Նոյեմբեր 22-ին հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի արցախեան պատերազմին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի արարողութիւն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ յիշատակի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, պիտի կատարուի Սուրբ Պատարագէն ետք՝ ժամը 13։30-ին, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մօտ։
Նշենք, որ յիշատակի արարողութեան համար կոչով հանդէս եկած էին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը: