Մենք բոլորս վրդոված ենք արցախեան պատերազմի արդիւնքներով, որը վերջին 45 օրուայ ընթացքին խլեց մեր բազմաթիւ հերոս զինուորներու կեանքը առաջնագծում: Մեր քաջարի զինուորներն ու հայրենակիցները ի վերջոյ բախուեցան ցեղասպանութիւն քարոզող ազրպէյճանա-թուրքական ռազմաճակատի անյաղթահարելի ուժերու հետ:
Հիմա մենք, ինչպէս եւ դուք, մտահոգուած ենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով, եւ թէ այն ինչ հետեւանքներ պիտի ունենայ հայաստանի եւ արցախի, եւ նաեւ ամբողջ հայ ժողովրդի ապագային նկատմամբ:
Նկատի առնելով հայրենիքէն ներս լարուած, ծանր իրավիճակը, պատերազմը եւ անոր հետեւանքները, ներկայիս տնտեսական ճգնաժամը, տակաւին չյաղթահարուած համաճարակը, ձմրան ցուրտին ընդառաջ հազարաւոր տեղահանուածներու, անօթեւաններու կեցութեան պայմաններ ապահովելու հիմնախնդիրը՝ կոչ կ’ուղղենք սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, անկախ իրենց քաղաքական հայեացքներէ կամ կուսակցական պատկանելիութենէ, յանուն մեր նահատակ հերոսներու եւ վիրաւորներու, շարունակել սատարել հայաստանին եւ արցախին, մասնակցիլ պետականութեան հզօրացմանը։
Եկէ՛ք միասնական նուիրումով, համախոհութեամբ եւ համերաշխութեամբ մեր խոնարհումը, երախտիքը եւ յարգանքի տուրքը մատուցենք մեր մայրերուն, քոյրերուն, այրիներուն եւ ընտանիքներուն:
Արեւմտեան ամերիկայի համահայկական խորհուրդ