Համացանցի վրայ մեծ տարածում գտաւ նկար մը, որուն մէջ պարտաճանաչ եւ նիւթապէս անկարող ուսուցիչ մը, իր տան մէջ համացանցի կապի չգոյութեան կամ դանդաղութեան, որպէս արդիւնք ստիպուած փողոց իջած է ու մայթի վրայ կը շարունակէ առցանց դասաւանդել իր աշակերտներուն, օգտուելով մօտակայ սրճարանի մը համացանցի կապէն, ուր երթալով անձամբ նստիլը իր նիւթական կարողութենէ վեր է այլեւս…:
Ահաւասիկ վառ օրինակ մը տնտեսական փլուզում ապրող երկրի մը մէջ քորոնաժահրի հետեւանքով առցանց դասաւանդման դժուարութիւններուն մէկ ցաւալի երեսակին: