Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Մշակութային Արձագանգ. Իրանի Մէջ Ատրպատականի Մեր Վանքերը, Նոր Օրերու Լոյսին Տակ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

            Ատրպատականի հայոց թեմի մեր վանքերը, որոնք կը գտնուին Իրանի Իսլամա­կան Հանրապետութեան սահման­ներուն մէջ, բացի իրենց հնարժէք պատմականութենէն, ներ­կայ կանոնաւորութեամբ ու յարատեւ վերանորոգութիւն­նե­րու ենթակայ ըլլալու բա­ցառիկ հոգածութեամբ, համայն աշխարհի հնավայրերուն շարքին իւրայատուկ օրի­նակ­ներ իբրեւ կը ներկայանան քաղաքակիրթ մարդկութեան դիմաց:

            Տագնապահար աշխարհին մէջ, «ուժը զօրաւորին կը պատկանի» ըմբռնման առ­թած յարձակողապաշտութեան ու վախի ազդեցութեան տակ ճնշուած, եւ պատե­րազ­մական ծանր իրավիճակներու մէջ յայտնուած ազգերուն համար, ան­­­հաս­կնալի կը մնայ վերոյիշեալ գուրգուրանքը քրիստո­նէ­­ա­կան ու յատկապէս հայկական սրբա­վայ­րերու նկատ­մամբ: Իրա­նի մէջ՝ Իսլամական տիրապետող ներկայութեան շրջագիծէն ներս քրիս­տոնէական սրբավայրերուն անեղծ պահպանման ու բար­գա­ւաճման իրողութիւնը նախ կը բացատրուի այն բարձր գիտակցութեամբ, որ ունի Իս­լամական Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը միաստուածեան կրօններու համակեցութեան գծով:

          Երկրորդ, հինգհազարամեայ քաղաքակրթութեամբ ու բարձր մշակոյթով ծանօ­թ Իրանը, հինէն ի վեր իր գիտուններով եւ ղեկավար բոլոր ժամանակներու տարրերով բարձր գնահատած է մշակոյթը՝ իր բոլոր արտայայտութիւններով: Իրանի մէջ իւրա­քան­չիւր քայ­լափոխի, մեր ոտքերուն տակ կրնայ տրորուիլ մարդկային քաղա­քա­կր­թու­թեան մէկ թան­­կարժէք մասնիկը՝ կաւէ պատրաստուած ձիթաճրագի փոքրիկ պա­տա­ռիկ մը, քանդակո­ւած սիւնի մը խոյակը, հին զօրավարներէն մէկուն կամ միւսին պատկանած նետը, աղեղը կամ կա­պարճը, որոնցմէ շատերը երկրաշարժերու եւ ժա­մանակի փոշիին պատճառով անհետա­ցեր են ու հողի տակ թաղուեր:

            Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համապատասխան հիմնարկութիւննե­րուն կողմէ ցուցաբերուող հոգածութիւնը հայոց քրիստոնէական սրբավայրերուն նկատ­մամբ, սոսկ կրօնական հանդուրժողականութենէն շա՜տ աւելի՝ ակնաբիբի խնամ­քին մօտեցող գուրգուրանքի երեւոյթի վերածուեր է: Սոյն երե­ւոյթը այնքան բիւրե­ղա­ցեր է, որը զարմանքի տեղիք կու տայ յաճախ, հաւասա­րապէս գիտակից եւ թերահաւատ այցե­լու­նե­րուն, որոնք չեն քաշուիր նաեւ հարցադ­րում­ներով արտա­յայտելու իրենց հիաց­մունքը այս առնչու­թ­եամբ:

            Աշխարհի շարք մը երկիրներուն մէջ, ներառեալ քա­ղա­քակիրթ համարուող Եւրոպայի որոշ քաղաքները, իրենց հաւատացեալներէն զրկուած «Կոթիք ոճ»-ի հրա­շագեղ տա­­­ճարներուն վաճառքն ու որոշ երկիրներու նիւ­թական ծա­ծուկ հովանաւորութեամբ սրճարաններու, գինետուներու եւ ճաշարաններու փոխակերպումը, 21-րդ դարու յառա­ջա­դէմ ու կրթութեան եւ լուսաւորութեան պայմաններուն մէջ, միշտ պարսաւելի պիտի մնայ թէ՛ կրօ­նա­սէր բազմութիւններու եւ թէ՛ նոյնինքն կրօններուն կողմէ: Դար մը՝ որուն համար կան­խա­գու­շակւել  էր, որ սոյն դարը «կա՛մ կրօնական դար պի­տի ըլլայ, եւ կա՛մ՝ երբեք պիտի չըլլայ»:

