Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Տեսանկիւն․ «ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽ»

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ճիշդ 7 տարիներ առաջ էր երբ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամը ձեռնարկեց «Դէպի Արցախ» նուիրահաւաքը ապահովելու Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շինարարութեան ծրագիրի ծախսը:

Մեծ խանդավառութեամբ սփիւռքահայութիւնը լծուեցաւ նուիրահաւաքի յաջողութեան գործին: 7 տարիներ առաջ՝ այսօր, հիմնադրամի Լիբանանի մարմինը իր կարգին կազմակերպեց ռատիոթոն, որուն առիթով, այն ատեն ԶԱՐԹՕՆՔ-ի որպէս տակաւին աշխատակից՝ այս տողերս գրողը, համեստաբար 28.11.2013 թիւին մէջ ստորագրեց հետեւեալ յօդուածը եւ ռատիոթոնին ընթացքին նոյն բովանդակութեամբ ալ ելոյթ ունեցաւ Ռատիօ Սեւանէն…:

Արցախի վերջին պատերազմին արդիւնքով՝ այսօր Վարդենիս-Մարտակերտ  մայրուղին հայկական տիրապետութեան չէ: Ան պիտի չծառայէ Հայաստանէն Արցախ ուղղուելու մեր նպատակին: Արցախ յետայսու ցնոր տնօրինում, միայն մէկ թոքով Լաչինով պիտի շնչէ…:

Արդեօ՞ք ափսոս էր ատենի բոլորիս զոհողութիւնն ու ուրախութիւնը: Ո՛չ: Ամենեւին ո՛չ: Ես կը հաւատամ, որ ոեւէ ծրագիր անոր ապագայի գոյատեւութեան երաշխիքով չէ, որ անպայման պէտք է գնահատուի: Եթէ տուեալ ծրագիրը իր օրին պէտք էր, ապա այդ ծրագիրը օրին կենսական է անկախ անոր ապագայէն: Մենք գիտենք, որ օրինակ սփիւռքը իր ուժականութեամբ յաւիտենական գոյութիւն մը չէ: Ուրեմն դպրոց չկառուցե՞նք այնտեղ, թերթ հրատարակե՞նք, մշակութային կեդրոն չհիմնե՞նք: Թէ անպայման կառուցենք, հրատարակենք եւ հիմնենք, որովհետեւ այսօր անոր գոյութիւնը կենսական է, անկախ անոր ապագայի ճակատագրէն: Հակառակ պարագային մինչ մենք գիտենք, որ ի վերջոյ հասարակ մահկանացուներ ենք, ուրեմն չուսանի՞նք եւ մեր կեանքը չծրագրե՞նք քանի ի վերջոյ մահը մեզի կը սպասէ…:

Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը իր օրին շատ կարեւոր էր ունենալ: Ան ունեցաւ իր կարեւոր դերը: Արցախը օրին շնչեց երկու կենսական թոքերով: Սակայն մենք կարողացա՞նք զայն լիարժէք օգտագործել: Ահաւասիկ հոս է հարցումը: Վերաբնակեցուցի՞նք մեր ազատագրուած հողերը: Ժողովրդագրական աճ ունեցա՞նք: Տնտեսութիւննիս յարաճուն աճ արձանագրե՞ց:  Հարցումներ են այսօր, որոնք կը կարօտին պատասխանի: Հարցում է այսօր, թէ եթէ մենք 27 Սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի մէջ ունենայինք ո՛չ թէ 150 հազար բնակչութիւն, այլ՝ մէկ միլիոն, Արցախի ճակատագիրը նո՞յնը պիտի ըլլար այսօր…:

Պատերազմը աւարտեցաւ: Անկախ անոր ցաւոտ արդիւնքէն, մեր կարեւոր նպատակակէտերէն մէկը պէտք ըլլայ այսօր անոր գաղթականները ամէն գնով վերադարձնել այնտեղ՝ մեր օժանդակութեամբ անոնց կենցաղային պայմաններ ստեղծելով: Պիտի կարենա՞նք ամէն պարագայի դատարկուող աշխարհասփիւռ մեր կարգ մը համայնքներու ժողովուրդը ուղղորդել Արցախ: Չեմ գիտեր եթէ պիտի կարենանք, բայց թէ ՊԷՏՔ է այդ ընել, սա ամէն կասկածէ ու նկատառումէ վեր է: Մենք այսօր ԱՆՊԱՅՄԱՆ «Դէպի Արցախ» պէտք է վերադառնանք:

Ստորեւ 7 տարիներ առաջ, այսօր՝ գրուած մեր յօդուածը.

Հող մը իր ժողովուրդով է, որ պատկանելիութիւն կը ստանայ: Արցախը այն միակ հայապատկան գրաւեալ հողատարածքն էր, որ Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ կարելի եղաւ վերատիրանալ:

            Ի տարբերութիւն պահանջատէր մեր ժողովուրդի գրաւեալ այլ հողատարածքներուն, Արցախը դարերէ ի վեր եւ մինչեւ իր ազատագրումը բնակուած էր Հայ ժողովուրդի զաւակներով:

            Արցախը այսօր թէկուզ ոչ պաշտօնապէս ճանչցուած, սակայն լիիրաւ «de facto» անկախ հանրապետութիւն մըն է՝ հիմնուած ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքին վրայ:

            Անկախութեան վերատիրանալը սակայն բան մըն է, մինչ անոր գոյատեւման երաշխաւորութիւնը այլ բան մը:

            «Քաջերուն սահմանը իրենց զէնքի ուժին մէջն է». ըսած է մեծանուն հայ պատմիչը՝ Մովսէս Խորենացի՝ դարեր առաջ: Այսօր այդ սահմանի պահպանումն ու անոր անկախութեան երաշխաւորումը՝ նաեւ կը կայանայ անոր տնտեսական ուժին մէջ:

            Մարդկային պատմութեան մէջ հաղորդակցութեան միջոցները կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը եղած է՝ տուեալ երկրին տնտեսական ուժի զարգացման եւ գոյատեւումին, հետեւաբար՝ անոր ժողովուրդի զաւակներուն հողին կառչած մնալը երաշխաւորող շնչառութեան գործիքը, իմա անոր թթուածինը:

            «Դէպի Արցախ»՝ Վարդենիս-Մարտակերտ կենսական ու անհրաժեշտ մայրուղիի կառուցումը, Արցախահայութեան շնչառութեան այն խողովակն է, որ այսօր ուղիղ կապ մը պիտի հաստատէ Հայաստանի եւ Արցախի հիւսիսային շրջաններուն միջեւ՝ խթան մը հանդիսանալով մեր երկուորեակ հանրապետութիւններու ընկերատնտեսական կեանքի զարգացման:

            «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի այս նոր նախաձեռնութեամբ՝ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շինարարութեան ծրագիրը, ատենին բացուած Լաչինի մայրուղիին հետ միատեղ առիթը պիտի տայ արցախահայութեան՝ երկու թոքերով շնչելու եւ անոր երիտասարդութիւնն ու բնակչութիւնը մայր հողին վրայ պահելու եւ գոյատեւելու հնարաւորութիւնները ապահովելու:

            Համայն Հայ ժողովուրդը այսօր՝ հրաւիրուած է մասնակցելու այս համազգային դրամահաւաքին:

            Նուիրատուի մը հոգեբանութեան համար շատ կարեւոր է իր լումային տեղ հասնելու փաստը: «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը այս առնչութեամբ մեծ վարկ կը վայելէ շնորհիւ իր արդար, հաշուետու եւ թափանցիկ գործելաձեւին ու ծրագիրներու ամբողջացման փաստին:

            Հետեւաբար այսօր՝ տանք առանց երկմտանքի: Տանք ինչ որ կրնանք, որովհետեւ մեր տուածը այսօր մեր անձնական հաշուապահութեան մէջ որպէս «ծախս» չէ որ կ’արձանագրուի, այլ «ներդրում» մեր զաւակներուն ապագային եւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման հաշւոյն մէջ:

            Ի վերջոյ այս անկայուն աշխարհին մէջ մենք՝ սփիւռքահայութիւնս, որքան ալ քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ արմատաւորուած ըլլանք մեր բնակած երկիրներուն մէջ, մեր ժողովուրդին միակ ապահով եւ յաւիտենական օթեւանը Հայրենիքն է Հայաստանն ու Արցախը: Վկայ՝ սուրիահայութիւնը այսօր: Վկայ՝ այն պատմական փաստը, որ որքան ալ հզօրացած է սփիւռքահայ գաղութ մը, ան միշտ դատապարտուած է նօսրացման, մինչ Հայրենիքի մէջ Հայ ժողովուրդը հակառակ բոլոր արհաւիրքներուն գոյատեւած է ու պիտի շարունակէ գոյատեւել:

            Այսօ’ր բոլորս «Դէպի Արցախ»:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img