Ռոպէրթ Ալեքսանտր Ապաճեան (16 Նոյեմբեր 1996, Երեւան — 2 Ապրիլ 2016, Արցախ), Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ծառայող, ՀՀ ԶՈՒ կրտսեր քսանապետ, Արցախի հերոս (յետմահու։
Զոհուած է Քառօրեայ պատերազմին՝ Մարտակերտի ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքը պաշտպանելու ժամանակ։
Արդարեւ, 2 Ապրիլ 2016-ի լուսցող գիշերը Արցախ-Ազրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները լայնածաւալ յարձակումներ կը կատարեն։ Սկզբնապէս հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած 3ենակետային դիրքերը հրետակոծելոէ ետք ազրպէյճանական ուժերը կ’անցնին գրոհի։ Շուրջ երեք հարիւր հոգիէ բաղկացած խումբերը, զինուած ըլլալով նաեւ թանկերով, փորձ կը կատարեն՝ գրաւելու համար հայկական դիրքերը։ Խումբի հրամանատար՝ հազարապետ՝ Արմենակ Ուրֆանեանի ղեկավարութեամբ, վեց հոգիէ բաղկացած սահմանապահ ուժերը կ’անցնին շրջանաձեւ պաշտպանութեան՝ երկու անգամ յաջողութեամբ ետ շպրտելով թշնամիի լայնածաւալ յարձակումները՝ այդ ընթացքին խոցելով նաեւ թշնամիի մէկ թանկ։ Անյաջող յարձակման փորձէ ետք թշնամին ետ կը քաշուի եւ կրկին կը սկսի հրետանակոծել հայկական դիրքերը։ Արկերէն մէկուն պայթիւնէն շուտով կը զոհուին հազարապետն ու գնդացրորդ Քիարամ Սլոյեանը։
Խումբի հրամանատարի մահէն ետք, ոտքի վիրաւորում ստացած Ռոպէրթ Ապաճեանը հրամանատարութիւնը կը վերցնէ իր վրայ եւ պատնէշի վրայէն կը շարունակէ մարտը։ Նկատելով, որ խրամատին մէջ զինամթերքը կը վերջանայ, զինուորները կ’ուղարկէ փամփուշտ բերելու։ Այդ ընթացքին հակառակորդը կը յաջողի թափանցել դիրք։ Ապաճեանը, կողքին մնացած միակ ծառայակիցի՝ վիրաւորում ստացած գնդացրորդ Անդրանիկ Զոհրապեանի հետ, յամառ դիմակայութեամբ, կը նահանջեն դէպի դիրքային կացարան։ Արիւնահոսութենէն շուտով կը մահանայ Զոհրապեան։ Մարտական խորշի մէջ դիրքաւորուելով, Ռոպէրթ Ապաճեանը մինչեւ վերջին փամփուշտը կը շարունակէ միայնակ կռուիլ թշնամիի մեծաթիւ ուժերու դէմ, միեւնոյն ժամանակ կապ հաստատելով գումարտակի հրամանատարի հետ եւ վերջինիս կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդելով դիրքին վրայ կատարուող դէպքերուն մասին։ Նկատելով իրեն մօտեցող թշնամին, Ապաճեանը վերջին անգամ կապի դուրս եկած է եւ ըսած, որ արդէն հանած է իր մօտ մնացած վերջին նռնակը ու պատրաստ կը սպասէ՝ որպէսզի մօտենան, իր հետ միասին պայթեցնելու համար անոնց, որ չյանձնուի։ Տեսնելով իրեն մօտեցող հակառակորդը, Ապաճեանը բացուած նռնակը կը թաքցնէ ափի մէջ եւ ձեռքերը վեր կը բարձրացնէ, իբր թէ կը յանձնուի։ Թոյլ տալով, որ բաւականաչափ իրեն մօտենան, Ապաճեանը իր հետ միասին նռնակով կը պայթեցնէ հակառակորդի քանի մը զինուոր։
Անձնազոհ քայլով Ռոպերթ Ապաճեանը նաեւ փրկած է թիկունքէն օգնութեան հասած հայկական ուժերու զինուորներուն։
8 Ապրիլին, կողմերու միջեւ նախապէս ձեռքբերուած պայմանաւորուածութեամբ կ’իրականացուին զոհուածներու մարմիններու որոնողական աշխատանքներ, որոնց պատճառով հայկական կողմը կը յայտնաբերէ Ապաճեանի եւ Զոհրապեանի դիակները։
11 Ապրիլին զինուորական կարգով Ռոպերթ Ապաճեանը հողին յանձնեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ։ Հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ Երեւանի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան ու արիութեան համար 8 Մայիս 2016-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով յետմահու պարգեւատրուած է «Արցախի հերոս» ԼՂՀ բարձրագոյն կոչումով ու «Ոսկէ արծիւ» շքանշանով։