Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատգամ. Ժողովուրդին Կամքը Պէտք Է Մնայ Գերակայ Ու Ճշդորոշիչ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին վճռադրոշմ պահեր կրցած ենք դիմագրաւել՝ ամուր հաւատքով ու կամքով եւ հեռատես մօտեցումով։ Ներկայ պահը մեր ազգի ու հայրենիքի ժամանակակից պատմութեան մէջ աւելի քան ճակատագրական է։ Մեր քաջ բանակը հերոսաբար դիմադրեց արդիական զէնքերով օժտուած ազերիական, թրքական եւ ահաբեկչական հսկայ բանակին։ Յարգա՜նք ու պատիւ մեր նահատակներուն, եւ հայրենիքին համար արիւն թափելու պատրաստ ազգանուէր զաւակներ ծնող մայրերուն։

Պատերազմը չէ աւարտած։ Ըլլանք զգօն ու իրատես։  Հայաստանն ու Արցախը վտանգուած են իրենց ժողովուրդով ու պետականութեամբ, ներկայով ու մանաւա՛նդ ապագայով։ Մեզ շրջապատող պայմանները ու աշխարհաքաղաքական շահերը ի նպաստ մեզի չեն։ Փաստօրէն առանձին ենք։ Զգացական պոռթկումներէ անդին, որոնք բնական են ու արդար, այժմ ժամանակն է՝ միասնականութեամբ ու խոհեմութեամբ դիմագրաւելու ներկայ ճգնաժամային հանգրուանը։ Արդ, այս խոր գիտակցութենէն ու համոզումէն մղուած՝

1) Պէտք է մերժել օրհասական պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եւ փաստօրէն զինադուլի համաձայնութենէն անդին, երկդիմի ու անորոշ կէտերով լեցուն եւ  վտանգալից հետեւանքներով յղի ներկայ փաստաթուղթը։

2) Պէտք է զգոյշ ըլլալ ներքին բեւեռացում ու ապակայունացում յառաջացնող քայլերէ՝ յարգելով օրէնքի գերակայութեան հրամայականը ու միաժամանակ բացառելով ազատ կարծիքի դէմ բռնութիւնը։ Մեր ազգին միակամութիւնը եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը աղբիւրն են ու երաշխիքը՝ մեր հզօրութեան։

3) Պէտք է ծրագրուած ու հետեւողական կերպով եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ աշխատանքի բաժանումով հետապնդել Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը։ Միաժամանակ, անհրաժեշտ է որ պայմաններու պարտադրանքով Հայաստան ապաստանած Արցախի մեր սիրելի զաւակները վերադառնան եւ իրենց կեանքը վերականգնեն ու վերակազմակերպեն՝ Հայաստանի պետութեան եւ Սփիւռքի օժանդակութեամբ։

4) Պէտք է գործել միայն ու միայն ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն մղուած՝ հեռու մնալով անձնական ու կողմնակի մօտեցումներէ ու նկատումներէ։

Ա՛յս կը պահանջէ ներկայ ճակատագրական պահը։

Հայաստանը մե՛նք ենք՝ բոլորս միա՛սնաբար:

Արցախը մե՛նք ենք՝ բոլորս միա՛սնաբար։

Սփիւռքը մե՛նք ենք՝ բոլորս միա՛սնաբար։

Հետեւաբար, մեր հաւաքական վճռակամութեամբ թոյլ պէտք չէ տանք, որ մեր ազգին ու հայրենիքին անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը ենթակայ դառնան աշխարհաքաղաքական հաշիւներու ու փանթուրանական ծրագիրներու։

Ըսած ենք ու կը կրկնենք՝ համազգային բնոյթ ունեցող խնդիրներ հարկ է միասնաբա՛ր քննել ու համազգային մաշտապով որոշում կայացնել։

Դարձեալ, ըսած ենք ու կը կրկնենք՝ ժողովուրդին կամքը պէտք է մնայ գերակայ ու ճշդորոշիչ բոլո՛ր պարագաներուն, բոլո՛ր ժամանակներուն ու բոլո՛ր պայմաններուն մէջ՝ միշտ յարգելով սահմանադրութեամբ ճշդուած սկզբունքներն ու գործընթացները։

Բոլորս, անխտիր, համարատու ենք ժողովուրդին եւ պատասխանատու՝ պատմութեան դիմաց։

Հայութիւնը եւ հայրենիքը ամէն բանէ վե՛ր:

Մեր հողերը եւ մեր սրբութիւնները ամէն բանէ վե՛ր:

Ա՛յս գիտակցութեամբ ու ա՛յս յանձնառութեամբ պէտք է գործենք ու պայքարինք այսօր, վաղը եւ միշտ:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

14 Նոյեմբեր 2020

Անթիլիաս, Լիբանան

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img