Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու համահայկական համաժողովները
համակարգող մարմնի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 Նոյեմբեր
2020ին Արմենփրեսի տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ։ Նիստին զեկուցուեցան Միջին Արեւելեան եւ Եւրոպայի տարածաշրջաններուն առցանց ժողովներու ընթացքին
քննարկուած հարցերուն եւ հնչած առաջարկներուն մասին։
Արցախեան պատերազմի պատճառով առկախուած էր ԱՄՆի, Գանատայի եւ
Աւստրալիոյ մէջ գործող լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց ժողովը։Ժողովը
որոշեց տարածաշրջանային այս երրորդ առցանց ժողովը գումարել 10 դեկտեմբերին,
որուն պիտի յաջորդէ՝ 20 դեկտմբերին Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի մէջ գործող
հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու առցանց ժողովը։
Ամանորէն ետք կը գումարուի հայաստանեան եւ արցախեան զանգուածային
լրատուամիջոցներու ղեկավարներու առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը, որմէ ետք վերաթարմացուած շտեմարանային տուեալներով համակարգող խորհուրդը կը յայտարարէ հայկական աշխարհի լրատուամիջոցներու խմբագիրներու
միացեալ հարթակին մասին։
Հայկական Լրատուամիջոցներու Համահայկական
Համաժողովները Համակարգող Մարմնի