Նոյեմբեր 10-էն ետք կեանքը այն չէ՛ Հայ ժողովուրդին համար, ինչ որ էր Նոյեմբեր 10-էն առաջ:
Նոյեմբեր 10-ն հայ ժողովուրդի ազգային օրացոյցին վրայ յետայսու պիտի ըլլայ ամօթ, պարտութիւն, դաւաճանութիւն եւ խաբէութիւն խորհրդանշող թուական մը, մինչ ան պիտի մնայ խարան այդ օր կնքուած համաձայնութիւնը ստորագրողին ճակտին նաեւ ճակատներուն բոլոր անոնց, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով պատճառ հանդիսացան այդ ամօթալի անձնատուրութեան պայմանագրի կնքման…:
Թէ, որո՞ւն պատասխանատուութիւնը, ի՛նչ եւ որքա՞ն է, սա պէտք է որոշէ ռազմահետաքննական անկախ յանձնախումբ մը անշուշտ եւ ոչ զգացական պոռթկումները ու փոխադարձ անհիմն, թէ հիմնաւոր ամբաստանութիւնները: Ինքզինք յարգող ոեւէ պետութիւն, այս արհեստավարժ քայլին է, որ կը դիմէ եւ ո՛չ ֆէյսպուքի հարթակին, հասնելու ճշմարտութեան: Մինչ այդ սակայն մարդկային տարրական բարոյականութիւնը կը պահանջէ, որ այդ օր պատասխանատու դիրքի վրայ գտնուող անձը, մեծահոգութիւնը ունենայ հրաժարելու իր պաշտօնէն: Նման քայլ մը պարզապէս վեհութիւն կամ ազնուութիւն չէ: Այդ քայլը նուազագոյն պարտաւորութիւն է: 44 օր շարունակ խնդրոյ առարկայ անձը գերագոյն հրամանատար ըլլալու սահմանադրական փաստով յոխորտացած է, մինչ գերագոյն հրամանատար մը, որ սոսկ տիտղոս չէ, այլ գերագոյն իրաւունք եւ պատասխանատուութիւն՝ հպարտանալու յաղթանակով, հակառակ պարագային նաեւ կրելու ամբողջական եւ դառն հետեւանքը հաւանական պարտութեան: Այսպէս կը վարուի օրինակ նոյնիսկ ամենայետին մակարդակի մարզական խումբի մը տնօրէնը իր տնօրինած ակումբին կամ հաւաքականին կրած մեծ պարտութեան մը պարագային, ալ ո՜ւր մնաց նման պարտութեամբ մը հայրենիք կորսնցնելու պատճառ հանդիսացած անձ մը, որուն կառավարման ապիկարութիւնը կամ վարկաբեկիչ պայմաններով անձնատուրութեան մէջ մեղսակցութիւնը ամէն օր աւելի եւս կը բացայայտուի՝ ոչ թէ իր քաղաքական հակառակորդներուն կողմէ միայն, այլ՝ գերհզօր Ռուսիոյ նախագահին իսկ բերնով…:
Ի տես այս մեծ շոքին ու արժանապատուութեան ճգնաժամին, 44 օր խաբկանք ապրած, հազարներ հաշուող մատղաշ սերունդ մատաղ ըրած, մեծ ապտակ կերած, պետական մակարդակի ապատեղեկատուութեան զոհ դարձած, իր սեփական բանակին հանդէպ վստահութիւնը խախտած, ազգային հպարտութիւնը վիրաւորուած, եւ ո՛չ թէ սոսկ տարածք, այլ՝ հայրենիք կորսնցուցած ժողովուրդը իր բարկութիւնը կ՛ուզէ արտայայտել հրապարակներու վրայ՝ արդարացիօրէն պահանջելով այս անձնատուրութեան գերագոյն պատասխանատուին հրաժարականը, որ անսակարկելի է եւ անյետաձգելի: Սակայն եկուր տես, որ ինչպէս ժողովրդային նման արտայայտութիւն եւ պահանջք յաջողութեամբ պսակելու համար կան տարրական կազմակերպչական գործիքներ, անոնց չգոյութիւնը կամ սխալ թէ անճիշդ տնօրինումը, կրնայ մարեցնել արդարացի շարժում մը: Այս վիճակը ինչու չէ, նաեւ կրնայ ծառայել անոր նպատակին ճիշդ հակառակին, աւելի եւս երկարաձգելով ճգնաժամը ու յամառութիւն ընող կողմին, պաշտօնի վրայ մնալու ժամանակամիջոցը:
Մեր կարծիքով, դժբախտաբար կազմակերպչական կարեւոր ազդակներ կը բացակային մինչեւ օրս՝ բողոքի հանրահաւաքները կազմակերպողներուն մօտ: Կազմակերպողներուն (ոչ բոլորին, սակայն ՀՅԴ-ի մօտ անպայման) կայ հատուածական գործելաձեւի եւ կուսակցական փրոփականտայի հակում, որ եթէ նոյնիսկ միտումնաւոր կամ ծրագրուած չէ, այդ տպաւորութիւնն է, որ կը ձգէ կողքէն դիտողին կամ հասարակ քաղաքացիին մօտ: Ինչո՞ւ չձգէ, երբ նշեալ կուսակցութեան պատմութիւնը լեցուն է նմանօրինակ վերաբերմունքով, որ ի վերջոյ կործանարար եղած է ո՛չ միայն տուեալ կուսակցութեան, այլ նաեւ ամբողջ ազգին ու հայրենիքին համար: Պատմութենէն դասեր քաղել պէտք է, քանի տակաւին ուշ չէ: Եսակեդրոնութիւնն ու բոլոր այլ մարդոց կամ առողջ խորհրդականներու թէ գործընկերներուն շրջանցումը երկրին ներկայ ղեկավարին կողմէ՝ կարեւոր պատճառներէն մին մեր այսօրուայ դրութեան: Ինչո՞ւ կրկնել այդ յոռի եւ ինքնակեդրոն գործելաոճը, որուն անյաջող աւարտը յստակ է բոլորիս համար:
Ներկայ իրավիճակը կը պարտադրէ վեր մնալ հատուածականութենէ ու հատուածապաշտութենէ: Կայ ժողովրդային արդարացի ցասում հանդէպ ներկայ իշխանութեան: Կայ նաեւ բարդոյթ հանդէպ այն ինչ, որ նախկինը կը յիշեցնէ: Պէտք է ուշադիր ըլլալ շրջանցելու այս խոչընդոտը: Փոխարէնը՝ ժողովուրդին պէտք է վստահութիւն ներշնչել յանուն աւելի վեհ նպատակի: Այս նուրբ կէտը լաւապէս հասկցած կը թուի ըլլալ կազմակերպող կողմին բաղադրիչ մէկ կուսակցութիւնը: Անոր ներկայացուցիչը, նշանակալի ինքնազոհաբերութեան օրինակով մը գնաց մինչեւ հոն, ուր ան խոստացաւ վարչապետին հրաժարականին պարագային՝ իր գործընկերներով միասին քաղաքականութենէ դուրս մնալ: Այսինքն՝ մասնաւորը զիջեց հաւաքականին: Առաւել, ժողովուրդին մէկ մասին կարեւոր մէկ մտահոգութիւնն ու բարդոյթը փարատել փորձեց, բոլորին բարձրաձայն ըսելով, թէ վարչապետին հրաժարականը, անպայման չի նշանակեր նախկիններուն վերադարձը:
Վերոյիշեալ նշումներէն ետք, պէտք է անկեղծ արտայայտուիլ, թէ տակաւին ի՞նչն է, որ կը պակսի հանրահաւաքները կազմակերպողներուն մօտ: Մեր համեստ կարծիքով, գալիք օրերու հանրահաւաքները ազդեցիկ եւ բազմամարդ՝ հետեւաբար աւելի եւս ժողովրդական ըլլալու համար, ի միջի այլոց, հետեւեալ կէտերը օգտակար է նկատի ունենալ.
- Միանգամընդմիշտ որդեգրել ժողովրդային շարժումին համար համընդհանուր անուն եւ խորհրդանիշ: Վեր՝ կուսակցութիւններու անուններէն ու խորհրդանիշերէն: Այդ շարժումին դրօշին տակ համախմբում եւ աշխատանք, որպէս ՄԷԿ եւ ոչ թէ 17 միաւոր:
- Շարժումին համար ընտրել կամ նշանակել առաջնորդ: Ան ցանկալի է, որ ըլլայ ժողովուրդին վստահութիւն ներշնչող՝ անցեալի ու ներկայի իշխանութիւններուն հետ չառնչուող անձնաւորութիւն մը, որ ոչ անպայման քաղաքական գործիչ է, այլ՝ ակադեմական-մտաւորական-դիւանագիտական-ժողովրդական-արուեստագէտ՝ ոչ արեւմտամէտ կերպար մըն է, որ նաեւ վստահութիւնը կը վայելէ ու գիտէ «լեզուն» մեր բնական դաշնակիցին՝ Ռուսիոյ:
- Հիմնուելով ծրագիր մը բարեյաջող կերպով յառաջ տանելու արդիական սկզբունքներուն վրայ, դիմել PR-ի արհեստավարժ հաստատութիւններու, թէ անհատ մասնագէտներու խորհրդատուութեան:
- Սոսկ վարչապետի հրաժարականի պահանջքին զուգահեռ, որ ինքնանպատակ պէտք չէ թուի ըլլալ, ճանապարհային աւելի եւս յստակ քարտէսի մասին յայտարարութիւններ պէտք է կատարել, որուն հիմք կարելի է ընդունիլ Հանրապետութեան նախագահին յայտարարութիւնը: Հանրահաւաքի մասնակցութեան հրաւիրուող ժողովուրդին ապահովութիւն պէտք է ներշնչել յստակացնելով, թէ իշխանափոխութիւնը սահմանադրական եւ օրինական ու խաղաղ ի՞նչ ընթացքէ պիտի անցնի՝ հասնելու իր բարւոք աւարտին՝ հակազդելու շատերու համար մտահոգիչ, եւ նոյնինքն իշխանութեան մօտիկ աղբիւրներուն կողմէ շրջանառութեան դրուած, «քաոս»ի առասպելին:
- Հանրահաւաքներուն թեմաներուն համար պէտք է որդեգրել, հեռակայ, գաղափարական եւ հաստատ ու յստակ օրակարգեր եւ ոչ «օրը-օրին» յառաջ երթալու տպաւորութեան ստեղծում, որ շարքերու ամրութիւնը կրնայ վտանգել:
- Հիմնուելով քանի մը օր առաջ ի գործ դրուած փորձին վրայ, հանրահաւաքի բեմը աւելի յաճախակի կերպով յանձնել ժողովուրդին ու անոր մտաւորական խաւին, պահ մը ետ քաշելով կազմակերպող կուսակցութիւններուն, յաճախ անփորձ եւ ոչ միշտ քարիզմաթիք ներկայացուցիչները:
- Ժողովրդային շարժումը Երեւանի շրջագիծէն դուրս բերելով՝ փորձել ոտքի հանել նաեւ Հայաստանի շրջաններն ու Սփիւռքը իր ամէն շերտերով:
- Վերջապէս, տուեալ երկրի մը մէջ ամէն իշխանափոխութիւն (որուն խաղաղ միջոցներով եւ օրինական ու պետական հաստատութիւններու ընդմէջէն ըլլալու անհրաժեշտութեան վրայ կը պնդենք) դժբախտաբար նաեւ շատ յաճախ կախեալ է տարածաշրջանային մեծ խաղցողներու կամքէն ու տրամադրութենէն: Հետեւաբար, ժողովրդային շարժումին մասնակից կողմերը, իւրաքանչիւրը՝ իր կապերով եւ բարեկամութիւններով պէտք է «դիւանագիտական» եւ լոպիինկի դրական եւ ի շահ մեր ժողովուրդին միայն աշխատանք տանի՝ տուեալ ժողովրդավար եւ համընդհանուր շարժումին հանդէպ ստեղծելու շրջանային եւ միջազգային պետութիւններու, թէ ժողովուրդներու հաւանութիւնը, վստահութիւնը, պարտաւորութիւնն ու համակրանքը:
Լիայոյս ըլլալով, որ սոյն բաց նամակը խնդրոյ առարկայ կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններուն կողմէ պիտի ընկալուի մեծահոգաբար եւ որպէս անաչառ ու շինիչ կարծիք, մեր հայեացքն ու ուշադրութիւնը կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին համար դէպի աւելի պայծառ ապագայ:
Մենք վստահ ենք, որ ժողովուրդին սրտովը եղող ցանկալի քաղաքական փոփոխութիւն, թէ արդար ընտրութիւններով եւ ժողովուրդին կամքով յառաջացած նոր, կամ վերանորոգուող նոյն իշխանութեան հաստատում, իր անդրադարձը պիտի ունենայ մեր հայրենիքին՝ անոր ազգային ապահովութեան եւ տնտեսական աճին վրայ: Անկէ ետք փոխանակ իրարմով զբաղելու, պիտի հասկնանք վերջապէս, որ ունինք մէկ ու միակ թշնամի, որ թուրքն է եւ որուն դէմ է, որ պէտք է շարունակենք Նոյեմբեր 10-էն ետք ստեղծուած հայկական դատի նոր հանգրուանը՝ թող լաւագոյն դասը հանդիսանայ մեզի աւելի մտածուած ու կազմակերպուած հարթակի վրայ դնելու զայն, ի սէր եւ ի յարգանք Արցախեան պատերազմին իրենց կեանքը նուիրաբերած մեր հերոսներուն խնկելի յիշատակին:
Յարգանքներով՝
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի «Զարթօնք» Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր