Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը օժտուեցաւ երկու նոր դասարաններով, որոնց կառուցման եւ կահաւորման աշխատանքները հասած են աւարտին:
Մանկամսուրի ընդլայնումը պայմանաւորուած է կրթական տարուայ սկիզբէն դիմորդներու շարունակական աճով:
Տնօրէնութիւնս շնորհակալութիւն կը յայտնէ մանկամսուրի բարերար տիկին Ալիս Ներկիզեանին, որ անմիջապէս ընդառաջեց հոգալ մանկամսուրի ընդլայնման, իսկ ատկէ առաջ՝ նաեւ Պէյրութի պայթումին պատճառած վնասներու վերացման եւ վերանորոգման ծախսերը, ապահովելու համար լաւագոյն պայմանները մեր փոքրիկներու հոգատարութեան համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ մեր ծնողներուն՝ մանկամսուրի ծառայութեան նկատմամբ ցուցաբերած վստահութեան համար:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
23 Նոյմբեր, 2020