Նախագահ Միշէլ Աուն ամբաստանեց նորնշանակ վարչապետ Սաատ Հարիրին կառավարութեան կազմութեան համար միատեղ ճշդած չափանիշերէն շեղելու մեղադրանքով: Աունի այս բացայայտ կեցուածքը աւելի եւս կրնայ սրել երկու պատասխանտուներուն յարաբերութիւնը, որ ի վերջոյ դրական պիտի չանդրադառնայ կառավարութիւն կազմելու գործընթացին վրայ, որ արդէն բաւականին ուշացած է, երկիրը դնելով լուրջ վտանգներու դէմ յանդիման:
Լիբանանի տարածքին արգելափակումները կը շարունակուին: Շաբաթավերջին, ըստ սովորութեան համեմատաբար նուազ թիւով վարակակիրներ գրանցուեցան:
Արդարեւ երէկ գրանցուեցաւ 1041 վարակակիրի պարագայ: Արձանագրուեցաւ նաեւ 11 մահուան դէպք:
Առողջապահութեան նախարարը յայտնեց, որ քորնաժահրի պատուաստը Լիբանան պիտի ստանայ ոչ աւելի կանուխ քան յառաջիկայ Փետրուարը: