Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Հանդիպում Ամենայն Հայոց Հայրապետին Հետ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հայաստան իր աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ «Զարթօնք»  օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան այցելեց Մայր Աթոռ, ուր ընդունելութեանը արժանացաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառին:

Հանդիպման ընթացքին ընկ. Յակոբեան ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան իր գործընկերներուն եւ լիբանանահայութեան անունով ընդհանրապէս,  զօրակցութիւն յայտնեց Վեհափառին՝ Հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին ապրած աննախադէպօրէն դժուար այս օրերը՝ Ամենակալին օգնութեամբ եւ քաջ Հովիւի իր առաքինութեամբ դիմակալելուն համար: Ընկ. Յակոբեան խստօրէն դատապարտեց Մայր Աթոռին հանդէպ իշխանութեան ցուցաբերած անպատշաճ պահուածքը, որ վերջերս նաեւ դրսեւորուեցաւ եպիսկոպոսներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու խօսքի ազատութիւնը կաշկանդելու փորձերով, որ անյարիր է մեր գաղափարական դաւանանքին: 

Վեհափառը մեծ ափսոսանքով արտայայտուեցաւ Արցախի կարեւոր մէկ հատուածին կորուստին եւ պատերազմի ցաւալի հետեւանքներուն մասին: Ան ցաւով նշեց ազերիական տիրապետութեան տակ անցած պատմամշակութային մեր ժառանգութիւններուն սպառնացող վտանգը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դրուատիքով վեր առաւ  Հայրենիքի համար իրենց կեանքը տուած մեր ժողովուրդին քաջարի զաւակներուն անձնազոհութիւնը: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց անյայտ կորածներու եւ ռազմագերիներու պարագան եւ կոչ ըրաւ կողմերուն անյապաղ լուծել մարդկային այս կարեւոր հարցը: Ամենայն Հայոց Հայրապետը  խորին մտահոգութեամբ պարզեց Հայրենիքի ներկայ կացութիւնը: Այս առիթով ան դարձեալ շեշտեց, որ հայրենիքի գերագոյն շահին ի խնդիր, պէտք է մէկ կողմ դրուին անհատական եւ խմբակային բոլոր շահերն ու յաւակնութիւնները: Վեհափառ Հայրապետը յոյժ կարեւորեց այն հանգամանքը, որ ինչպէս իւրաքանչիւրիս՝ այնպէս ալ պետական եւ քաղաքական գործիչներու պարտքն է պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ յանձն առնել ամեն զոհողութիւն ստեղծուած բարդ իրավիճակին յաղթահարման համար՝ յանուն մեր հայրենիքին կայունութեան, ապահովութեան եւ պայծառ ապագային:

Հանդիպման ընթացքին շեշտը դրուեցաւ պատերազմի հետեւանքով Արցախէն գաղթած բնակչութեան օր առաջ տուն վերադարձի կարեւորութեան վրայ: Մատնանշուեցաւ, որ Արցախի նոր կեանքի կերտումին համար յարմար պայմաններ ստեղծելը, ինչպէս պետութեան ՝  նաեւ համայն հայութեան պարտականութիւնն է:

Հանդիպման աւարտին Ամենայն Հայոց Հայրապետը ուժ եւ կորով մաղթեց ընկ. Յակոբեանին եւ իր գործընկերներուն՝ աննկուն կամքով շարունակելու իրենց ընտրած ազգանուէր առաքելութիւնը յանուն Հայրենիքին եւ Հայ ժողովուրդին:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img