Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած է մոմավառութիւն ի յիշատակ Արցախեան գոյամարտի նահատակներուն։
Հարիւրաւոր հայորդիներ մոմավառութիւն կատարած են «Ազատութեան» հրապարակին վրայ, որմէ ետք ալ անոնք երթ կատարած են դէպի Մատենադարանի հատուած, ուր տեղի ունեցած է հաւաքական աղօթք եւ հոգեհանգստեան կարգ։
Յիշեցնենք, որ սեպտեմբերի թշնամի Ատրպէյճանի շղթայազերծած ծանրագոյն պատերազմին հետեւանքով հարիւրաւոր հայորդիներ մեկնած էին առաջնագիծ պաշտպանելու հայրենի հողը։
Ռազմական գործողութիւնները դադրած էին անցնող 10 նոյեմբերէն սկսեալ, երբ հրապարակ հանուած էր Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն միջեւ կայացուած համաձայնութիւնը։
Փառք ու պատիւ մեր հայրենիքի զինուորներուն, փառք ու պատիւ մեր հերոսներուն։