Ֆրանսայի նախագահի Միջին Արեւելեան հարցերով խորհրդական Փաթրիք Տիւրէլ երէկ կոչ ըրաւ քաղաքական կողմերուն արագացնել կառավարութեան կազմութեան գործընթացը, ամէն տեսակի ֆինանսական օգնութիւն պայմանաւորելով այս իրադարձութեան հետ: Ան փափաք յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը վստահութիւնը կ՛ունենայ բոլորին: Տիւրէլ այս յայտարարութիւները ըրաւ Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպելէ ետք Նախագահ Աունին հետ:
Ըստ երեւոյթին կառավարութիւնը տակաւին կ՛ուշանայ մինչ երկիրը վաղը պիտի մտնէ ամբողջական արգելափակումներու շրջան մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Նոյեմբերի աւարտը: Արգելափակումի օրերուն նաեւ պիտի գործադրուի պարէտային ժամ երեկոյեան ժամը 5-էն մինչեւ առաւօտեան 5-ը: