը եւ հայ մշակոյթին հանդէպ պաշտամունքի հասնող քու սէրդ, կը շեշտուէին քու իւրաքանչիւր գրական արտայայտութեան մէջ: Քու ամբողջ միտք բանին, եթէ ուզենք ամփոփել ընթերցելով քու գրական ու հրապարակային ելոյթները, մեր դէմ կը ներկայանայ հայրենիքով, հայութեամբ ու անոր ներկայ ու ապագայ ճակատագիրով մտահոգ ՀԱՅը:
«Շիրակ», «Խօսնակ», «Կամար» պարբերականները միշտ եղան քու գուրգուրանքի առարկան: Անոնց լոյս ընծայումը հետեւողական կերպով յաղթանակ էր քեզի համար: Մշակոյթը կը համարէիր ժողովուրդի մը ողնասիւնը: Միայն գրական մարզը չէր որ քեզ կը մտահոգէր, այլ՝ համապարփակ մեր մշակոյթը իր երաժշտութեամբ, իր թատրոնով, իր երգ ու պարով:
«Սիփան» հրատարակչատունը հիմնեցիր 1991-ին, որ դարձաւ քու երկրորդ տունը: Հարիւրէ աւելի հատորներ լոյս աշխարհ եկան: Իւրաքանչիւր էջի վրայ քու աչքի լոյսը թափեցիր ու գրիչի մէկ հպումով հայ լեզուն սիրելի դարձուցիր ընթերցողին համար: Հեղինակներուն հետ կը խորհրդակցէիր եւ անոնց հետ համագործակցելով կը կատարէիր սրբագրութիւններ, ճշդումներ եւ յաւելումներ:
Բնութեան կողմէ քեզի սահմանուած իւրաքանչիւր տարին լեցուցիր աշխատանքով ու գրական-մտաւորական գործունէութեամբ: Շնորհակալ եմ, որ կեանքի դիւրին թէ դժուար օրերը յաղթահարեցինք միասնաբար, համախորհուրդ: Բախտաւորուեցանք երեք հրաշալի զաւակներով ու չորս թոռներով: Անոնց յաջողութիւնները դարձան մեր կեանքին իմաստ տուող նշանակէտեր: Շնորհակալ ենք Բարձրեալէն: Մեր զաւակներն ու անոնց կողակիցները (սէր ու յարգանք բոլորին) եղան ծնողասէր, հայրենասէր ու մարդասէր անհատներ եւ ծաւալուն գործունէութիւն ունեցան մեր ազգային ու հասարակական կեանքէն ներս:
Գիտեմ, թէ ի՜նչ կը նշանակէ հայր կորսնցնելը զաւակներուս համար. անկախ անոր տարիքէն ու ընկերութեան մէջ անոր գրաւած դիրքէն: Հպարտ եղէք զաւակներս ձեր հօր ապրած կեանքով, ինչպէս որ ան հպարտ էր ձեզմէ իւրաքանչիւրով: Ձեր հայրը եկաւ այս աշխարհ 1934 Փետրուար 22-ին: Երբ արդէն չորս տարեկան էր, իր ծնողքին հետ պարտադրաբար թողուց իր սիրելի ծննդավայրը՝ Չորք Մարզպանը եւ Ալեքսանտրէթը ու հաստատուեցաւ Լիբանան: Այս ասպնջական արաբ ժողովուրդին հետ կիսեց անոր տխուր եւ ուրախ օրերը: Ապրեցաւ որպէս իրաւ լիբանանցի ու որպէս տարագրեալ հայ մտաւորական իր սիրտին մէջ ամուր պահելով մեր Սիսն ու Մասիսը եւ մեր անլոյծ մնացած Հայկական Հարցը:
Արցախի դէմ շղթայազերծուած այս օրերուն շարունակուող պատերազմը քեզի համար դարձաւ առօրեայ մտահոգութիւն ու մղձաւանջ: Անհանգիստ էիր հայրենիքի, Արցախի ու ամբողջ հայութեան ճակատագիրով: Կը հաւատայիր մեր յաղթանակին եւ հայութեան պայծառ ապագային:
Քու մշակած գրականութիւնը, հայ լեզուին ու հայրենիքին հանդէպ քու ունեցած պաշտամունքը, քու գաղափարական ամուր կեցուածքը քաջածանօթ են մտաւորական շրջապատիդ ու ընթերցող հասարակութեան: Անոնք իրենց արժանի գնահատանքը տուին քեզի տարբեր բնագաւառներու մէջ. ըլլան անոնք մամլոյ մրցանակներ, պետական ու անհատական գնահատագիրեր, մասնագիտական հաստատութիւններու կողմէ տրուած գնահատագիրեր՝ շնորհուած քու գրական վաստակիդ համար: Անոնք բազում են եւ մաս կը կազմեն քու թողուցած ժառանգութեան:
Բայց անպայման կը փափաքիմ նշել մեր զոյգ վեհափառ հայրապետներուն կողմէ շնորհուած գնահատականները: Սուրբ Էջմիածնի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ տրուած «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանն ու կոնդակը (2010) եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արամ Ա. վեհափառին ձեռամբ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանն ու կոնդակը (2014): Սոյն բարձր գնահատականները ալեկոծեցին քու ներաշխարհը ու նոր թափ ու թռիչք տուին, պարտաւորութիւններ դրին քու յոգնած ուսերուդ վրայ: Ուրախութիւն, գոհունակութիւն ու գնահատուած ըլլալու երջանկութիւնը ապրեցանք միասին: Եւ հիմա հաճոյքն ու քաջութիւնը ունիմ ըսելու. «յարգս արժանաւորաց»:
Դուն մեկնեցար այս խելագար աշխարհէն Արցախի ցաւը սրտիդ մէջ: Աւաղ չտեսար մեր յաղթանակը, որ գալու է անպայման: Դուն հանգիստ մեկնեցար առանց շուրջիններդ անհանգստացնելու: Մեկնեցար առանց զգուշացնելու՝ ցտեսութեան պէս, այլ ոչ՝ մնաք բարովի: Յաւերժի ճամբորդ դարձար. գացիր միանալու քեզի հարազատ եղբայր հոգիներուն հետ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
Յիշատակդ անթառամ: