Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Տեսանկիւն. Անկախութեան Տօն Ձեւական Անկախութեամբ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Լիբանան վաղը պիտի «տօնէ» իր անկախութեան 77-րդ տարեդարձը մինչ անկախութիւն հասկացողութենէն իրեն մնացած է գրեթէ ոչինչ:

«Ձախող պետութիւն» (failed state) մըն է ան այսօր նման հասկացողութեան ամէն տուեալներով: Անբարունակ կառավարման դրութիւն: Չունի կառավարութիւն: Մօտերս ալ ունենալու երես ալ չունի:  Երկիրը ամէն օր աւելի եւս կը կքի ընկերատնտեսական սուր տագնապի մէջ: Երկրին դրամանիշը կորսնցուցած է իր արժէքը, մինչ անոր համար գոյութիւն ունի երեք հսկայական տարբերութիւններով  սակագիներ՝ պետական, պանքային-շուկայական եւ սեւ շուկայի՝ որ գերակայ է անշուշտ: Ծայրայեղ աղքատութիւնը շատոնց անցած է անոր բնակչութեան 50 տոկոսին սահմանները: Անոր ծովային, օդային ու ցամաքային սահմանները ամէն օր կը բռնաբարուին: Չունի պատերազմի եւ խաղաղութեան ինքնուրոյն որոշում: Գոյութիւն ունի պետութեան մէջ պետութիւն, յանձին կուսակցութեան մը, որուն ռազմական եւ մարդուժի պայմանները կը գերազանցեն օրինական զինեալ ուժերու կարողութիւնները: Իբր թէ գերիշխան, սակայն Լիբանանի տարածքին կան վայրեր որոնց վրայ պետութիւնը չունի հասանելիութիւն եւ բնականաբար՝ ազդեցութիւն: Պետութիւն մը, որուն տարիներու ղեկավարները երբեմն իրար, շատ յաճախ ալ անկապ ուրիշներուն վրայ կը նետեն իրենց փտածութեան եւ անճարակութեան պատճառով փլուզումի հասած երկրին իրավիճակին պատասխանատուութիւնը: Լիբանան ունի ժողովուրդ՝  որ ամէն առիթով ընտրելով բազմիցս փորձուած այսպէս կոչուած ղեկավարներ միշտ ալ հաստատած են այն ասացուածքը, թէ «Ժողովուրդ մը կ՛արժէ իր իշխանութիւնը»…:

Բողոքներու ցոյցերով, քորոնա ժահրով, Պէյրութի պայթումով թագադրուած եւ ընդհանրապէս այս փնթի ընթացքով Լիբանան իր Անկախութեան 78-րդ տարեդարձը ինչպէ՞ս եւ մեզմէ տակաւին գոյատեւող՝ որոնցմո՞վ կրնայ դիմաւորել յաջորդ տարի՝ Աստուած միայն գիտէ: Մինչ այդ կ՛արժէ երնեկ տալ այսօրուայ մեր 4-րդ էջին վրայ տեղադրուած ԶԱՐԹՕՆՔ-ի արխիւային թիւի օրերուն երբ երկիրը՝ երկիր էր եւ երկրին անկախութեան տօնին առիթով խմբագրական մը գրելը հպարտառիթ եւ պատուաբեր իրողութիւն:

Կը մնայ ողջունել բոլոր այն պետական գլխագիր մարդիկը, որոնք 77 տարիներ առաջ մեծ հաւատքով ու զոհողութիւններով կերտեցին Լիբանանի անկախութիւնը եւ ոգեկոչել յիշատակը այն բազմաթիւ համաքաղաքացիներու հոգիները, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հաւատալով Լիբանանին:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img