Լիբանանի մէջ երէկ գրանցուեցան 1904 քորոնաժահրով վարակուածներ, մինչ մահացան 21 վարակակիրներ:
Այսօր քորոնաժահրի աւելի եւս սանձարձակ տարածումը զսպելու նոր փորձին առաջին օրը պիտի հանդիսանայ: Այսօրուընէ սկսեալ երկիրը փակ պիտի մնայ մինչեւ Նոյեմբեր ամսուան վերջը:
Ռաֆիք Հարիրիի անուան Պէյրութի պետական հիւանդանոցի պատասխանատու տնօրէն՝ Տոքթ. Ֆիրաս Ապիատը ինչպէս միշտ, երէկ ալ զգուշացուց, որ յատուկ խնամքի կարօտ հիւանդներուն յատկացուելիք անկողիններու թիւը այլեւս բաւարար չէ:
Այսօրուընէ սկսեալ կիրառուելիք արգելափակումները յոյսով ենք, որ իրենց արդիւնքը պիտի տան, սակայն զայն իրագործելու նախապայմանը՝ քաղաքացիին լրջութիւնն ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնն է: