«…որոնց միջեւ հակամարտութիւններն այն աստիճանի էին սրուել, որ ելքը ուրացութեան միջոցով, թշնամու զէնքով ու դաւաճանութեամբ միմեանցից վրէժխնդիր լինելն էր դարձել…»
Ինչքան այժմէական կը հնչէ ականջիս 13րդ դարը ապրած պատմիչ եւ իրաւագէտ Սմբատ Սպարապետի (Կոստանդին Պայլի որդին եւ Հեթում Ա.-ի եղբայրը) խօսքերը… անոնք լուծումի որպէս ելք ընտրած էին դաւաճանութիւնը, միմեանց հանդէպ վրէժխնդրութիւնն ու ուրացութիւնը, ինչպէս 8 դար ետք այսօր…:
Եթէ բեմականացած կ’ուզէք տեսնել Ադամի եւ Եւայի պատմութեան դրուագները հետեւեցէք Հայաստանեան ներքին քաղաքականութեան: Սատանան որոշեց… խաբեց կնոջ… կինը խաբեց Ադամին. Ադամ արդարացաւ մեղադրելով կինը… կինը արդարացաւ մեղադրելով օձը եւ այսպէս բոլորը փորձեցին մաքուր ու արդարացած դուրս գալ գործուած սխալին մէջէն…:
Եւ հիմա նոյն ձեւով երբ հայ ազգը կու գայ հաշիւ պահանջելու Ի՛Ր իսկ ընտրած երկիրի առաջնորդներէն, նոյն ողբերգական թատերգութիւնն է որ կը կրկնուի. ամէն մարդ իր կարգին կը փորձէ միւսին վրայ բարդել իր յանցանքը: Սակայն կը կարծեմ Աստուած ճիշդ որոշում տուաւ… պատժեց բոլորը. երանելի կեանքի փոխարէն անոնց տուաւ տառապանքն ու մահը: Այնուհետեւ անոնք երեսի քրտինքով պիտի վաստակէին իրենց օրուայ հացը:
Գիտէ՞ք հաւանաբար եթէ Ադամ եւ Եւա ընդունէին իրենց սխալը աւարտը ըլլար տարբեր. Եթէ մեղանչական ոգիով ներկայանային ու մանկան նման ուրիշի սխալը մատնանշելու փոխարէն սեփական սխալն ու գործած ողբերգութիւնը ընդունէին ազդեցութիւնն ու հետեւանքը տարբեր կ’ըլլար:
Հիմա փորձեցէ՛ք վերոյիշեալ բոլոր արարողութիւնը փոխադրել քաղաքական դաշտ… այդտեղ նոյն այդ մանկական հոգեբանութիւնը գոյութիւն ունի. «ես չեմ… ինքն էր…»: Վէճի արդիւնքը նոյնն է… արտաքսել բոլորը:
Յայտնեմ, որ Սմբատ Սպարապետի յայտնած նկարագրութիւնը ոչ մէկ եզրափակիչ արդիւնքի չհասաւ… Ու թող մեր ապագայի սերունդները գիտնան, որ մեր պապական երկիրը կորսնցնելէ ետք մեր ելքը դարձած է «ուրացութեան միջոցով, թշնամու զէնքով ու դաւաճանութեամբ միմեանցից վրէժխնդիր լինել»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Bottom of Form