Լեռնային Ղարաբաղի ռուս խաղաղապահներու խմբաւորման հրամանատար՝ զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատով յայտնած է, որ ծնած է Տաղստան եւ ազգութեամբ թաբասարանցի է: Այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
Աւելի վաղ, համացանցով աշխոյժ կը քննարկուէր այն հարցը, թէ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարը ԼՂ-ի մէջ ատրպէյճանցի է:
«Ինչ կը վերաբերի իմ ազգային պատկանելիութեան, եթէ հետաքրքիր է, ես ծնած եմ Տաղստանի Հանրապետութիւն, ազգութեամբ թաբասարանցի եմ: Հարեւան պետութեան հետ ազգակցական որեւէ առնչութիւն չունիմ»,- ըսած է Մուրատով:
Մուրատով ընդգծած է, որ իրեն համար՝ որպէս սպայ, ազգային պատկանելիութիւն գոյութիւն չունի. ինք իր առաջադրանքները կը կատարէ, ինչպէս նախատեսուած է, եւ որ գլխաւոր հրամանատարի եւ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարի, ինչպէս նաեւ անմիջական ղեկավարներու հրամանները իրեն համար ենթակայ են կատարման:
Ռուս խաղաղապահներու մէկ մասը արդէն Արցախ է։ 11 նոյեմբերին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի վրայ հրադադարի ռեժիմի վերահսկման նպատակով ժամանած ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովին: Հանդիպման քննարկուած են խաղաղապահ առաքելութեան կազմակերպման եւ իրականացման հարցեր։
Աւելի վաղ, Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Սերկէյ Շոյկուն յայտնած էր, որ ռազմական փոխադրական օդանաւերը 3 օրուայ ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխած է 1103 զինծառայող եւ 168 միաւոր զրահամեքենայ: