ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Պէտք չէ անտեսենք այն պատմական իրականութիւնը, որ մեր ժողովուրդի զարգացման շղթայի օղակներուն ոչ-բնական յաջորդականութիւնն է, որ արգելք եղած է անոր ոչ միայն մէկ եւ նոյն երկրին մէջ արձանագրած նուաճումներու կուտակումին, այլեւ՝ անոր հայրենիքներուն եւ Հայու կերպարներու բազմազանութեան։ Ինչ որ պատճառ եղած է մեր քրոնիկ անմիաբանութեան, եւ մեր հայրենասիրութեան տարտղնումին։ Եւ հետեւաբար ալ՝ համազգային հանրային կարծիքի բացակայութեանց։
Արդարեւ՝
1 – Չենք ունեցած համախումբ կեանք,
2 – Միաժամանակ եւ տարբեր ժամանակներու մէջ, ունեցած ենք մէկէ աւելի (երկակ ու երրեակ) հայրենիքներ (Թրքահայաստան, Ռուսահայաստան, Պարսկահայաստան, Կիլիկիա),
3 – Ունեցած ենք Հայու բազմազան կերպարներ. արեւելահայ, արեւմտահայ, կիլիկեցի հայ, արցախահայ, նախա-եղեռնեան պանդուխտ արեւմտահայ եւ արեւելահայ, յետ-եղեռնեան Տարագիր Արեւմտահայութիւն, յետ-անկախութեան Տարաբնակ Արեւելահայութիւն (1.5 միլիոն), պոլսահայ, պարսկահայ, վրացահայ, եւ
4 – Դասակարգային բեւեռացումով՝ հայ ամիրաներ, հայ հարուստներ եւ հայ աշխատաւորներ,
5 – Կուսակցական բեւեռացումով, կերպարները՝ դաշնակցական հային, կոմունիստ հային, ռամկավար հային, հնչակեան հային, անկուսակցական հային, եւ՝ ծագումով կամ ծնունդով հային եւ բազմազգեան (քոզմոփոլիթ) հային, եւ
6 – Յարանուանական բեւեռացումով, կերպարները՝ Առաքելական հային, Կաթողիկէ հային եւ Աւետարանական հային, որոնք իրօք զատորոշ կերպարներ են ամէն առումով։
7 – Իսկ ահաւոր ու երկփեղկիչ բեւեռացումը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երկգլխանիութիւնն է (bi-cephal)։ Երբ ժողովուրդի մը ազգային եկեղեցին իսկ երկգլխանի է… ալ ո՞ւր պիտի փնտռենք՝ միաբանութիւն, ազգային համերաշխութիւն կամ համազգային հանրային կարծիք, եւ՝ անապական հայրենասիրութիւն, մանաւանդ որ այս աշխարհացրիւ ու բազմահպատակ կերպարներուն մեծամասնութիւնը անհատապաշտ է, ոչ՝ հաւաքապաշտ…։
Այս պատմական ծանրաԿՇԻՌ իրականութեան լոյսին տակ, ահազանգուած ըլլալով, եւ արմատական լուծումի մը առաջարկը չգտնելով, մտածեցինք՝ իրավիճակի ծանրակշռութիւնը գէթ թեթեւցնելու համար, առաջարկել հետեւեալ «10 Պատուիրաններ»ը, որոնց կորիզը կը կազմէ Համահայկականութեան Ոգին, զոր որդեգրող եւ գործադրող մտաւորականները, պետական պաշտօնատարները, հասարակական գործիչները, լրագրողները եւ ամէն հայ, կատարած կ՚ըլլան իրենց Գործօն Հայրենասիրութեան պարտականութիւնը։
10 ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ
1 – Գործել այն համոզումով, թէ՝ գնայունը վարչակարգն է, իսկ հայրենիքը՝ մնայունը։
2 – Ազգային համերաշխութիւն ստեղծել՝ Համահայկականութեան Ոգի ցուցաբերելով։
3 – Համազգային Հանրային Կարծիք ստեղծելու համար, գործել Համահայկական Ոգիով։
4 – Մեր ժողովուրդի յառաջդիմութիւնը կարելի դարձնելու համար, սատարել Համազգային Հանրային Կարծիքի ստեղծումին։
5 – Համահայկական Ոգիով սիրել մեր հայ եղբայրները եւ քոյրերը՝ համայնական սիրով։
6 – Գործել այն նշանաբանով, որ մեր բազմազան կերպարները՝ իրարու համար դպրոց են, եւ ոչ թէ՝ իրարու դէմ մարտկոց։
7 – Համահայկական Ոգիով՝ առաջնահերթ հրամայական է ընդունիլ Տարագիր Արեւմտահայութեան, եւ ընդհանրապէս՝ բոլոր հայ սփիւռքներուն միաւորումը կեդրոնական կառոյցի մը մէջ։
8 – Քաջալերել սրտբաց եւ անկեղծ երկխօսութիւնը, Համահայկական Ոգիով, անխտիր բոլոր քաղաքական հոսանքներուն ու կազմակերպութիւններուն միջեւ։
9 – Հեռու մնալ անհատապաշտական փորձութիւններէ, երբ օրակարգի վրայ ըլլայ ազգային գերխնդիր մը կամ լինել-չլինելային պայքար մը (ինչու ոչ՝ ընդհանրապէս)։
10 – Հեռու մնալ մենատիրական փորձութիւններէ, որոնք կը հակասեն Համահայկականութեան Ոգիին, եւ՝ երկփեղկելու ազգը, կը տկարացնեն զայն։
Այս պատուիրաններուն շուրջ որոշ բացատրութիւններ անհրաժեշտ են, առաւել յստակացնելու եւ շօշափելի դարձնելու համար անոնց նշանակութիւնը։
Թիւ 1 պատուիրանը նկատի ունի այն պահը, երբ ստեղծուած է երկընտրանք մը՝ օրուան իշխանութեան գնայուն ու պետութեան (հայրենիքին, ժողովուրդին) մնայուն շահերուն միջեւ. ինչպէս օրինակ՝ պատերազմի կամ յեղափոխութեան պարագաներուն, երբ օրուայ իշխանութիւնը անատակ դուրս կու գայ, եւ անհրաժեշտ կը դառնայ իշխանափոխութիւնը։ Օրուայ իշխանութեան կուսակցութեան ղեկավարը, եթէ՝ Համահայկականութեան Ոգի ունի, պէտք է պետութեան մնայուն շահը գերադասէ իր իշխանութեան շահին, եւ՝ հրաժարի, առանց ընդդիմանալու իշխանափոխութեան (ընտրութեան կամ յեղափոխութեան ճամբով)։
Թիւ 2 պատուիրանը՝ այս պահուն, կը վերաբերի Արեւելահայաստանի վարչապետին, եւ՝ անոր հակառակորդ օլիգարխներուն եւ կուսակցութիւններուն, որոնք Համահայկական Ոգի ցոյց տալով, պէտք է ստեղծեն ազգային համերաշխութիւն, առանց որուն հայրենիքը չի կրնար տոկալ անվերջօրէն այս պատերազմին։ Եւ, այդ ազգային համերաշխութիւնը կը պահանջէ կա՛մ հրաժարիլ, եւ կամ ալ՝ դադրեցնել հակառուսական տխմար ու ազգակործան յոխորտանքները։
Թիւ 3 պատուիրանը կը պահանջէ՝ տեղեկատուական բոլոր միջոցներէն, քաջալերել անխտրաբար բոլոր տարբեր կարծիքներու ազատ փոխանակումին, իրենց միջոցներուն մէջ, կարելի դարձնելու համար՝ Համազգային Հանրային Կարծիք, որ խիստ կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է՝ միաւորելու համար ցախուցրիւ կերպարները Հայութեան։
Թիւ 4 պատուիրանը ոչ միայն կը միաւորէ Հայութեան կերպարները, այլեւ՝ կարելի կը դարձնէ Հայութեան յառաջդիմութիւնը, քանի որ կ՚օգնէ ճիշդ գործելու։
Թիւ 5 պատուիրանը կոչ մըն է, վերջ դնելու եսասիրութեան եւ խթանելու համայնասիրութիւնը, հաւաքապաշտութիւնը, զորս կը պահանջէ Համահայկականութեան Ոգին։ Քանի որ, մեր ցաքուցրիւ վիճակը տկարացուցած է մեր հաւաքական աշխատանքի ատակութիւնը, եւ զօրացուցած է one man show-ի աշխատելաձեւը։
Թիւ 6 պատուիրանը կ՚ուզէ մեր բազմազան կերպարներուն տարբերութիւնները ծառայեցնել անոնց փոխադարձ զարգացումին, ծանօթանալով անոնց փորձառութեանց, փոխանակ անոնց մարտկոցի վերածումին, որ կրնայ հասնիլ եղբայրասպանութեան, որ իրօք պատահեցաւ… դժբախտաբար։ Համահայկականութեան Ոգին կը պահանջէ դպրոցը եւ կը դատապարտէ միեւնոյն ազգին մէջ՝ մարտկոցները…։
Թիւ 7 պատուիրանը շա՜տ ուշացած անհրաժեշտութիւն մըն է, զոր պէտք էր կատարած ըլլայինք Տարագրութեան վաղորդայնին։ Տէր կանգնիլ Հայ Սփիւռքին, զայն կազմակերպելով կեդրոնական, ներկայացուցական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցի մը մէջ (Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէս – ՏԱՀՔ-ին մէջ), Սփիւռքահայութիւնը օժտելով միջազգային իրաւական անձնաւորութեան կարգավիճակով, որպէսզի հանգամանօրէն կարենայ տիրութիւն ընել՝ ոչ միայն Սփիւռքի մարդկային եւ նիւթական հարստութեանց, այլեւ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Հողային Դատին։
Թիւ 8 պատուիրանը ընդհանուր բարոյական կոչ մը չէ։ Ան կը բովանդակէ շօշափելի եւ գործնական ստրատեգիական նպատակ մը, որ կը պահանջէ գործադրել Համահայկական Ոգին՝ ամբողջական կերպով, միաւորելու համար համայն Հայութեան անխտիր բոլոր բաղկացուցիչները, եւ առաջին հերթին՝ Արեւելահայաստանը եւ Արեւմտահայութիւնը, որ կը ներկայացնէ Համահայութեան 65-70 տոկոսը, որուն դերակատարութեան անտեսումը խիստ ազգավնաս է եւ չիրականացներ Համահայկականութեան Ոգին։ Սրտբաց եւ անկեղծ երկխօսութիւնը պէտք է սկսիլ Արեւելահայութեան եւ Արեւմտահայութեան միջեւ, անյապաղ ստեղծելով՝ Արեւմտահայութիւնը ներկայացնող լիազօր կառոյցը, որ ՏԱՀՔ-ն է…։ Ասիկա կը պահանջէ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներէն որդեգրել՝ Սփիւռքակեդրոն Քաղաքականութիւն, եւ ոչ թէ ինքնալուծուիլ Հայաստանակեդրոն Քաղաքականութեան մէջ…։
Թիւ 9 պատուիրանը կոչ կ՚ընէ ձերբազատուելու անհատապաշտութենէն, որ կը հակասէ Համահայկականութեան Համայնապաշտ Ոգիին, եւ մեծագոյն խոչընդոտն է ազգակերտումին։ Քանի որ, անկարելի կը դարձնէ ազգին միաւորումը, եւ հետեւաբար՝ ազգը կը պահէ տկար եւ անզօր։
Թիւ 10 պատուիրանը կոչ մըն է ստեղծելու ազգային միաբանութիւն եւ միասնութիւն, հեռու մնալով միապետական նկրտումներէ, որ կը ստեղծէ ներազգային թշնամանք ու կռիւ, որ կը նշանակէ՝ ազգին ինքնասպանութիւնը։ Յետ-եղեռնեան Հայ Սփիւռքը տեղքայլ ըրաւ, պառակտուած մնաց եւ ոտնահարեց Համահայկականութիւնը։ Դար մը ամբողջ, չկրցաւ կազմակերպուիլ եւ ունենալ իր կեդրոնական ու վերին ղեկավար մարմին, որպէսզի տէր կանգնի Սփիւռքի մարդուժին ու հարստութեան, եւ գործնապէս ու արդիւնաւէտ կերպով հետապնդել Արեւմտահայաստանի Հողային Դատը՝ կուսակցութեան մը մենատիրական քաղաքականութեան հետեւանքով։ Մենատիրութիւն, որ հասաւ եղբայրասպանութեան։
Մեր վերջին 100 տարիներու պատմութեան մէջ, Համահայկականութեան Ոգին հաւաքականօրէն յաղթանակեց միմիայն՝ Սարդարապատի համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ճակատամարտին մէջ, Գարեգին Յովսէփեանցի հոգեւոր առաջնորդութեամբ։ Բ. Աշխարհամարտի Հայրենական Պատերազմին մէջ՝ իր Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանով, Նուէր Սաֆարեանով եւ Միսաք Մանուշեանով, եւ՝ Արցախի ազատագրութեան համաժողովրդային հերոսական պատերազմին մէջ։
Իսկ անհատական գետնի վրայ, լուսաւոր դէմքեր եղան՝ Ստեփան Շահումեան, Ստեփան Զօրեան (Ռոստոմ), Զօր. Անդրանիկ, Եղիշէ Չարենց, Ալեքսանտր Միասնիկեան, Աղասի Խանճեան, Ակսէլ Բակունց, Յովհաննէս Քաջազնունի, Դերենիկ Դեմիրջեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Հրայր Մարուխեան եւ հերոս նահատակ Հրանդ Տինք։
Իսկ լիբանանահայութեան մօտ, Համահայկական Ոգին ունեցաւ ասուպային երեւում՝ անհատական գետնի վրայ, Անդրանիկ Ծառուկեանով եւ Արմէն Դարեանով։ Իսկ հասարակական գետնի վրայ, Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեամբ (ԼՀՀՄ) եւ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակով (ԼԳՇ)։
Անդրանիկ Ծառուկեան, իր «Թուղթ Առ Երեւան»ով եւ «Նայիրի» գրական երկշաբաթաթերթով, որ ժամադրավայրը եղաւ՝ անխտիր բոլոր հոսանքներու մտաւորականներուն եւ գրողներուն։
Իսկ Արմէն Դարեան, որ հիմնադիրներէն էր կոմունիստ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին, միաժամանակ եղաւ՝ «Համազգային»ի Գ. Իփեկեան Թատերախումբի խորհրդատուն, եւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Շիրակ» ամսագրի խմբագիրներէն…։
Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութիւնը (ԼՀՀՄ), իբր գլխաւոր նպատակ ընտրած էր Համահայկականութեան Ոգիին կիրարկումը՝ մէկ յարկի տակ համախմբելով լիբանանահայ անխտիր բոլոր հայ համալսարանաւարտները, ինչ կուսակցութեան կամ յարանուանութեան ալ պատկանած ըլլային անոնք։ Եւ կողք-կողքի գործեցին՝ Փրոֆ. Դոկտ. Շաւարշ Թորիկեանը, Փրոֆ. Դոկտ. Մելինէ Թօփաքեանը, Մեթր Գ. Տէրտէրեանը, Փրոֆ. Դոկտ. Մարի Գասպարեանը, Գրիգոր Շահինեանը, Յակոբ Պալեանը, Մասիս Ալեքսանտրեանը, Շուշանիկ Մոլոյեանը, Բիւզանդ Արապեանը, Յակոբ Պօղոսեանը, Վահէ Պահատրեանը, Ցոլակ Ապտալեանը եւ ուրիշներ։
Այս համահայկական կազմակերպութեան գործունէութեան մասին յիշենք միայն հետեւեալ ձեռնարկները.
Վերահրատարակում Անտրէ Մանտէլշթայմի մէկ մեծկակ հատորին՝ “Le Problém Arménien Devant Les Grandes Puissances”-ի։
Երկու խմբային այցելութիւններ՝ Սովետ Հայաստան, Մասիս Ալեքսանտրեանի եւ Մեթր Գ. Տէրտէրեանի խմբապետութեամբ։
• Հրատարակում “Armenian Studies: տարեգիրքին։
• Անգլերէնի թարգմանել եւ հրատարակել Ակադեմիկոս Վ. Չոլոյեանի «Հայկական Ռենեսանս» երկասիրութիւնը։
• Դիլիջանի Պեթհովէնի անուան Միջազգային Համերգասրահի եւ Գիտաժողովներու Դահլիճի ներքին կահաւորումին վերանորոգումը իտալական ոճով եւ ճաշակով, եւ՝ գիտական միջազգային համագումարներու անհրաժեշտ բազմալեզուեայ թարգմանութեան սարքաւրրումով (լիբանանահայութեան նուիրատւութեամբ)։
• Լիբանանահայ բոլոր մշակութային միութիւններու խորհրդակցական ժողովի մը կազմակերպումը՝ բողոքելու համար Լիբանանի կառավարութեան մշակած «Մշակութային Բուրգ» կոչուած բռնատիրական ծրագրին դէմ, որ կը միտէր պետութեան անմիջական վերահսկողութեան ենթարկել բոլոր մշակութային միութիւնները, անշուշտ ներառեալ՝ հայկական միութիւնները…։
• Լիբանանի մէջ, Յետ-Երկրորդական Ուսման Կողմնորոշումի Լսարանի կազմակերպումը՝ լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու ուսանողութեան համար, Le Cénacle Libanais-ի սրահին մէջ. Երկրորդական ուսումը աւարտող եւ համալսարան երթալ փափաքող ուսանողներուն տալու համար անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները։
• Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Իրաւաբաններու Սիմփոզիումի կազմակերպումը՝ Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան սրահին մէջ, յետ-քննարկումի, որդեգրելու համար Լիբանանի Հայոց Անձնական Իրաւանց եւ Դատավարական Կանոնները արդիականացնելու նախագիծը, զոր մշակած էին Միութեան չորս իրաւագէտները՝ Շաւարշ Թորիկեան, Մելինէ Թօփաքեան, Գասպար Տէրտէրեան եւ Նիքոլա Հազարեան, Մեթր Գ. Տէրտէրեանի խմբագրութեամբ, խորհրդակցութեամբ Մեթր Կարապետ Իզմիրլեանի հետ, որ բուն խմբագիրն էր այդ կանոններուն, աջակցութեամբը Մեթր Հրաչեայ Շամլեանի եւ հաւանութեամբը Վահէ Սէթեանի, որ Առաջնորդարանի նշանակած իրաւաբանական յանձնախումբին 3-րդ անդամն էր։ ԼՀՀՄ-ի վարչութիւնը, այս Սիմփոզիումին որդեգրելիք նախագիծը իբր իրաւագիտական խորհրդակցութիւն պիտի ներկայացնէր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, միայն թելադրելով որդեգրել զայն։ Սակայն Գարեգին Բ. Մերժեց՝ պատճառաբանելով թէ «Հիմա առաջնահերթը կրթական վիճակի բարելաւումն է, ոչ՝ դատաստանականի»։ Մինչդեռ, Մեթր Կարապետ Իզմիրլեան, 1952 թուին իր խմբագրած կանոններուն բարեփոխումներ առաջարկած էր 1962 թուին (միայն 10 տարի վերջ)։ Իսկ մենք բարեփոխումներ կը ներկայացնէինք 1982 թուին, ԼՀՀՄ-ի 10-ամեակին առիթով (1952-էն 30 տարիներ վերջ)։ Իսկ Մեթր Կ. Իզմիրլեանի 16 մեքենագիր էջերէ բաղկացած բարեփոխումներու առաջարկը, ոչ միայն նկատի չէր առնուած, այլ՝ զայդ մենք գտանք նետուած Առաջնորդարանի (Մարաշ թաղ փոխադրուած) աղբանոցին մէջ։ Եւ՝ Առաջնորդարանի գրագիրին արտօնութեամբ, փրկեցինք զայդ թափուելէ, եւ հիմա կը գտնուի այս հարցի թղթածրարին մէջ (մեր մօտ)։
• Յիշենք նաեւ՝ Այնճար հայագիւղի մէջ գիւղատնտեսական ծրագրի մը մշակումը ԼՀՀՄ-ի անդամներէն՝ Մասիս Ալեքսանտրեանի ջանքերով, նուիրելով զայն Այնճարի Քաղաքապետութեան։
• Միլանոյի մէջ հրատարակուած՝ Ճարտարապետ Փրոֆ. Ալփակօ Նովելլոյի խմբագրութեամբ, Հայկական Ճարտարապետական Կոթողներու Ալպոմներու ամբողջ շարքին ոչ միայն ցուցադրումը Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Համրայի Ցուցասրահին մէջ, այլեւ՝ ալպոմներու վաճառքը Լիբանանի մէջ, եւ Պէյրութի Իտալական Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ, Փրոֆ. Նովելլոյի դասախօսութիւնը Հայկական Ճարտարապետութեան շուրջ։
• Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հիւանդանոցի բժշկապետ վիրաբոյժ Փրոֆ. Երուանդ Ճիտէճեանի “Hydedit Disease” աշխատասիրութեան շնորհահանդէսը Հայկազեան Համալսարանի Մուկար շէնքի սրահին մէջ, անգլերէն լեզուով՝ հայ եւ արաբ բժիշկներու, մտաւորականներու եւ յատկապէս՝ Տիկ. Նինա Ճիտէճեանի ներկայութեան, որ ջերմօրէն շնորհաւորեց ԼՀՀՄ-ի վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը, բայց ըսաւ. «Չէի կրնար պատկերացնել որ փաստաբան մը պիտի ներկայացնէր այս գիրքը»։ Գիրքին շօշափած հիւանդութեան ժողովրդական անունը՝ «շունի տոպրակ» է։
• 1975 թուին, Մեծ Եղեռնի 60-րդ տարելիցի Համահայկական Ոգեկոչումի Լիբանանի Համազգային Մարմինի 10 անդամներէն մէկը՝ ԼՀՀՄ-ի վարչութեան ատենապետն էր (Մեթր. Գ. Տէրտէրեան), որուն վստահուած էր այս Համազգային Մարմինի Տեղեկատուական Յանձնախումբի ատենապետութիւնը։ Այս առիթով, Մարմնին սարքած Յիշատակի Ճաշկերոյթին (500 լիբանանցի հրաւիրեալներով, Սեն Ժորժ Պանդոկին մէջ) եւ նոյն պանդոկին մէջ միջազգային, արաբական ու լիբանանեան մամլոյ գործակալութիւններուն տրուած քոքթէյլին հրաւէրները կատարեցին այս յանձնախումբի անդամները, իսկ գլխաւոր ելոյթներն ու քոքթէյլի ընթացքին հարց-պատասխանները կատարեց յանձնախումբի ատենապետը (արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով)։ Սեն Ժորժ Պանդոկի ճաշկերոյթին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան Մամուլի Սենտիքայի նախագահ Ռիատ Թահան։ Համազգային Մարմնի 10 անդամներուն 6-ը կը ներկայացնէին երեք կուսակցութիւնները՝ երկու ներկայացուցիչներով, իսկ 4-ը՝ մշակութային չորս միութիւնները՝ մէկ ներկայացուցիչով։ Այս վերջիններն էին՝ ԼՀՀՄ-ը, Կոմիտաս Ակումբը, ՀԿԵՄ-ը եւ Հայկ Ակումբը։
Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը (ԼԳՇ), իր համայնասիրական գաղափարականով, Համահայկականութեան դրօշակակիրը եղաւ իր գոյութեան ու գործունէութեան 72 տարիներու տեւողութեան։ Վերջին 30 տարիներու ընթացքին, ան ջահակիրը եղաւ ՏԱՀՔ-ի, որ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ մըն է հարկաւ, որ չի կրնար իրականանալ առանց բոլորի Համահայկական Ոգիին։
Այս մասին, կը բաւականանք մի քանի վկայութիւններ մէջբերելով ստորեւ.
Դոկտ. Ագապի Նասիպեան – Գրական Շրջանակը՝ վեհօրէն մարդկայնական, եւ՝ լայնախոհօրէն ազգայնական դպրոց մըն է։
Բժ. Ռոպեր Ճեպեճեան – Գրական Շրջանակը յաջողած է գործել գերադաս մակարդակի վրայ, որպէս աննկուն պաշտպանը հայ ժողովուրդի վերին շահերուն։
Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան – Թող Աստուած օրհնէ այս Շրջանակը, որ ջանացած է՝ մարդկային եւ ազգային ինքնութեան նեղ սահմաններէն դուրս գալու։
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութիւն – Ձեր Շրջանակին կողմէ հարիւրաւոր մտաւորականներ հրաւիրուած են՝ անկախ իրենց կուսակցական, միութենական կամ յարանուանական պատկանելիութենէն։
Դոկտ. Արթիւր Մ. Պէյլէրեան – Ձեր անփոխարինելի Շրջանակը յոյժ կարեւոր պատասխանատու դեր ստանձնած է՝ հետապնդելով Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսի Ծրագիրը։
Սմբատ Տէրունեան – Ձեր Շրջանակին տասնեակ տարիներու թափած ջանքը՝ յանուն մշակոյթի, գաղափարականի եւ Հայ Դատի համապատասխան հողային ամբողջական հատուցումին, արժանի է ամէն գովքի եւ խորին յարգանքի։
Սըֆուան Հայտար – Գրական Շրջանակի 50-ամեակին առիթով, ես՝ Փոքր Ասիոյ եկուոր, հայասպան, ֆաշիստ Թուրքիոյ երեսին կ՚ըսեմ՝ Արարատ Հայկական Լերան կողին հանգչեցաւ, ջրհեղեղի աւարտին, մեր ողջունելի Հայ նահապետի Նոյի Տապանը։
Էմիլի Նասրալլա – Գրական Շրջանակը կ՚օղակէ երկու լեզուներ եւ քաղաքակրթութիւններ։
Դոկտ. Ղասսան Ռիֆա՚յի – Գրական Շրջանակը Հայ Համայնքին յառաջապահ ջոկատն է, որ լայնախոհ ազգայնական է եւ ազնիւ համամարդկայնական։
Բանաստեղծ Դոկտ. Միշէլ Սուլէյման, Հայ ժողովուրդին եւ Գրական Շրջանակին ձօնած է երեք քերթուածներ։ Գրական Շրջանակին իր ձօնած քերթուածին՝ «Ծառ Մը՝ Սրտոտ Աղբիւր» մէկ հատուածը կ՚ըսէ.
Ծառի մը կոճղը
Որ լոկ ցաւով սնանեցաւ
Որ լոկ ցաւը ապրեցաւ
Բայց մնաց լաւատես
Զի սնած է դատի շունչով
Մերկ կը կանգնի ըմբոստացած
Հողին կարօտով խանձած
Որպէս պուրակ՝
Արհամարհելով շանթ ու կայծակ։
Եղիշէ Չարենցի Անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի տնօրէն, գրող ու գրականագէտ Կարօ Վարդանեան – Երբեք չեմ դադարում հպարտանալ հայապահպանումի, հայրենապահպանումի եւ համահայկական ոգիի պահպանումի Գրական Շրջանակի հերոսական ճիգերով, եւ ձեզ հետ միասին ապրում եմ մեր նահանջի ողբերգութիւնը։
Յ.Գ. Այս յօդուածը մեքենագրութեան ուղարկուելու օրը, տեղի ունեցաւ Արցախի սպասելի աղէտը, եթէ Փաշինեան մերժէ հրաժարիլ…։ Այս մասին՝ յառաջիկային։
ՆՈՅՆ