Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Լէօ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Լէօ (Առաքել Գրիգոր Բաբախանեան) (26 Ապրիլ (8 Մայիս) 1860, Շուշի, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն — 14 Նոյեմբեր 1932, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն), հայ պատմաբան, գրող, գրականագէտ, հրապարակախօս, ՀԽՍՀ գիտութիւններու եւ արուեստի հիմնարկի իսկական անդամ։

Ծնած է 1860-նի ապրիլի 26-ին, Շուշի (Արցախ)։ Հետեւած է Շուշիի Թեմական եւ Քաղաքային վերակազմեալ վարժարաններուն։ 1878 թուականին աւարտած է Շուշիի քաղաքային վերակազմեալ դպրոցը։ Շուշիի եւ Պաքուի մէջ աշխատած է իբրեւ նոտարային գրագիր, հեռագրիչ, «Արօր» տպարանի կառավարիչ։

Պատանեկան տարիներէն Լէոն աշխատակցած է «Մշակին» ձգելով պատմագիտական, գրական եւ հրապարակախօսական մեծ ժառանգութիւն, հայոց պատմութեան մեծահատոր գործեր եւ բազմաթիւ հրապարակախօսական յօդուածներ։

1877 թուականէն աշխատակցած է «Մշակ», «Արձագանք», «Արմենիա», «Մուրճ», «Հանդէս ամսօրեայ» «Տարազ», «Հորիզոն», «Համբաւաբեր» եւ այլ պարբերականներու, տպագրած հարիւրաւոր քննադատ, յօդուածներ, վիպակներ, պատմագիտական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններ։ Մինչեւ պատմագիտական իր աշխատութիւնները, Լէոն իր գրական գործունէութեան առաջին տաս

ամեակին զբաղած է գրական–հրապարակախօսական աշխատանքներով, գրած է վէպեր, պատմուածքներ, վիպակներ որոնք յաջորդաբար լոյս տեսած են՝ Թիֆլիսի, Պաքուի. Շուշիի, Վենետիկի, Ս. Ղազարի եւ Պոլսոյ հայ մամուլի էջերուն մէջ։

1906–1907 թուականներուն դասաւանդած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն ներս, ապա տեղափոխուած է Թիֆլիս եւ նուիրուած գիտական աշխատանքի։

1924 թուականին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով ան Թիֆլիսէն եկած է Երեւան եւ աշխատանքի անցած իբրեւ Պետական համալսարանի աւագ դասախօս (ուր դասախօսած է հայոց պատմութիւն)։ Անոր դասախօսութիւնները տպագրուած են ձեռագիրի իրաւունքով եւ Յակոբ Մանանդեանի դասախօսութիւններուն հետ միասին դարձած հայոց պատմութեան համալսարանական առաջին դասագիրքերը։

ԵՊՀ-ի մէջ հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը գիտական մակարդակի վրայ դնելու գործին մէջ Յակոբ Մանանդեանի, Մանուկ Աբեղեանի, Հրաչեայ Աճառեանի եւ ուրիշներու հետ միասին մեծ երախտիք ունի նաեւ Լէոն։

1925 թուականին Լէոյին շնորհուած է փրոֆեսորի կոչում։ Նոյն թուականին ան դարձած է ՀԽՍՀ գիտութեան եւ արուեստի հիմնարկի (1930 թուականէն՝ ՀԽՍՀ գիտութիւններու ինստիտուտ) իսկական անդամ։

Վախճանած է 1932-ի Նոյեմբեր 14-ին՝ Երեւան։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img