Ճաշարանի վերածուած տաճար

         Վերոյիշեալ տաճարներուն բացայայտ ու անկաշ­կանդ օգտագործումը իրենց պաշտամունքային բնոյթի ան­յարիր նպատակներու, դժբախտաբար տեղի կ՛ունե­նան միջազ­գային մշակութա­պահ­պան կազմակերպու­թիւններու կարեվէր սրտի գերզզգայուն բաբախ­ման ու կա­րեկցանքի ցաւոտ հայեացքին ներքեւ: Համաշխար­հա­յին կազմակերպու­թ­իւն­ներ՝ որոնք հազիւ կը յաջո­ղին սոյն տաճարներուն արտաքին ու ներքին պա­տե­­րուն ան­ձեռնմխելիութիւնը ապա­հովել նոր «տանտէր»-ներէն: Ճիգ՝ որ դար­ձեալ չար­դարանար կրօնական դի­տան­կիւնէն: «Աստուծոյ Տուն»-ը ըլլալու վեհութ­եան եւ միայն պաշ­տամունքային վայր իբրեւ օգտագոր­ծե­լիու­թ­եան երկիւղալից պայմանին աններելի սրբապղ­ծ­ման խայ­­­­տառակ ու ատելավառ բեմադրութիւնն է այս, ա­նար­գական դիտաւորեա՛լ որակաւո­րու­մով ու քա­ղա­քական մասնաւոր նպա­տակաուղղուա­ծու­թեամբ:

Տաճարի ատեանին մէջ՝ ճաշի մատուցում

Անհամեմատելի է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գուրգուրոտ վե­րաբերումը վե­րը մէջբերուած քրիստոնէական կրօնի վարկաբեկման բացայայտ օրի­նակին եւ անոր նման բազմաթիւ այլ պարագաներու հետ: Ատրպատականի մեր թեմի սահմաններուն մէջ գտնուող երեք վանքերը՝ Ս. Թադէոս առաքեալի անուամբ կնքուած մեր հաւատքի «մկր­տարան»-ը, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի գոհարատեսիլ վանքը, Ծոր­ծորի իմացական մեծ դպրանոցի հռչակ շահած վանքի «ափ մը» եկեղեցին, իրենց անմիջական շրջա­պատին մէջ հայ բնակչութիւն չունենալով հանդերձ, Մշակութային ժա­ռանգութիւններու պետական հիմնարկութիւնը զանոնք կը համարէ երկրի մշակու­թային հազուագիւտ գանձերէն: Հարս­տութիւն­ներ, որոնց իւրաքանչիւր քարով ու պա­տով, խո­րանով ու քանդակով հպարտ է Իրա­նը, որպէս քաղաքակիրթ ու դարեր շա­րունակ մշակութային խոր ար­մատներ ունեցող երկիր: Մեր վանքերու խորաններուն յարդա­րանքէն սկսեալ մինչեւ դուռն ու պատուհանը, ինչպէս նաեւ յատակն ու երդիքը իրենց կանոնաւոր ու մնայուն վերանորոգութեան ենթակայ բարեկարգ վիճա­կով, յարգանք կը պարտադրեն այս երկրի ղեկա­վարութեան ու անոնց հրահանգով բծախնդիր հոգածութ­իւն ցուցաբե­րող համա­պա­տասխան կազմակեր­պութիւններուն նկատ­մամբ:

        Քաղաքակիրթ երկիրներու լո՜ւռ ու աննկատ բացակայութեան եւ պա­պանձուած լեզուով փակ շրթներուն առ­ջեւ, աշ­խար­հի մէջ իր բարձր մշա­կոյ­թով միշտ հպարտ մեր ազգի կրօ­նա­կան սրբավայրերը՝ եկեղեցի ու մա­տուռ, առաջնորդարան ու մշա­­կոյ­­թի տուն պա­տե­րազ­մական դառնութեան  բովէն  անցան,  Արցախի ռազ­­մա­կան գօտիներուն մէջ գտնուե­լով: Ինչ­պէս ժո­ղո­վրդական բնակութեան


Ս. Թադէոս Առաքեալի վանքը
սրբապծուած,
Մատրան խաչը վար կը բերուի   

Շուշիի եկեղեցին

                                                                                    

շէնքերը  եւ  այլ  կառոյցները, վերոյիշեալներն եւս վնաս­­ներ կրեցին հրետանակոծութեան թիրախային հարուածն­երով: Կոյր ռումբեր միշտ կ՛իյնան պա­տերազմական դրու­թ­եան մէջ յայտնուած քաղաքներուն վրայ, վնասե­լով խաղաղ բնակչութեան եւ անոնց կեն­ցա­ղա­յին ենթակա­ռոյցներուն: Անհան­դուր­­ժելին սակայն, կրօ­նա­կան սրբավայրերու նկատմամբ այ­լա­­մեր­­­ժութեան շեշտուած դրսե­ւո­րումն է, որուն ականատես եղաւ կոյր ու խուլ աշխարհը համայն, հակառակ ներկայ դարու ակն­թարթա­յին  հաղորդակցութեան արագասոյր պայմաններուն:


Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը                   

Ի­րանի Իսլամական Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ ապրող բոլոր ազ­գու­թիւն­ներուն համար բարձր չափաւորութեան ու փոխա­դարձ յարգանքի գերագոյն օրի­նակ Այաթ. Խա­մենէյին, փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած վստահութեան երաշ­խիքն է տարբեր կրօններու եւ մշա­կոյթ­ներու միջեւ: Աշխարհի խա­ղաղու­թեան օրա­կար­գի առաջին կէտն է այս, որ Իրանի մէջ կեանքի կոչուած է Իս­լամա­կան Յեղափոխութեան առաջին օրէն: Մեր տաճարներուն գմբէթներուն թառած խաչն ու մզկիթներու մինա­րէթ­ներուն վե­րը գտնուող մահիկները զի­րար երբ տեսնեն՝ հանդուրժողութ­իւն կը քա­րո­զեն միմեանց, նոյնը ու­սու­ցանելով նաեւ իրենց հաւատացեալներուն:

          





Ծործորի վանքի Սբ. Աստուածածին մատուռը

Յատկապէս կրօնական սրբա­վայ­րերուն «Աստուծոյ Տուն»-ը ըլլալու գա­ղա­փարը, համակրօնական յարգանքի պարտադիր հասկացութիւն է, սակայն կրթուած անձերուն միայն հասկնալի: Գի­տակից վերաբերում՝ որ նոյնիսկ ռազ­մա­կան անորոշ ու ան­հակակշռելի ի­րա­վիճակներու ընթացքին կրնանք տես­նել, եթէ անիկա ներառնուած ըլլայ սե­փա­կան կրօ­նի սիրոյ կանոններուն մէջ: Առաւել եւս, սոյն մօտեցումը գիտակից վերաբեր­ում կը պահանջէ, որուն հիմքը ման­կական դաս­տիարակութեամբ կը դրուի եւ կեանքի  ինք­նադաստ­իարակութեան դպրոցին մէջ կը շարունակուի:

Նոր օրերու դժբախտութիւններն ու արիւնահեղութիւնները բոլոր կրօն­ներուն ցաւ կը պատճառեն, երբ իրենց գար­նան  նոր   բացուած    մատաղատի           կեան­քեր դեռ ամառը չտեսած, ցուրտ կը գրկեն սեւ հողէ կարուած վերմակին փաթթուե­լով:

Ֆիզիքական մարմնէն հո­սող բո­սոր արիւնէն տար­բեր, հոգեւոր մարմ­ինէն այլ իմն արիւ­նահոսութիւն սկսաւ, հայկական կրօ­նա­կան սրբավայրերուն նկատմամբ ա­նարգալից վերաբերման պատճա­ռով: Թէ՛ հո­գեւո­րականներ եւ թէ՛ պարզ հաւա­տաց­եալներ արցունքով հետեւեցան այն սրբազան յար­կերուն քանդման սրբապիղծ ներկա­յա­ցումներում, որոնք բոլոր կրօններուն հայեցո­ղու­թեամբ, Ամենակալի դէմ գործուած մեղքերու սեւագիր ցուցակին մաս կը կազմեն: Անթոյլատրելի ա­րարք­ներուն հեղի­նակները միշտ անպատասխանատու մարդիկ կ՛ըլլան, որոնց զլաց­ուած գլխաւոր ար­ժանիքը, սեփա­կան անձին հանդէպ յարգանքի պակասն է:

Նոր օրերու լոյսին տակ վերստին կը նայինք Ատրպատականի հայոց մեր թեմի վանքերուն ու գոհունակութեամբ կը հաստատենք, որ աւելածուներէն սկսեալ մինչեւ պա­հապաններն ու պար­­տիզպանները, քար­տաշներէն ու որմնադիրներէն սկսեալ մին­չեւ գծագրող ու ծրագ­րող ճարտարապետներն ու շինարարները, մինչեւ անոնց անմի­ջական հսկիչ­ներն ու վերահսկիչները, եւ նոյնիսկ պետա­կան բարձրաս­տիճան պա­տաս­խանատու­ները, կրօնական սրբավայրի յատուկ երկիւղածութեամբ կը մօտենան մեր վանքերուն:

Ուրիշին պաշտած կրօնին հանդէպ յարգանքդ, առաւել եւս կը բարձ­րացնէ քու պաշ­տած կրօնիդ արժէքը, որով միաստուածեան բոլոր կրօններուն Աստուածը յաւէտ փա­ռաւորւում է երկրի վրայ եւ երկինքին մէջ:

17  Նոյեմբեր, 2020

Ազգային առաջնորդարան, Թաւրիզ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img