Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Տեսակէտ. Յուզախառն Մտորումներ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԱՐԵԳ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

1920 թ.:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը հազիւ երկու տարեկան, թշուառ անտէր` կը դիմագրաւէր թուրք ոսոխին, յանուն իր պետականութեան փրկութեան:

Աշխարհ դարձեալ ականատես կ’ըլլար եւ ոչինչ կ’ընէր, ինչպէս որ նոյնը կը պատահէր նախորդ տարիներուն երբ ահաւոր բան մը այնտեղ կը պատահէր մութին մէջ:

2020 թ.:

Արցախի Ա. Հանրապետութիւնը մօտ երեսուն տարեկան, ոչ թշուառ, բայց եւ այնպէս անտէր, կը դիմագրաւէր թուրք ոսոխին, յանուն իր գոյութեան փրկութեան:

Աշխարհ դարձեալ ականատես կ’ըլլար եւ ոչինչ կ’ընէր, ինչպէս որ նոյնը կը պատահէր հարիւր տարիներ առաջ երբ ահաւոր բան մը այնտեղ կը պատահէր մութին մէջ:

Հարիւր տարուայ ընթացքին աշխարհը հեռահաղորդակցութեան մէջ մեծ յառաջացումներ արձանագրեց շնորհիւ համացանցերու գիտութեան: Այլեւս կարելի չէ ահաւոր բան կատարել մութին մէջ: Ամէն օր Հայաստանեան լրատուական գործակալութիւնները ուղիղ եթերով ամբողջ աշխարհին կը փորձէին ներկայացնել թէ ահաւոր բան մը այնտեղ կը պատահի լոյս աչքով:

Ափսոս ոչ մէկը հետաքրքրուած էր որեւէ գործնական քայլ առնելէ:

Սակայն կոչերու պակաս չկար, որ կողմերը վերադառնան բանակցութիւններու սեղանը: Ուրիշ ոչինչ:

Սուրիական վարձկանները Թուրքիայէն Վրաստանի վրայով կը հասնէին Ատրպէյճան, եւ փոխան նիւթական վարձատրութեան, կ’անցնէին Արցախ մահ ու սարսափ պատճառելու:

Աշխարհ ականատես ըլլալով հանդերձ՝ լուռ կը դիտէր, չտեսնել ձեւացնելով:

Թուրք սպաները՝ Ատրպէյճանի մէջ արդէն հաստատուած մօտ 3-4 ամիսներ առաջ,  ամէն կերպ աջակցութիւն կը ցուցաբերէին իրենց արենակից եղբայրներուն:

Աշխարհ ականատես ըլլալով հանդերձ՝ լուռ կը դիտէր, չտեսնել ձեւացնելով:

Ատրպէյճան՝ թրքական եւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքաւորումներով, կը ռմբակոծէր Արցախի եկեղեցիները, հիւանդանոցները, դպրոցները, խաղաղ բնակավայրերը որոնք որեւէ ռազմական նշանակութիւն չունէին:

Աշխարհ ականատես ըլլալով հանդերձ՝ լուռ կը դիտէր, չտեսնել ձեւացնելով:

Արցախի հերոս մարտիկները՝ 18-20 տարեկան նորահաս պատանիներ, իրենց տրամադրութեան տակ ունենալով 20րդ դարու զէնքեր, անհաւասար պայքար կը մղէին 21րդ դարու արդիական զէնքերով օժտուած ոսոխի մը դէմ, որուն երազն է որ մի օր Հայկական որեւէ պետականութիւն միանգամընդմիշտ անյայտ վերանայ իր սահմաններէն:

Աշխարհ ականատես ըլլալով հանդերձ՝ լուռ կը դիտէր, չտեսնել ձեւացնելով:

Ի՞նչ պատահեցաւ յանկարծ, երբ ամէն բան փուլ եկաւ:

Պարզապէս նոր գլուխ մըն էր որ գրուէր մեր Հայոց Պատմութեան հազարամեայ էջերուն: Անհաւասար ճակատագրական ճակատամարտեր եւ անկախ արձանագրուած արդիւնքէն, բանակցութիւններու սեղանի շուրջ գալով նահանջ կատարել:

Պահ մը երթանք 1994 թ. երբ Արցախ, արիւնալի պատերազմէ ետք կարողացաւ ազատագրել Լեռնային Ղարաբաղի հողերը ներառեալ շրջակայ տարածութիւններ:  

Հայոց արդի պատմութեան մէջ թերեւս այն հազուագիւտ իրադարձութիւններէն է, երբ հայ ժողովուրդը թուրք բռնակալ ցեղէն հայկական հողեր կ’ազատագրէր եւ Արցախի անկախ հանրապետութիւնը կը հռչակէր:

Յարմար առիթը կը ներկայանար բոլոր հայութեան, որ պարտուած Ատրպէյճանի հետ նստիլ կլոր սեղանի շուրջ եւ Արցախի համար միանգամընդմիշտ կայուն կարգավիճակ մը ստեղծել:

Այս գաղափարը Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան Ա. նախագահին՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի արժեց իր աթոռը: Ան ստիպուեցաւ հրաժարիլ եւ նախագահական աթոռին վրայ բազմեցաւ Արցախի նախկին նախագահ՝ Ռոպէրթ Քոչարեանը, որուն Տէր Պետրոսեան վստահած էր Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը:

Տասը տարիներ անցան եւ ոչ մէկ յառաջացում Արցախի կարգավիճակի մասին: Այս տարիներուն կարծէք մեր միակ թշնամին Ատրպէյճանն էր: Իսկ Թուրքիոյ նկատմամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ գրաւեալ հողերու հիմնահարցերը կը վերաբերէին միայն ու միայն արեւմտահայ զանգուածին ի սփիւռս աշխարհի:

Քոչարեան նախագահական աթոռը յանձնեց դարձեալ Արցախցի գործընկերոջ՝ այս անգամ Սերժ Սարգսեանին, որ անկարող որեւէ գործնական լուծումի հասնելու, Արցախի հարցը դարձեալ կը ձգձգուէր ու կը ձգձգուէր:

Սարգսեան նոյնպէս կը փորձէր մէկ կողմէն սիրաբանութիւններ կատարել Թուրքիոյ հետ իր ֆութպոլային դիւագիտական ձախող փորձերով, մինչ միւս կողմէ կոպիտ կեցուածք կը բռնէր Ատրպէյճանի հետ: Կարծէք Հայաստանի իշխանութիւնները միամտօրէն կը խորհէին թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան երկու տարբեր երկրներ ըլլային:

Թուրքիա կը փակէր եւ փակած կը պահէր իր սահմանները Հայաստանի հետ, իբրեւ զօրակցութիւն Ատրպէյճանի պահանջատիրութեան:

Քանի մը տարին մէյ մը սահմանային ռմբակոծումներ, սակայն մի քանի օր կամ շաբաթ ետք, Ռուսաստանի միջամտութեամբ հրադադար կը յայտարարուէր: Արցախի վերջնական  կարգավիճակը կը մնար անորոշ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբին հովանաւորութեան տակ: ՄԱԿը արդէն յայտարարած էր թէ պէտք է յարգուի Ատրպէյճանի հողային տարածքներու ամբողջականութիւնը:

Արցախի ժողովուրդը օգտուելով այս յարաբերաբար խաղաղ մթնոլորտէն, կրցաւ բաւական յառաջացում իրագործել եւ կարծէք որեւէ այլ երկրի նման, ինքնիշխան պետութիւն մը հիմնեց իր բոլոր ենթակայ կառոյցներով:

Կարծէք հարցը լուծուած ըլլար, Արցախի մէջ տեղի կ’ունենային ընտրութիւններ, մշակութային ձեռնարկներ, շինարարական աշխատանքներ: Միայն նորակառոյց օդակայանը կարելի չէր օգտագործել շնորհիւ Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն: Ոչի’նչ, ինքնաշարժերով կ’երթանք:

Հայաստան եւ Արցախ միաձուլուած էին եւ կեդրոնացած իրենց բարգաւաճման ճանապարհին:

Մինչ այդ, սակայն, աշխարհաքաղաքականութիւնը փոփոխութեան կ’ենթարկուէր…

Հին ոյժերը կը նահանջէին եւ նոր ոյժեր մէջտեղ կուգային:

Ռուսաստան երկար ատենէ ի վեր կը նահանջէր, հակառակ Փութինի բոլոր ճիգերուն, որ իր Ցարական Կայսրութեան եւ երբեմնի Խորհրդային գերպետութեան տիտղոսը վերագտնէ:

Միւս կողմէ մէջտեղ կու գար Թուրքիա որ վերջին տարիներուն ակռաները սրած, կը յաւակնի աշխարհի զանազան անկիւններուն, Եւրոպայէն սկսեալ, անցնելով Միջին Արեւելքէն եւ հասնելով Չինաստան իր ձայնը բարձրացնել եւ հրահանգներ տալ Օսմանեան Կայսրութեան երանելի օրերը վերադարձնելու նպատակով:

Այս նոր քաղաքականութիւնը արդէն կը գործէր երկար ատենէ ի վեր շնորհիւ Էրտողանի քարոզչութեան:

Փութին այս տեսնելով, կը փորձէր ամէն կերպ դիմագրաւել այն վտանգը, ուր Թուրքիա կը միտի կամաց կամաց տիրանալ Կովկասին եւ հասնիլ իր թուրք ցեղակիցներուն, Կասպից Ծովէն անդին:

Ռուսաստան արդէն մի քանի տեղ ինքզինք կը գտնէ դէմ յանդիման Թուրքիոյ, ըլլայ ան Սուրիոյ մէջ, Լիպիոյ մէջ եւ ինչպէս միշտ Կովկասի մէջ: Փութին լաւ կը հասկնայ, որ Թուրքիա ըլլալով ՆԱԹՕ-ի լիազօր անդամ, կարելի չէ դիւրութեամբ յաղթահարել: Ուրեմն, թերեւս աւելի մատչելի է համագործակցիլ, այն յոյսով որ կը կարենայ այդ վտանգը չէզոքացնել:

Եւրոպա, միւս կողմէ, ուրախ զուարթ կը շարունակէ իր անտարբերութիւնը, այնքան ատեն որ Թուրքիա Ռուսաստանի ամէն տեսակ գլխու ցաւ կրնայ պատճառել:

Էրտողան տեսաւ այս յարմար առիթը որ մուտք գործէ Ատրպէյճան եւ հասնի Ռուսիոյ սահմաններուն: Ի՜նչ ուրախութիւն ՆԱԹՕ-ի: Նոյնպէս ի՜նչ ուրախութիւն Ատրպէյճանի, որ երկար ատենէ ի վեր դադրած էր Ռուսաստանի կարեւորութիւն տալէ եւ արդէն Թուրքիոյ հետ ռազմական փորձեր կը կատարէր Ռուսաստանի քիթին տակ եւ Հայաստանի սահմաններուն մօտ :

Արցախի հակամարտութիւնը, հակառակ որ սառած էր մօտ երեսուն տարի, որեւէ արդիւնքի չէր հասներ, հակառակ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի դէմ պարտադրուած շրջափակումին:

Էրտողան այլեւս չէր կրնար այս կացութիւնը հանդուրժել: Պէտք էր եղբայրական Ատրպէյճանի հողերը վերադարձնել:

Ան անցաւ գործի եւ կրակը պայթեցաւ:

Փութին նեղ վիճակի մէջ էր: Կ’արժէ՞ր Արցախի համար ՆԱԹՕ-ի դէմ պատերազմի մէջ մտնել: Թերեւս, աւելի լաւ է որ ճնշում բանեցնել Հայաստանի վրայ, այն յոյսով որ ան ընկրկի եւ շուտով այն լուծումը որ առաջ քշուած էր 25 տարիներ առաջ, վերջնականապէս պարտադրուի:

Սակայն, մենք հայերս միշտ կռուած ենք անհաւասար ճակատամարտեր, եւ այլեւս ուշ էր որեւէ բանակցութիւններու: Պէտք էր դիմադրել, այն յոյսով որ դարձեալ Ռուսաստան կը միջամտէ եւ զինադադար կը յայտարարուի:

Սակայն այս անգամ Կովկասի մէջ ոյժերու հաւասարակշռութիւնը արդէն խախտած էր: Ռուսաստան չփորձեց անգամ որ Ատրպէյճանի անօդաչու թռչող սարքերուն եւ արբանեակներու միջեւ հաղորդակցութիւնը խանգարէ, գոնէ հայկական կողմի վնասները նուազեցնելու նպատակով: Ատիկա անգամ վտանգաւոր գաղափար մը կրնար ըլլալ:

Հայաստանի ԱԳՆ Զոհրապ Մնացականեան անցաւ գործի: Դարձաւ աշխարհի չորս կողմերը Արցախին օգնութեան հասնելու: Ի զուր…

Հայկական սփիւռքը, Ռուսաստանէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա, ի տես այս բոլորին ապշած մնացած էր:

Ատրպէյճան անցաւ առաջ, իր ետին ունենալով Թուրքիան որ ամէն կերպ ակտիւօրէն զօրավիգ կանգնեցաւ իրեն: Ան այլեւս գիտէր որու պէտք էր մտիկ ընէր: Միջազգային օրէնքով արգիլուած ռումբերը կը տեղային Արցախի ողջ տարածութեան վրայ առանց խտրականութեան:

Արցախ իրաւունք չ’ուներ իր ճակատագրին ինքնորոշման:

Անդին, երբ Սերպիա նոյնը փորձեց ընել Քոսովոյի, ամբողջ ՆԱԹՕ-ն վրայ հասաւ եւ Սերպերուն դասը տուաւ:

Սակայն երբ Ատրպէյճան հրէշային արշաւանքը գործադրեց վարձկաններու օգնութեամբ եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ՝ Թուրքիոյ հրամանատարութեամբ եւ զինամթերքով, ՆԱԹՕ-ն անհոգ եւ անտարբեր, միայն կոչ ըրաւ որ երրորդ կողմերը քաշուին ռազմադաշտէն… Արդեօք Ռուսաստա՞նն էր իրենց համար երրորդ կողմը:

Անշուշտ շատ դիւրին է այս պարագաներուն ամբողջ մեղադրանքը անձի մը վրայ կուտակել: Թերեւս Փաշինեանի կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը Փութինի դիրքորոշումը դիւրացուց: Արդարեւ, Արցախ օր մը պէտք է համոզուեր որ այդ հողերէն մաս մը պէտք է վերադարձնէր: Երեսուն տարի ետք, Հայաստանի բոլոր դրացիները տակաւին Ատրպէյճանի հողային տարածքներուն իրաւասութեան թէզը կը պաշտպանէին, նոյնը կ’ընէին ԵԱՀԿ Մինսկի անդամ երկիրները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿը:

Եւ ահա Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան դիւանագիտութիւնը դարձեալ կը ձախողէր, քանի որեւէ գործնական նախաձեռնութիւններ մէջտեղ չէր բերած երեսուն տարուայ ընթացքին:

Այս բոլորը չէր բաւեր: Պատերազմի աւարտին վերջին վայրկեաններուն, Էրտողան նոյնիսկ պատգամ մը ղրկեց Փութինի, թէ ո՞վ կը կրէ Արցախի հարցի լուծման բանալին: Նախիջեւանի տարածքէն, Ատրպէյճան «սխալմամբ» ռուսական ուղղաթիռ մը խոցեց Հայաստանի օդային տարածքէն ներս, սպաննելով երկու ռուս զինուոր: Հակառակ այս սադրանքին, մի քիչ յետոյ համացանցի վրայով Փութին եւ Ալիեւ հպարտօրէն տխրահռչակ փաստաթուղթը կը ստորագրէին:

Պահ մը վերանայինք այն բոլոր դաշնագիրները որոնք ստորագրուած են, Հայաստան իր պետականութիւնը հռչակելէ ի վեր:

Պաթումի դաշնագիր, 4 Յունիս 1918 – Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան միջեւ ուր ծնունդ առաւ Հայաստանի պետականութիւնը արդի պատմութեան մէջ:

ՍԵւրի դաշնագիր, 10 Օգոստոս 1920 — Ա. Համաշխարհային Պատերազմին յաղթական դաշնակից պետութիւնները կը ծրագրէին Օսմանեան Կայսրութեան բաժանումը: Ան մնաց թուղթի վրայ, սակայն բաւական էր որ գրգռէր Թուրքիոյ եւ յարձակէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վրայ:

Ալեքսանդրապոլի դաշնագիր, 3 Դեկտեմբեր 1920 — Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան միջեւ, չեղեալ համարելով Սեւրի դաշնագիրը: Սակայն մէկ օր առաջ, խորհրդային կարգեր հաստատուելով արդէն ծնունդ կ’առնէր Հայաստանի Բ. Հանրապետութիւնը:

Մոսկուայի համաձայնագիր, 16 Մարտ 1921 — Ռուսիոյ Խորհրդային Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին միջեւ առանց Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան ներկայութեան: Երեւանի մէջ ժամանակաւորապէս գլուխ անցած էր Ա. Հանրապետութեան ներկայացուցիչները, Փետրուարեան ապստամբութեան հետեւանքով։

Կարսի դաշնագիր, 13 Հոկտեմբեր 1921 — Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան միջեւ, որ հիմքը դրաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայ սահմաններուն։

Ընթերցողին առիթը կու տամ որ այս դաշնագիրները ուսումնասիրէ եւ հաստատէ թէ արդեօք ո՞ր պայմանագիրը հայերու օգտին եղած է: Այս վերջին փաստաթուղթը Արցախի վերաբերեալ, շարունակութիւնն է մեր հայ ժողովուրդի պատմութեան, շնորհիւ տհաս արտաքին քաղաքականութեան որ կ’առաջնորդէ մեր հայրենիքը սխալ դիրքորոշումներու:

Այստեղ պէտք է յիշել թէ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը չէ վաւերացուցած Կարսի դաշնագիրը, որուն յօդուածներուն համաձայն հաստատուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայ սահմանները, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի կարգավիճակը: Միւս կողմէ, Թուրքիա շրջափակումի ենթարկելով Հայաստանը, արդէն ոտնահար ըրած է այս խնդրայարոյց դաշնագիրը:

Ահաւասիկ ուրիշ հողային տարածքի հրատապ հարց մը, որ նոյնպէս ձգձգուած է Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան կողմէ, անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին:

Գալիք տարի այս դաշնագրին հարիւրամեակն է: Ես հաստատ չեմ կրնար ըսել թէ ո՞վ պիտի ըլլայ Հայաստանի ղեկավարը այն ատեն: Սակայն վստահ կրնամ հաստատել թէ ո՞վ պիտի մնայ իբրեւ Թուրքիոյ ղեկավար եւ Ռուսաստանի ղեկավար:

Արցախի կարգավիճակի հակամարտութեան վերջին դէպքերը յառաջիկայ տարի կրնան կրկնուիլ, այս անգամ Հայաստան-Թուրքիա սահմանագծին վերաբերեալ:

Այս անգամ ամբողջ հայ պետականութեան գոյատեւումը կրնայ խնդրոյ առարկայ դառնալ:

Այսօր, աւելի քան երբեք, հարկ է ի մտի ունենալ Եղիշէ Չարենցի պատգամը՝ Ով Հայ Ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ Է:

Յաղթելու ենք:

Սիտնի, Աւստրալիա

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img