«Տիրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի»
(Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.2)
Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Մարգարէական գիրքերը Աստուածաշունչին մէջ լեցուն են մարգարէական տեսիլքով, որոնք կրնան նոյնիսկ սահմռկեցուցիչ տրամադրութիւններ եւ մթնոլորտ ստեղծել։ Տակաւին ինչ խօսք Աստուածաշունչի Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքին մասին, որ կը բնութագրէ «աշխարհի վերջը», ինչպէս որ մեր պատանեկան տարիներուն վարժ էին սորվեցնելու մեզի։ Մարգարէական գիրքերը կը խօսին գալիք օրերու հաշւոյն եւ թէ ինչպէս կը բացատրուի Տիրոջ մեծ օրը՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, որ կրնայ մօտ ըլլալ։
Ինչպէ՞ս պիտի հասկնալ «մօտ է» թուարկումը։ Մօտի հասկացողութիւնը կրնայ յարաբերական ըլլալ՝ տեսութեամբ եւ բացատրութեամբ։ Այս իմաստով Սոֆոնիա մարգարէն, որ ապրած էր Յուդա թագաւորի օրերուն (640-609ՔԱ), ամենէն շատ ինք արձանագրած է, թէ «Տիրոջը մեծ օրը մօտ է» (Սոֆոնիա 1.7)։ Մարգարէական գիրքերուն մէջ եթէ կը խօսին Տիրոջ օրուան մասին, բայց նաեւ այն բոլոր իրադարձութիւններուն եւ իրավիճակներուն վրայով որ աշխարհ կ՚ապրի։ Այդ ապրուած իրականութիւններու նկարագրականներէն են. «նեղութեան եւ տառապանքի» եւ «կործանումի, աւերումի, խաւարի ու մէգի» օրեր (Սոֆոնիա 1.15)։ Արդեօք այս իրավիճակները պիտի դիտել միայն որպէս ապագայի տեսութիւններ թէ առնչել զանոնք ներկայի մեր ապրած օրերուն եւ կեանքերուն հետ։
Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցիներու իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Այն ժամերուն եւ ժամանակներուն համար, պէտք չէ բան մը գրել ձեզի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.1)։ Ժամը՝ յունարէն արմատին մէջ, կու գայ որպէս «chronos», որ կը բացատրուի որպէս ժամացոյցի ժամ։ Իսկ «ժամանակը», նոյն արմատին մէջ կու գայ որպէս «kairos», որ կը բացատրուի որպէս մասնաւոր կամ իւրայատուկ ժամանակաշրջան։ Պօղոս առաքեալ «Տիրոջը մեծ օրը մօտ է» հասկացողութիւնը կը նոյնացնէ եւ կը համեմատէ ժամի եւ ժամանակի հետ եւ մանաւանդ երբ կ՚ըսէ. «Պէտք չէ ձեզի բան մը գրել»։
Պօղոս առաքեալ ապա կը յստակացնէ ըսելով. «Տիրոջ օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.2)։ Գիշերը՝ ըստ Պօղոս առաքեալի եւ «մօտ»ը ըստ Սոֆոնիա մարգարէին, չունին ժամի եւ ժամանակի յստակ բնորոշում։ Այս կրնայ բացատրուիլ որպէս որեւէ ժամ եւ ժամանակ, առանց յստակ բնութագրումի։ Առաքեալը այս իմաստով կը քաջալերէ քրիստոնեան ապրելու համար «Տիրոջ օրը մօտ է» հասկացողութիւնը տեղադրելով զայն ներկային մէջ։ Ան կը բնութագրէ քրիստոնեան՝ որ անկախ բոլոր տիրող իրավիճակներուն եւ պայմաններուն, կ՚ապրի ներկան առանց երբեք խաւարի մէջ ըլլալու։ Այսինքն քրիստոնեան կ՚ապրի լոյսին մէջ, նոյնիսկ երբ ներկայի կեանքը դժուար է եւ մութ ու Տիրոջ գալը անյստակ եւ անժամանակ։ Պօղոս առաքեալ կը խօսի քրիստոնեային պարտականութեան գիտակցութիւնը ապրելու եւ գործելու երբ նեղութիւն, տագնապ, կործանում եւ աւերում կայ, իրավիճակներ որ դժբախտաբար ներկայ աշխարհը պակաս չէ այդ բոլորէն։ Պօղոս առաքեալ կը քաջալերէ քրիստոնեան եւ եկեղեցին որպէսզի չքնանան հապա արթուն եւ զգաստ ըլլան, որպէսզի փրկութիւն ստանան։
Մարգարէութիւններուն մէջ գրուածը՝ «Տիրոջը օրը մօտ է» եւ Պօղոս առաքեալի, «Տիրոջ օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի», կուգան արդիւնաւորուելու եւ նշանակութիւն ստանալու Նոր Կտակարանին «երեք ծառաներու առակին» մէջէն (Մատթէոս 25.14-30)։ Մարդ մը կը կանչէ իր երեք ծառաները օտար երկիր մը ճամբորդելէն առաջ։ Մարդուն ճամբորդութիւնը ունի յստակ ժամ եւ ժամանակ՝ յար եւ նման Քրիստոսի որ խաչուեցաւ, մահացաւ եւ յարեաւ մեռելներէն։ Հոս ժամը ու ժամանակը յստակ են։ Բայց այն ինչ որ յստակ չէ առակին մէջի մարդուն վերադարձն է, որ կը համեմատուի Քրիստոսի եւ անոր վերադարձի ժամուն ու ժամանակին հետ։ Մեկնելէն առաջ ան իր ծառաներէն մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ, երկրորդին երկու եւ երրորդին մէկ, «Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ» (Մատթէոս 25.15)։ Մարդուն փափաքն էր որ իր երեք ծառաները աշխատէին իրենց կարողութեան եւ տաղանդին համեմատ։ Մարդը վերադարձաւ առանց նախօրօք զգուշացումի։ Ան վարձատրեց ծառային, որ հինգ տաղանդին վրայ հինգ մըն ալ աւելցուցած էր, նոյնպէս երկրորդ ծառային, որ երկուքին վրայ աւելցուցած էր ուրիշ երկու ալ։ Ան սակայն նախատեց եւ պատժեց երրորդը, որովհետեւ ան բան մը չէր աւելցուցած իր մէկ տաղանդին վրայ։
