Ֆրանսական ճանապարհային քարտէսի որդեգրումը կենսական է միջազգային օգնութիւն ստանալու, որ միակ յոյսն է այսօր Լիբանանի համար, երկիրը փրկելու ամբողջական փլուզումէ:
Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն այս բանին մասին պարզօրէն ըսաւ երէկ՝ Հինգշաբթի օր: անոր յայտարարութիւնը կարծէք վերջին ճիգն է լիբանանցի պատասխանատուները զգաստութեան մղելու: Ֆրանսայի կարեւոր պահանջներէն է նաեւ անշուշտ կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը, որ յանձն պէտք է առնէ պահանջուած բարեփոխումներն ու բարեկարգումները:
Այս ուղղութեամբ, Ֆրնասա Լիբանանի օգնութեան նուիրուած համաժողով մը պիտի կազմակերպէ Դեկտեմբեր 2-ին: Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ առցանց:
Ֆրանսա ճիգ չի խնայեր որ ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գումարուելիք այս ժողովը կարելի եղածին չափ ներկայացուցչական ըլլայ: