Երեւանի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդը երէկ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին հանդէս եկած է իշխանութիւններուն եւ հասարակութեան ուղղուած կոչ-յայտարարութեամբ, ըստ որուն կը պահանջուի՝
. Վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը,
․ Ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութեան կազմաւորում` բաղկացած բացառապէս համապատասխան ոլորտներու մասնագէտներէ։
«Միեւնոյն ժամանակ կոչով կը դիմենք հանրութեան՝ համախմբուելու պետականութեան գաղափարին շուրջ՝ կտրականապէս մերժելով երկպառակութեան, անջրպետներու խորացման ցանկացած փորձ»,- նշուած է ԵՊՀ գիտական խորհուրդի տարածած յայտարարութեան մէջ։