Հարցումը իւրաքանչիւրիս այս է, թէ ե՞րբ է Տիրոջ մեծ օրուայ ժամը եւ ժամանակը։ Պիտի սպասե՞լ անոր։ Անպայման այո եւ այս է մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքը, որ Քրիստոս նորէն պիտի գայ։
Բայց մինչ այդ, ի՞նչ պարտինք ընել։
Պօղոս առաքեալ կուտայ պատասխանը։ Քրիստոնեաները «լոյսի եւ ցերեկուան որդիներ են» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.5)։ Լոյսի մէջ եղողը լոյս կը սփռէ այս աշխարհին՝ հոն ուր, յատկապէս ներկայ օրերուն, խաւարը կը տիրապետէ։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր կարողութեան չափով պարտաւոր է լոյս սփռել՝ ըլլայ այդ փոքր, միջակ թէ մեծ ուժգնութեամբ։ Լոյսը՝ անկախ իր քանակէն եւ ուժէն, անպայմանօրէն լոյս կը սփռէ։ Լոյսը սփռելու առաքելութեան մէջ կայ մէկ կարեւոր գրաւական՝ լոյսի մէջ եղողները եւ լոյսը սփռողները պէտք է որ «իրարու օգնեն» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.11)։ Երբ նայինք «իրարու օգնելու» արտայայտութեան յունարէն բնագրին, հոն գործածուած է «oikodomeo» բառը։ Յունարէն բառին գործածութիւնը կը պարփակէ շինարարական գործընթացքի ծրագրի մը։ Հոն ուր մարդիկ միասին կը գործեն եւ նոր շինարարութիւն մը կ՚իրագործեն։ Այս հասկացողութեամբ պիտի հասկնալ Պօղոս առաքեալի «իրարու օգնեն» արտայայտութիւնը։ Օգնել կը նշանակէ կեանքերը շինել, որ կ՚անցնի նիւթական օժանդակութեան սահմաններէն եւ կ՚ընդգրկէ միասին կերտել մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերը ու տակաւին հայրենիք։ Օգնելու եւ շինելու այս գործընթացքը կ՚իրականանայ ու կ՚ամբողջանայ երբ առկայ է զիրար հասկնալը եւ յարգելը։ Նոյնիսկ երբ տարբեր մտածողութիւններ կան եւ տակաւին ոչ նոյնանշանակ աշխատանքային ոճ եւ գաղափար-միտք։
Մենք կ՚օգնեն՞ք իրարու։ Կը հասկնա՞նք զիրար։ Կը յարգե՞նք զիրար։ Պատրա՞ստ ենք մեր կեանքերը միասին շինելու եւ ամբողջացնելու։
Արցախի պատերազմի քառասուն եւ չորս օրերու թշնամիին յարձակումները դիմադրելէ ետք հայ ժողովուրդը այսօր կ՚ապրի իր պատմութեան մէկ այլ ճակատագրական ու բախտորոշ իրականութիւն մը։ Հայուն կեանքին մէջ այսօր կայ նեղութիւն, տառապանք, կործանում եւ աւերուածութիւն։ Աշխարհի անարդար եւ անիրաւական համակարգերու եւ չափանիշներու շահարկումներու մէջէն հայուն կեանքը կ՚անիրաւուի անգամ մը եւս։ Այս հայուն պատմութեան նոյն կրկնուող խաւարի կեանքն է, որուն մէջէն ան դարձեալ պիտի քալէ։
Պատմութեան ստեղծած իրավիճակները չենք կրնար փոխել։ Բայց կայ կեանքին մէջ գիտակցութիւնը որ կրնայ փոխել նոյն պատմութեան ստեղծած օրերուն ընթացքը։ Տիրոջ օրուան գիտակցութիւնը եւ անոր ստեղծած լոյսի մէջ ապրելու գրաւականն է, որ կրնայ յաղթել խաւարին։ Լոյսը՝ որ պիտի ջլատէ խաւարը մեր կեանքերէն եւ մեր երկրէն։ Լոյսը լուսաւորելու համար պէտք է գործը եւ աշխատանքը, որոնք կ՚իրականանան երբ հայը կը մնայ զգաստ, թէ
զիրար պիտի օգնենք,
զիրար պիտի հասկնանք ու
զիրար պիտի յարգենք։
Մեր հաւաքական ու հայրենի կեանքերը միասին պիտի շինենք։
«Տիրոջ մեծ օրը մօտ է»։ «Մօտը» կ՚իրականացնենք երբ կը շարունակենք մնալ լոյսին մէջ։ Լոյսով ստեղծուած գործը կը յաղթէ խաւարին ստեղծած բարոյալքումը եւ անէծքը։ Իսկ յաղթելու համար պէտք է զիրար օգնենք, զիրար հասկնալով եւ յարգելով։ Եւ մեր կեանքերը միասին շինելով։
«Տիրոջը մեծ օրը մօտ է»։
Այս «մօտ»ի գրաւականին մէջ հայը պարտի Լոյսի կեանքին մէջ շարունակել մնալ։ Իրարու հետ եւ միասին։
Քուէյթ