Սիրելի Սեւակ,
Կ՛ողջունեմ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի 28 Նոյեմբեր 2020-ի թիւին առաջնորդող յօդուածիդ առողջ դատողութիւններն ու միտքերը: Այո՛, եթէ մենք Արցախի մէջ ունենայինք ոչ թէ 120-150 հազար հայութիւն, այլ մէկ կամ աւելի միլիոն հայութիւն, ոեւէ մէկուն միտքի ծայրէն իսկ չէր անցներ զայն հայաթափելու սատանայական ծրագիր մը:
Մենք մեր հայրենիքը դատարկելով՝ թշնամիին առջեւ բացած ենք մեր տան դարպասները: Հիմա ալ, արտագաղթի մասին մտածելով, փաստօրէն ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՄԵԶԻ ՄՆԱՑԱԾ ԱՅՍ ԿՏՈՐՆ ԱԼ ԿՈՐԾԱՆԵԼՈՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ:
Հայրենասիրութիւնը դատարկախօսութիւն է եւ կեղծաւորութիւն եթէ անոր չուղեկցիր հայրենաՏԻՐութիւնը:
Եթէ մէկը կամ հայրենիքդ կը սիրես՝ անոր տիրութի՛ւն պէտք է ընես, այլապէս հայրենասիրութիւնդ ստոր կեղծաւորութիւն է: Մեր ազգին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը սիրէ ապրիլ կեղծիքներու կամ պատրանքներու մէջ:
Ամօ՛թ այն ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒՆ, եթէ շարունակեն ապրիլ օտարութեան մէջ՝ հեռուէն Հայրենիքը սիրելու կեղծաւորութեամբ ու Հայրենիք վերադառնալու սուրբ գաղափարը աղբանոց նետելով:
ԴԱ՛ՐՁ ԴԷՊԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔ՝ ԱՌԱՆՑ ԱՅԴ ԴԱՐՁԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՈՐԵՒԷ ՊԱՀԱՆՋՈՎ: Կա՛մ հայը կը վերադառնայ իր հայրենիքը, տիրութիւն կ’ընէ անոր, կա՛մ տասնամեակներ ետք կը վերանայ աշխարհիս երեսէն: Հայրենիք վերադառնալու տեսլականը կորսնցուցած հայազգի արարածը հայ չեմ նկատեր, իսկ եթէ նկատեմ՝ ան միայն ազգային դաւաճան կրնայ ըլլալ ինծի համար: Միայն հայերն ունին «Ուր հաց, այնտեղ կաց» ՍՏՈՐԱԳՈՅՆ ասացուածքը, մինչդեռ թրքազգիներուն եւ ռուսերուն համար, իրենց հայրենիքը հոն է, ուր ոտք կը կոխէ իրենց զինուորին ճտքակօշիկը՝ այդ տեղն ըլլայ իրենց բնօրրանը, թէ ուրիշներուն հայրենիքը:
Կ’ուզե՞նք յարատեւել այս արեւին տակ իբրեւ հայ տեսակ, թէ՞ ոչ: Ընտրութիւնը իւրաքանչիւր հայինն է:
Յ. Գ. «Յետայսու» բառ գոյութիւն չունի հայերէնին մէջ: Հաճիս հրաժարի՛ր այդ բառէն, փոխարէնը գործածէ՛ «այսուհետ»ը:
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Երեւան