Գէորգ Ախվերդեան (5 Յունիս 1818, Թիֆլիս, Վրացական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն — 17 Նոյեմբեր 1861, Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն), հայ բժիշկ։
Ծնած է Տփխիս (Թիֆլիս), 1830 թուականին կը ղրկուի Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանը, ուր 1834 թուականին ուսումը աւարտելով կը մտնէ տեղւոյն համալսարանի բժշկական կաճառը (ակադեմիան)։ Համալսարանին մէջ նիւթական նեղութիւններ կրելով 1839 թուականին կ’աւարտէ եւ Տփխիս կը վերադառնայ, ուր զինուորական բժիշկի պաշտօն կը ստանայ։ Զինուորական նախարար Չերնիշեւը, որ շատ լաւ կը ճանչնար Գէորգ Ախվերդեանին, 1842 թուականին անոր իր քով կը հրաւիրէ անձնական բժիշկի պաշտօնով. սակայն Գէորգ Ախվերդեան մտադրած էր գործել իր հայրենի Տփխիս (Թիֆլիս) քաղաքին մէջ։
1846-ին ան կը վերադառնայ Տփխիս եւ իր հետ կը բերէ հայերէն գիրքերու հարուստ ժողովածու մը, որ պատահմամբ ձեռք բերած էր Մոսկուայի մէջ։ Տփխիսի մէջ ան կը հետեւի իր տոհմական գրականութեան պատմութեան, կը զբաղի ձեռնագիրներով, որուն մէկ հարուստ ժողովածուն կը գտնուէր Հ. եւ Ա. Էֆէնջեաններու մատենադարանին մէջ։ Ան առանձնապէս իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ հայոց ժողովրդական բանահիւսութեան վրայ եւ 1852-ին կը հրատարակէ Մոսկուայի մէջ Սայեաթ-Նովայի նշանաւոր երգիչի բանաստեղծութիւներու ժողովածուն։ Կը մահանայ Տփխիսի մէջ ծանր հիւանդութենէ ետք 17 Նոյեմբեր 1861-ին։