Ֆայսալ Մըքտատ նշանակուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար։
Մըքտատի նշանակումը կատարուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ ստորագրուած հրամանագրով մը։
Յիշեցնենք, որ Մըքտատ կը յաջորդէ Ուալիտ Մուալլէմին, որ օրեր առաջ կնքած էր իր մահկանացուն Դամասկոսի մէջ։