Յարգարժան խմբագրութիւն,
Թերթիդ 26 նոյեմբերի թիւին մէջ կարդացի հաղորդագրութիւն մը Լիբանանի ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ թեմի առաջնորդարանի դիւանին ու «Ազգային իշխանութիւններ»ուն անունով: Բովանդակութեան չեմ ուզեր անդրադառնալ. իւրաքանչիւրը ազատ է համաձայն գտնուելու անոր կամ ոչ: Սակայն զիս զարմացուց, որ ստորագրողները կը խօսին «լիբանանահայութեան» անունով: Մի՞թէ ստորագրողները լիազօրուած են խօսելու նաեւ լիբանանահայ կաթողիկէ ու աւետարանարական համայնքներուն անունով, թէ՞ զանոնք արդէն լիբանանահայ չեն նկատեր:
Յարգանքներով՝
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Երեւան