Ուրբաթ, 24 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Տեսանկիւն․ Խաբուած Ազգ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ժողովուրդին մեծ սիրոյն եւ վստահութեան որպէս արդիւնք, ատենին կազմուած կառավարութեան երէկուայ նիստը հսկող ոստիկանութիւնը՝ կառավարութեան շէնքին մուտքին…

Երէկ տեղի ունեցաւ ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը իր հերթական օրակարգով: Նիստը այն ձախաւեր կառավարութեան, որուն անդամները կարծես իրենց աթոռներուն կառչած կը փորձեն իրենց կազմին անիմաստ գոյութիւնը երկարաձգել:

Կառավարութիւն, որուն համար կարծես ոչ մէկ վատ բան տեղի ունեցած է, եթէ դատենք ժողովին մէջ ընթացող խօսակցութիւններէն: Կառավարութիւն՝ որ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդ մը, որ յետ տագնապի շոքին՝ բաժնուած է երեք տեսակի.

  1. Առաջինը՝ իրավիճակին հետ չհաշտուող, քաղաքական բնականոն ընթացքով մը նոր իշխանութիւն յառաջ բերել ցանկացողներու հոյլ մըն է, որ լաւ ըմբռնած է, թէ տեղի ունեցած եւ ունենալիք հարցերու միակ հանգուցալուծումը՝ կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններն են, սակայն կազմակերպչական առումով տակաւին կը խարխափէ:
  2. Երկրորդը՝ խաբուած սակայն սեփական խաբուածութիւնը տակաւին չընկալող զանգուած մըն է, որ նաեւ սթոքհոլմեան սինտրոմի ախտանիշերով կը պաշտպանէ այն կառավարութիւնը, որ զինք գերի բռնած է: Այս խումբին կը խթանէն ընկերային համացանցի տարաբնոյթ կեղծ «էութիւնները» fake accounts, եւ Հայաստանը շատո՜նց լքած կարգ մը նորաբոյս սփիւռքահայեր: Այս դասալիքները անոնք են, որոնք շատոնց Հայաստանի անունն անգամ լսելու ցանկութիւնը չեն ունեցած:
  • Երրորդը, ամենամտահոգիչն է: Ան լուռ սակայն իր դժգոհութիւնը ամէն օր աւելի եւս սրուող հաւաքականութիւնն է: Դժգոհութեան մէկ տեսակ, որ սահմանակից է խոր անտարբերութեան եւ կամ յուսահատութեան:

Տխուր է նայիլ այս կառավարութեան եւ այս կառավարութիւնը ձեւաւորած խորհրդարանի այսօրուայ գործունէութեան: Տխուր՝ որովհետեւ անցեալի իրադարձութիւնները կարծես հարիւր տարի ետք պատմական զարգացման օրինաչափութեամբ, դարձեալ կը կրկնուին…: Տխուր է տեսնել ու զգալ մեր ժողովուրդին ապրումները այսօր:

Տխուր եմ, որովհետեւ կարծէք, մեր Հայրենիքը կը համակերպի այն բանին, որ հաւանաբար այս ընթացքով ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի չկարենայ որոշել իր ճակատագիրը:

Սա լուրջ խորհելու եւ մտորելու առիթ է բոլորիս համար:

Դառնութեամբ կը գրեմ այս տողերը: Պիտի չգրէի, եթէ Աստուծոյ, ժողովուրդիս եւ խիղճիս հանդէպ պարտաւորութիւն  եւ պատասխանատուութիւն չզգայի այսօր: Դառնութեամբ եւ մտահոգութեամբ կ՛արտայայտուիմ այսօր, քանի, որ հարցերը հարիւրապատիկ անգամ շատ են քան պատասխանները: Իսկ եթէ պէտք է ըլլամ աւելի եւս անկեղծ՝ պիտի ցաւով պիտի հաստատեմ, որ պատասխաններ չկան…: Եւ կարծես հասարակութիւնը պատասխաններ տալու կամ պատասխաններ լսելու կարիքն ալ չզգար:

Այսօրուընէ տասնամեակներ անց դժուարութիւնը պիտի ունենանք մեր սերունդներուն բացատրելու, թէ ինչը մեզի բերաւ այս անփառունակ հանգրուանին: Ամէն պարագայի, համահայկական նոր գաղափարի, նոր նպատակակէտերու եւ ռազմավարութիւն ձեւակերպելու կենսական անհրաժեշտութիւնը կայ այսօր:

Մինչ այդ սակայն տակաւին ինչե՜ր կրնան պատահիլ…. անոր դատողութիւնը արդէն կը ձգեմ մեր ընթերցողներուն:

Կը տեսնուինք յաջորդող թիւերով:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img