ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Ճիշդ երեսուն օր առաջ…: Յուշապիտակիս վրայ գրեցի. «Դոկտ. Տ. Աբէլ Քհ. Մանուկեան, Զուիցերիայէն, այսօր գուժեց տրուպիս երէկ դիպած մահը Պրն. Արամ Սեփեթճեանին՝ ‘Քորոնա’-էն… (Այնճար, 6 Հոկտեմբեր 2020)»:
Անակնկալի մատնուելով՝ չուզեցի հաւատալ, բայց բօթը ստուգելով հարազատներէն՝ տրտմութիւնն ու թախիծը դարձան այն դառն իրողութիւնը, որուն առջեւ ամէն մարդ պիտի խոնարհի եւ համակերպի:
Րոպէաբուխ աղօթքիս յաջորդեց քառորդդարեան (1994-2020) յուշերուն ամփոփումը ներաշխարհիս մթասքօղ տեսածիրին վրայ եւ «Պրն. Արամ»-ի համարեա միշտ խաղաղ ու ժպտուն կերպարանքին ժմիտով նկարահանուեցաւ իմ կերպարանքս՝ մէկ ակնթարթային յետսահայեաց ակնարկին մէջ վերյիշելով անթիւ հանդիպումները, հեռաձայններն ու երկխօսութիւնները, որոնց մակարդակին բերրիութեան եւ որակին համեղութեան բացակայութիւնը շատ զգալի էր արդէն այս վերջին երեսուն օրերուն ընթացքին…:
«Պրն. Արամ»-ի հետ այդ հանդիպումներէն, հեռաձայններէն եւ երկխօսութիւններէն ի՞նչը յիշեմ հոս եւ ի՞նչը՝ ո՛չ, չեմ գիտեր: Այո՛, անճրկութեան թիրախը դարձած եմ այսօր…: Ի՞նչպէս ուրուագծեմ անոր կերպարը՝ այնքան հաճելի՛ ու սիրելի՛, եւ ի՞նչպէս ներկայացնեմ անոր բարեմասնութիւնները՝ այնքան բազմազա՛ն ու օրինակելի՛…: Անոր յատկութիւններէն ոմանք յիշած ժամանակ, վախի մէջ եմ, որ չթուեմ այլ բնոյթներ…: Լսեցի եւ տեսայ, թէ գրուեցաւ ու խօսուեցաւ «Պրն. Արամ»-ի մասին, բայց չուզեցի իմանալ եւ կարդալ, որպէս զի կարենայի գրել «ի՛մս» եւ ըսել «խօ՛սքս»…:
Հաւատացեալ եւ աստուածավախ «Պրն. Արամ» Մարդն էր իր համեստութեամբ, խոնարհամտութեամբ ու ինքնաճանաչումով:
Ազգապաշտ ու հայրենասէր «Պրն. Արամ» Հայն էր իր պարկեշտութեամբ, հաւասարակշռութեամբ եւ մարդկայկանութեամբ:
Գաղափարապաշտ եւ նուիրեալ «Պրն. Արամ» Կուսակցականն էր իր անկեղծութեամբ, համարձակախօսութեամբ ու հանդուրժողութեամբ:
Ազնիւ ու լայնախոհ «Պրն. Արամ» Հանրագործիչն էր իր լաւատեսութեամբ, անխտրականութեամբ եւ բարութեամբ:
Նպատակասլաց եւ անշահախնդիր «Պրն. Արամ» Հասարակագիրն էր իր ճշմարտասիրութեամբ, արդարամտութեամբ ու այժմէականութեան աննահանջ նկրտումով:
Ընտանեպաշտ ու զաւկասէր «Պրն. Արամ» Հայրն էր իր պատուախնդրութեամբ, պարտաճանաչութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ:
Հաւատարիմ, ծառայական եւ անկեղծասաց «Պրն. Արամ» Բարեկամն էր իր յարգանքով, ունկնդրութեամբ՝ միշտ նոր ինչ մը սորվելու, ու հարցադրումով՝ գիտելիք մը ամբարելու, ինչպէս ալ իր անանձնականութեամբ՝ խօսակիցը կամ ընթերցողը հարստացնելու, եւ այն՝ յար փափկանկատ ու խանդակաթ մօտեցումով…: Ստուգիւ, միշտ կրնայիր սորվիլ բան մը, կամ՝ ընդունիլ գիտելիք «Պրն. Արամ»-էն:
«Պրն. Արա՛մ, Դուք…»: Ա՛յսպէս կը խօսակցէի ինծմէ 16 տարի երէց Բարեկամիս հետ, եւ այն՝ քսանվեց տարիներ շարունակ: Ինքն ալ միշտ «Հայր սո՛ւրբ, Դուք…» կը սկսէր իր խօսքը, կամ` «Վարդապե՛տ, Դուք…» կը պատասխանէր տրուպիս: Փոխադարձ յարգանքի, համարումի ու գնահատանքի այս խօսելակերպը յաւելեալ վերածուեցաւ սիրոյ, մտերմութեան եւ հարազատութեան ապրելաձեւին՝ միշտ, սակայն, պահելով յոգնակին…:
Այս երկկողմանի յարգանքէն, համարումէն ու գնահատանքէն, բայց գերազանցապէս սէրէն, մտերմութենէն եւ հարազատութենէն թելադրուելով՝ քանիցս պահանջքի պէս խնդրածս հասաւ ինծի երրորդ դէմքով շարադրուած կենսագրական տուեալներուն էջը, որուն անմիջապէս կցեցի այս ծանօթագրութիւնը.«Այսօր, Շաբաթ, ժամը 19-ին, սիրայարգ Պրն. Արամ Սեփեթճեան, իմ պահանջք-խնդրանքիս վրայ, ի վերջոյ, բարեհաճեցաւ ղրկել տրուպիս այս կենսագրական տուեալները, զորոնք ստացայ ուրախութեամբ ու շնորհակալութեամբ: Այնճար, 23 Մարտ 2019, Մ. Հայունի»: Ինչպէս որ է, հեղինակային ինքնագրութիւնը կը յանձնեմ հրատարակութեան:
«Կենսագրական ամփոփ գիծեր: 1934 — Ծնած է Ալեքսանտրէթ, Կիլիկիա (այժմ Թուրքիա): 1938-ին ծնողներուն հետ կը տեղափոխուի Պէյրութ, Լիբանան:
1951 — Լոյս տեսած է իր առաջին պատմուածքը:
1967-2004 – Անդամ «Շիրակ» ամսագրի խմբագրակազմին:
1978-ին եւ 1985-ին արժանացած է ԹՄՄ-ի Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակներուն:
1991-2006 – Պատասխանատու խմբագիր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Խօսնակ» ամսագրին:
1991 – Հիմնադիր-տնօրէն ցարդ գործօն «ՍԻՓԱՆ Հրատարակչատուն»-ին:
1996 – Անդամ Հայաստանի Գրողներու Միութեան:
1997 – Արժանացած է «Զարթօնք» օրաթերթի Հ. եւ Ա. Վարդիվառեան մամլոյ մրցանակին:
2005 – Անդամ «Կամար» գրական-գեղարուեստական պարբերաթերթի խմբագրութեան:
2005 – Անդամ Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան:
Գրական, գրադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով աշխատակցած է սփիւռքահայ պարբերական մամուլին եւ ունեցած գործօն մասնակցութիւն ազգային-հասարակական մեր կեանքէն ներս:
Արժանացած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ զոյգ Հայրապետներու սրբատառ կոնդակներուն եւ շքանշաններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններու, Գրողներու Միութեան եւ Խ. Աբովեան Մանկավարժական. Համալսարաններու յատուկ շքանշաններու եւ պատուոյ գիրերուն:
Հրատարակած երկերն են՝
«Անլոյս գիշերներ», Պատմուածքներ, Պէյրութ, 1964,
«Կեանքի կարօտով», Պատմուածքներ, Պէյրութ, 1959,
«Ողջակէզ», Վիպակ, Պէյրութ, 1978,
« … Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ», Վիպակ, Պէյրութ, 1985,
«Հող եւ մորմոք», Ժողովածու, Երեւան, 2001,
«Ազ զապիհա» («Ողջակէզ», Արաբ. թարգմ. Նիզար Խալիլի), Պէյրութ, 2004,
«Ժամանակայոյզ խոհեր», Յօդուածներու ժողովածու, Պէյրութ, 2005,
«Բանաստեղծութիւնը տագնապի ընդմէջէն», Խոհեր եւ անդրադարձումներ, Պէյրութ, 2009,
«Ձայներ լռութեան մէջ», Յօդուածներու Բ. ժողովածու, Պէյրութ, 2014,
«Գրական Հանդիպումներ», Գրադատական էջեր, Պէյրութ, 2014»:
Սակայն, վերի առաքումէն երեք տարիներ առաջ, «Պէյրութ, 25 Յունուար 2016»-ին, հաւանաբար մեր բազմահարիւր հեռաձայնային խօսակցութիւններէն մէկու մը իբրեւ արդիւնք, ստացած էի, բայց երկուքէս մոռցուած «Բարեւագիր» վերտառութեան տակ այս նամակը. «Գերապատիւ Հայր Սուրբ, Կը ներէք անհամեստութեանս, ստորեւ կը թուեմ հրատարակուած երկերուս ցուցակը, ըստ իմ կատարած բաժանումներուս:
Գեղարուեստական արձակ
ա.- Պատմուածքներ
«Անլոյս գիշերներ» եւ «Կեանքի Կարօտով»:
բ.- Վիպակներ
«Ողջակէզ» եւ « … Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ»:
գ.- Հող եւ մորմոք
Ժողովածու մը, որ կ’ընդգրկէ վերոյիշեալ երկու վիպակները, առաւել Գ. համանուն բաժինը:
Գրական վերարժեւորումներ
ա.- «Բանաստեղծութիւնը տագնապի ընդմէջէն»:
բ.- «Գրական հանդիպումներ»:
Հրապարակագրական էջեր
ա.- «Ժամանակայոյզ խոհեր»:
բ.- «Ձայներ լռութեան մէջ»:
Շնորհակալ զգացումներով՝ Արամ Սեփեթճեան»:
Հոս յիշուած երկերուն վրայ դեռ աւելցնելու ենք յօդուածները՝ հրատարակուած սփիւռքեան ու հայրենի թերթերուն եւ հանդէսներուն մէջ, ինչպէս ալ անտիպ գրութիւնները՝ պահուած դարակներուն մէջ: Չմոռնանք բանախօսութիւնները, խմբագրականներն ու թղթակցութիւնները: Ասոնք կրնան կազմել քանի մը հատոր:
Այս անգամ ու բացառապէս վիրաւիրելով նուիրական գաղտնապահութիւնը՝ բացայայտելու եմ, թէ, «ՍԻՓԱՆ Հրատարակչատուն»-ին իբր հիմնադիր-տնօրէնը, «հալածուած» հնարաւորին չափով կատարեալ գիրքեր լոյսընծայելու իր վարակիչ բծախնդրութենէն եւ առինքնող զգօնութենէն՝ «Պրն. Արամ» ժամեր, օրեր, շաբաթներ, եւ, երբեմն ամիսներ տրամադրեց սրբագրելու հեղինակներու կողմէ հրատարակութեան համար յանձնուած գործերը: Օրինակ՝ այսպիսի յոգնատանջ ու ժամանակասպառ աշխատանք մը եղաւ «Վահէ-Վահեան, Բանաստեղծին սիրտը, Նամակներ»-ուն վերտառեալ ստուար հատորը (768 էջ, Պէյրութ, 2012), որ, ինչպէս տրուպս գիտեմ, թէ որքա՜ն ժամեր եւ ի՜նչ ջիղ ու համբերութիւն արժեց հայ տառին անմնացորդ Մշակին՝ «Պրն. Արամ»-ին:
Ասիկա ալ արձանագրեմ, թէ ուրիշին օգտակար ըլլալու ծիրէն ներս, եւ ասով՝ մեր մշակոյթին նպաստ բերելու գերազանց գաղափարապաշտի մը նուիրական ինքնագործօն պարտականութեան շրջագիծէն մէջ՝ «Պրն. Արամ» հանդիսացաւ անշահախնդիր ու հաւատարիմ քաջալերը, յորդորը, ուղեցոյցը եւ խորհրդատուն ամէն տարիքի հայորդիներու, իրեն անձնապէս ծանօթ եւ անծանօթ, որոնք կը ջանան պտղաբերել մեր դպրութեան այս կամ այն բնագաւառին մէջ:
Տամ օրինակ մը, որ կրնայ թարգմանն ըլլալ բազմաթիւ անյայտներուն: Լիանա Գալստեան (Liana Galstyan, FB), տրուպիս անծանօթ հայուհի մը Երեւանէն, 20 Մարտ 2019-ին, գրած է.«Երջանիկ ու հպարտ եմ, որ Դուք կաք: Թող մեր ընկերութիւնը յարատեւ լինի»: Կամ՝ «Ուրախ եմ, որ Դուք կաք, սիրելի պարոն Սեփեթճեան» (22 Մարտ 2018): Նոյն տիկինը, հաւանաբար երէկ, գրեց այս ամենասաց տողերը.«Քառասուն օր է ինչ հրաժեշտ էք տուել երկրային կեանքին: Ամէն օր կարօտում եմ Ձեր խորհուրդներին, մեր անաւարտ թուացող գրական ու հայրենասիրական թեմաներով համեմուած զրոյցներին, էլ չեմ լսում Ձեր աղօթքները, որ ճիշդ այս ժամին (19h) էիք կարդում: Անժամանակ, լուռ ու անակնկալ հեռացաք առանց հրաժեշտի խօսքի: Աստուած լոյսի ու խաղաղութեան մէջ պահի կեանքով այնքան լեցուն իմ սիրելի հոգեհօր հոգին»:
Այո՛, «անժամանակ, լուռ ու անակնկալ հեռացաւ առանց հրաժեշտի խօսքի» իմ մեծ Բարեկամս՝ «Պրն. Արամ», որ վերջին անգամ այցելեց ինծի Այնճար, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19-ին, ժամը 10.30-12, օրինակելի ճշդապահութեամբ: Ինչպէս միշտ, սրտբացօրէն եւ սրտցաւօրէն խօսեցանք ազգային, գրական, լիբանանեան ու կուսակցական հարցերու մասին: Ինչպէս միշտ, շնորհակալու եւ ժպտերես՝ բաժնուեցաւ ինծմէ, անշուշտ, վառ խոստումով յաջորդ այցելութեան կամ հանդիպումին…:
Այո՛, վերատեսութիւնը պիտի դիպի, այլեւս բայց ո՛չ աստենականին, այլ՝ անդենականին մէջ, որուն Տիրոջ, ամէն օր, արշալոյսին, ինչպէս նաեւ երբ վաղ առաւօտին հեռաձայնէր ինծի, կը դիմէր Ս. Ներսէս Շնորհալիին հայատրոփ սրտէն բղխած այս վեցեակով.
«Առաւօտ լուսոյ,
Արեգակն արդար.
Առ իս լոյս ծագեա՛:
Բղխումն ի Հօրէ,
Բղխեա՛ ի հոգւոյս
Բան Քեզ ի հաճոյս»:
Գիրս ակամայ կ’աւարտեմ այն պարբերութիւններով, որոնցմով «Պէյրութ, 21 Փետրուար 2006»-ին վերջացուցի մատենախօսական ելոյթս
«Ժամանակայոյզ խոհեր» նորատիպին ի պատիւ կազմակերպուած շնորհահանդէսին ընթացքին, անշուշտ, քանի մը փոփոխութիւններ կատարելով իմ մեծ Բարեկամիս յաւերժերթին առիթով:
«Ըստ իս, Ա. Սեփեթճեանի թաքուն բայց գործօն հեղինակութիւնը, եթէ կ’ուզէք, գրաւչութիւնը կը կայանայ իր ՀԱՄԱ-մարդկային, ՀԱՄԱ-ազգային, ՀԱՄԱ-սփիւռքեան, ՀԱՄԱ-խոհական ու ՀԱՄԱ-միասնական, եւ ինչու չէ, ՀԱՄԱ-քրիստոնէական ըլլալուն մէջ։
Այս ուղիղ եզրայանգումիս խօսուն եւ համոզիչ փաստերը կը հայթայթեն մեզի «Ժամանակայոյզ խոհեր»-ը, որոնց ընտրանի հաւաքածոյին մէջ իրենց հեղինակը նորապէս ալ կը հանդիսանայ յարակոչը ՀԱՄԱ-մարդկային սկզբունքներուն, ՀԱՄԱ-ազգային արժէքներուն, ՀԱՄԱ-սփիւռքեան հզօրացումին, ՀԱՄԱ-խոհական գործելակերպին, ՀԱՄԱ-միասնական նպատականկրտումին ու ՀԱՄԱ-քրիստոնէական նուիրականութիւններուն»։
Քսանվեց տարիէ մօտէն կը ճանչնամ «Պրն. Արամ»-ը, կը կարդամ գրիչը եւ կը բանակցիմ զանազան նիւթերու շուրջ։ Ասիկա ալ ըսեմ, որ ընդհանրապէս համակարծիք ենք իրարու այս կամ այն հարցին մասին, բայց ո՛չ միշտ։ Եւ սակայն, իմ եզրափակիչ վկայութիւնս կը բխի անոր անձին, գիրին ու խօսքին լաւագոյն ճանաչումէն։
«Պրն. Արամ», հասարակական գործիչը, յա՜ր իր ժամանակին մարդն էր։ Պիտի ուզէի ըսել, իր օրուան եւ իր պահուն մարդը, որ թէ՛ կը տառապէր ու կը խնդակցէր իր Մարդ-ընկերոջ, իր Ցեղակիցին, իր Ազգին, իր Սփիւռքին եւ իր Հայրենիքին հետ։
«Պրն. Արամ», գաղափարագիր գործիչը, մի՛շտ իր ժամանակին մարդն էր, իր օրուան եւ իր պահուն մարդը, որ թէ՛ կը տուայտէր ու կը հրճուէր իր Մարդ-ընկերոջ, իր Ցեղակիցին, իր Ազգին, իր Սփիւռքին եւ իր Հայրենիքին համար։
Այս «հետ» եւ «համար» յետադաս նախադրութիւնները զարդանիշերն էին Ա. Սեփեթճեանի գրական գործին, հասարակական կեանքին ու գաղափարական խօսքին։
Իր Մարդ-ընկերոջ, իր Ցեղակիցին, իր Ազգին, իր Սփիւռքին եւ իր Հայրենիքին հետ ու համար՝ Ա. Սեփեթճեանի թէ՛ ապրած տառապանքին եւ թէ՛ ունեցած բերկրանքին արգաւանդ բերքը կը ներկայացնեն անոր գործերը։
— Յարգա՛նք «Պրն. Արամ»-ի ազգանպաստ կեանքին։
— Պատի՛ւ «Պրն. Արամ»-ի հայրենապաշտ փարումին։
— Խո՛ւնկ եւ աղօ՛թք «Պրն. Արամ»-ի անթառամ յիշատակին:
Այնճար, 6 Նոյեմբեր 2020