Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յատուկ յանձնակատարը ըստ երեւոյթին չյաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ: Կարգ մը քաղաքական կողմերու աղբիւրներ այս մասին յատուկ նշեցին:
Կա յ աւելի վատը: Կը նշուի, որ ֆրանսացի յանձնակատար Փաթրիք Տիւրէլ վերջնագիր մը տուած է նշելով, որ կառավարութիւն կազմելու թնճուկը պէտք է երկու շաբաթէն լուծուի: Հակառակ պարագային Լիբանան պիտի դիմագրաւէ շատ լուրջ հետեւանքներ: