Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի ուղարկուած ռուսական 15-րդ առանձին խաղաղապահ ջոկատի ստորաբաժանումները աւելի քան 300 քմ երթով ժամանած են հայկական Գորիս քաղաք։ Այս մասին հինգշաբթի լրագրողներուն յայտնած են ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութենէն, կը փոխանցէ ԹԱՍՍ-ը։
«15-րդ առանձին խաղաղապահ ջոկատի ստորաբաժանումներու շարասիւնը, որ ժամանած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ խաղաղապահ գործողութեան իրականացման մասնակցելու, աւելի քան 300 քմ երթով հասած է Գորիս քաղաքի մէջ կեդրոնացման վայր»,- նշած են ռազմական գերատեսչութենէն։
Ստորաբաժանումներու կազմին մէջ կը մտնեն պայմանագրային զինծառայողներ, որոնք յատուկ պատրաստութիւն անցած են խաղաղապահ առաքելութիւն կատարելու համար։ Անոնք մասնաւորապէս ուսումնասիրած են զինուած հակամարտութիւններու մէջ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերը։
«Խաղաղապահ զօրակազմը յագեցած է ժամանակակից սպառազինութեամբ, ռազմական եւ յատուկ սարքերով, այդ շարքին ԲՏՌ-82Ա «Տիգր» եւ «Թայֆուն» զրահափոխադրիչներով»,- աւելցուցած են ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութենէն։