Անդրէաս Արծրունի (27 Նոյեմբեր (9 Դեկտեմբեր) 1847, Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մոսկուա, Ռուսական Կայսրութիւն — 10 (22) Սեպտեմբեր 1898, Քյոլնի վարչական շրջան, Բրուսիոյ թագաւորութիւն), հայ երկրաբան։ Փեթերսպուրկի գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից անդամ (1895 թուականէն)։
Եղբայրն է Գրիգոր Արծրունիի։ Մանուկ հասակին (հօր հետ) կը տեղափոխուի Տփխիս, ուր առաջին անգամ կը սորվի հայերէն։ 1864–ին կ’աւարտէ ուսումնարանը։ Ապա կը յաճախէ Փեթերսպուրկի, Տորփաթի ու Հայտելպերկի համալսարանները (վերջինս կ’աւարտէ 1871 թուականին)՝ քիմիագէտի բարձրագոյն կոչումով։
1871-1875 թուականներուն, պարբերաբար, կեցութիւն կը հաստատէ Թիֆլիսի մէջ, ուր կը զբաղի՝ Կովկասի երկրաբանութեան հետազօտութեամբ, Լոռիի եւ Գանձակի գաւառներուն մէջ, եւ մանկավարժութեամբ։ 1875-ին կը վերադառնայ Գերմանիա եւ Սթրասպուրկի համալսարանի օգնական կը նշանակուի, 1877-1883 թուականներուն՝ Պերլինի համալսարանի դասախօս, իսկ 1884-1898 թուականներուն Ախէնի փոլիթեքնիքայի (ճարտարապետութեան) գիտնական, հանքաբանութեան ամպիոնի վարիչ եւ դեկան (ընդմիջումներով)։
Մեծանուն հայ գիտնականը հեղինակ է երկու հիմնական աշխատասիրութիւններու, որոնք բազմաթիւ հրատարակութեանց արժանացած են եւ իրենց բնագաւառին մէջ կը նկատուին դասական արժէքով գործեր։ Առաջինը 1883-ին լոյս տեսած՝ «Բիւրեղներու Քիմիական Բաղադրութեան Եւ Անոնց Քիմիական Ու Ֆիզիքական Յատկութիւններու Կապը» անունով աշխատասիրութիւնն է։ Երկրորդը՝ «Բիւրեղներու Ֆիզիքական Քիմիան», որ լոյս տեսած է 1893-ին։
Աշխատակցած է «Մշակ»-ին եւ բազմաթիւ եւրոպական գիտական ընկերութիւններու։