Այս օրերուն Հայաստանի մէջ դառն օրակարգ հանդիսացող անյայտ կորսուածներու խնդրին միացած են երկու լիբանանահայեր։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկացնէ, թէ անհետացած են լիբանանահայեր Վիգէն Էօլճեքեան եւ Մարալ Նաճարեան:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի 1979-ի ծնունդ Վիգէն եւ 1971-ի ծնունդ Մարալ ամոլը նախքան պատերազմի սկսիլը Շուշի բնակելու նպատակով Երեւան ապա Արցախ Լաչինի շրջան հաստատուած են: Մեր հայրենակիցները վերջին անգամ նկատուած են Բերձորի մէջ եւ հրադադարի օրը (10 նոյեմբեր) մեկնած են Շուշի սակայն մինչեւ օրս չեն վերադարձած։
Հետաքննութիւնները կը շարունակուին: