ԱՆԻ ԼԱՉԻՆԵԱՆ—ՄԱԿԱՐԵԱՆ
Մեր կեանքի ընթացքին կը ծանօթանանք բազմաթիւ մարդկանց սակայն քիչերն են որ իրենց իւրայատուկ դրոշմը կը թողուն մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ: Մեր ընտանիքին համար Միսակ Ներսէսեանը այն հազուադէպ անձերէն է որ իսկապէս անմոռանալի տպաւորութեամբ ազդած է մեր վրայ, իր նկարագրով, բարոյականութեամբ եւ վարակիչ լաւատեսութեամբ: Հակառակ այս աշխարհէն անժամանակ տխուր բաժանումին, անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ:
Ինչպէս բնութագրել Միսակ Ներսէսեանի հրապոյրն ու իւրայատկութիւնը.
Իր ցնծագին ներկայութեամբ ան միշտ կարեւորութիւն կու տար դիմացի անձերուն՝ ցուցաբերելով սէր, յարգանք ու գնահատանք:
Միջակութիւնը չէր սիրեր: Բարձր ակնկալութիւններով միշտ վեր դասած է գերազանցութիւնը: Բծախնդիր եւ նրբաճաշակ ըլլալէ անդին կը ձգտէր արժեւորել գեղեցիկը, շքեղը, ներդաշնակութիւնը, պատշաճութիւնն ու ինքնատպութիւնը:
Քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը դրոշմուած էին իր առօրեայ կեանքին մէջ: Ան անզիչող էր մարդկային եւ հայկական արժէքներու հանդէպ եւ այդ ոգին յաջողած էր փոխանցել իր ընտանիքին եւ մօտիկ բարեկամներուն:
Որպէս մարդ, սկզբունքի տէր անձ էր եւ որպէս բարեկամ՝ հաւատարիմ եւ վեհանձն:
Ամենադաժան պայմաններու մէջ իսկ ան եղած է լաւատես եւ քաջալերող: Իր զօրաւոր յատկանիշներէն էին իմաստութիւնը, սրամտութիւնը, դիտարկութիւնը, մեծարութիւնը, քաջութիւնը, պարկեշտութիւնը, հաւատարմութիւնը, լաւատեսութիւնը:
Բառին բուն իմաստով Միսակը ասպետ էր. այս իրողութիւնը հաստատուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետի յետ մահու պարգեւատրած Կիլիկիոյ Ասպետի շքանշանով:
Կարելի չէ իմաստաւորել Միսակի իւրայատկութիւնը առանց անդրադառնալու իր կողակիցին եւ մեր շատ սիրելի ու յարգելի բարեկամուհիին՝ Տիկին Մարօ Գաբրիէլեան Ներսէսեանին: Այս սքանչելի եւ տիպար ամոլը օրինակ հանդիսացան բոլորիս իրենց առաձգականութեամբ եւ յարատեւ վճռականութեամբ: Միշտ հրապուրուած եղած ենք իրենց սիրոյ, առատաձեռնութեան, հիւրընկալութեան, անկեղծութեան եւ ազնուութեան անսահման եզրին: Լուսարձակներէ հեռու, Միսակ եւ Մարօ Ներսէսեաններ իրենց անսակարկ նիւթական եւ բարոյական ներդրումը բերած են ազգային եւ ընկերային բազմաթիւ յանձնառութիւններու:
Մենք այդ բախտաւորներէն եղած ենք որ մօտէն ճանչցած ենք Միսակը եւ վայելած անոր բարեկամութիւնը: Միսակը մարդասիրութեան եւ բարեսիրութեան մարմնացումն էր:
Կ՛աղօթենք որ Աստուած երկինքի արքայութեան արժանացնէ Միսակ Ներսէսեանի հոգին եւ մխիթարութիւն պարգեւէ իր կողակիցին՝ Մարոյին, զաւակներուն, հարսերուն, թոռներուն, խնամիներուն, համայն ընտանիքի անդամներուն եւ սիրելի բարեկամներուն:
Խունկ ու աղօթք Միսակ Ներսէսեանի անթառամ յիշատակին: