Սիրելի՛ Սեւակ,
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի 27 Նոյեմբեր 2020-ի թիւին առաջնորդող յօդուածիդ մէջ գրած ես. «Այսօրուընէ տասնամեակներ անց դժուարութիւնը պիտի ունենանք մեր սերունդներուն բացատրելու, թէ ինչը մեզի բերաւ այս անփառունակ հանգրուանին»:
Տասնամեակներ սպասելու կարիք չկայ: Ոչ միայն այսօր, այլեւ տասնամեակներ ԱՌԱՋ ալ կարելի էր բացատրել մեր այս ազգային աղէտին ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ: Վերջին տասնամեակներու մեր անփութութեան, անպատասխանատուութեան, կեղծաւորութեան, պատրանասիրութեան, սուտ հայրենասիրութեան (որու գլխաւոր ցուցիչը Հայրենիքէն դուրս ՄԻԼԻՈՆՆԵՐՈՎ ապրելու փաստն է) եւ այլն եւ այլ ԱԽՏԵՐուն բնական, տրամաբանական ու անխուսափելի հետեւանքը ա՛յս պիտի ըլլար: Հաւանական ահաւոր աղէտին մասին զգուշացուցեր էի 2008-ին լոյս տեսած իմ <Կարսի 1920 թուականի անկման խորքային պատճառները> գրքոյկիս վերջաւորութեան: Զիս շատ քիչեր լսեցին: Աւելին, դէմս խաչակրաց արշաւանք սկսան կարգ մը պնակալէզ «պատմաբան»-ներ:
Աղէտին մէջ ԲՈԼՈՐՍ ԻՒՐՈՎԻ ՄԵՂՔԻ ՄԵՐ ԲԱԺԻՆՆ ՈՒՆԻՆՔ: Եթէ այս ինքնախոստովանանքը այսօր չկատարենք ու շարունակենք ջայլամի վարքը՝ վերջնականապէս պիտի կործանինք:
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