Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Առաքել Պատրիկ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Առաքել Նշան Պատրիկ Պատրիարքեան ծնած է Սեբաստիա, 28 Նոյեմբեր 1894-ին: Ան իր նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի Ազգային Արամեան Վարժարանին մէջ, ուր 1903-1913 թուականներուն, բախտը կ՛ունենայ աշակերտելու Դանիէլ Վարուժանի: Հազիւ ուսումնաւարտ, Եւդեկիոյ Առաջնորդ Շաւարշ Ծ. վրդ. յանձնարարութեամբ՝ Սեբաստիոյ եւ Եւդեկիոյ միջեւ գտնուող Արդովայի դաշտի հայաբնակ հինգ գիւղերու պատանիներուն համար կը կազմակերպէ կեդրոնական վարժարան մը: Սակայն վրայ կը հասնի Համաշխարհային Ա. Պատերազմը, ու Առաքել Պատրիկ կը զինուորագրուի:

1915-ին կ’աքսորուի Գոնիա, ուր հրաշքով կը փրկուի գնդակահարութեան ստոյգ որոշումէն: 1918-ին, զինադադարէն ետք կ’անցնի Կ. Պոլիս:

1920-ին կը մեկնի Իտալիա, ուր կը հետեւի Հռոմի եւ Միլանոյի Լէոնարտոյ Տա Վինշիի անուան նկարչական ակադեմիաներու դասընթացքներուն: Ապա կ’անցնի Փարիզ, ուր տարի մը կը նուիրէ մասնագիտանալու նկարչութեան արուեստին:

1925-էն սկսած Ա. Պատրիկ՝ իբրեւ գծագրութեան ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Գահիրէի Գալուստեան, Նուպարեան եւ Պէրպէրեան վարժարաններուն մէջ։ 1932-ին կ’անցնի Կիպրոս, ուր մինչեւ 1936 կը պաշտօնավարէ Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ՝ Նկարչական բաժնի վարիչի պաշտօնին զուգահեռ, կը նուիրուի ազգային-հասարակական գործունէութեան:

1947-ին Ա. Պատրիկ կը մեկնի Հայաստան, ուր պաշտօնի կը կոչուի Հայաստանի Պատմութեան Պետական Թանգարանին մէջ։ Մէկ քանի տարի կը մասնակցի Դուինի հնագիտական պեղումներու աշխատանքներուն:

Կ՛ընտրուի Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան անդամ: Ա. Պատրիկի նկարները գլխաւորաբար կը նպատակադրեն վերակենդանացնել Հայ ժողովուրդի պատմական անցեալը:

Կը հանդիսանայ հիմնադիրներէն մէկը «Հայ Գրքի Բարեկամներու Միութիւն»ի, ինչպէս եւ «Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Միութիւն»ի:

Նկարիչ, ազգագրագէտ, բանասէր ու պատմաբան, Ա. Պատրիկ յօդուածներ ու նկարներ կը ստորագրէ «Էջմիածին», «Սովետական Հայաստան» եւ «Նոր Սեբաստիա» ամսաթերթերու մէջ:

Հայագիտական թեքումով՝ առանձին հատորներով կը հրատարակէ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ ԱԶԳ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ (Գահիրէ, 1946), ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԸ ԻՄ ՅՈՒՇԵՐՈՒՄ (Երեւան, 1965), ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶ (Երեւան, 1967), ՊԱՏՄԱԳԻՐՔ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ԵՒ ԳԱՒԱՐԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, Ա. ՀՏՐ. (Պէյրութ, 1974), Բ.ՀՏՐ. (ԱՄՆ, 1983) աշխատասիրութիւնները:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img