Հակառակ խիստ միջոցառումներու, տակաւին դժուար կը թուի ըլլալ զսպելու քորոնաժահրի հսկայ նոր ալիքը, որ տակաւին բարձր թիւեր կ՛արձանագրէ սպառնալով, թէ առողջապահական համակարգին, եւ թէ տնտեսութեան:
Երէկ Լիբանանի տարածքին գրանցուեցան 1709 նոր վարակակիրներ եւ 16 մահուան պարագաներ: Այս առիթով, Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան պետական հիւանդանոցին տնօրէնը յայտնեց, որ ի տես մեծ թիւերուն եւ հակառակ նիւթական դժուարութիւններու, սկսած են հիւանդանոցը օժտել յաւելեալ սարքերով որպէսզի կարելի ըլլայ սպասարկել բոլոր այնտեղ հասած հիւանդները:
Այս բոլորը մինչ երկիրը ի գին տնտեսական ամէն զոհողութեան երկիրը կը մնայ փակ, այն յոյսով որ այս միջոցառումը պիտի օգնէ կեանքեր փրկելու: