Զարեհ Որբունի (24 Մայիս 1902, Օրդու, Թուրքիա — 1 Դեկտեմբեր 1980, Բանյո), նշանաւոր հայ վիպասան, խմբագիր եւ արձակագիր։
Ծնած է Օրտու (ծովու վրայ)։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Եղեռնի ժամանակ հայրը կորսնցնելէ ետք, 1919-ին կու գայ Կ.Պոլիս, ուր կը յաճախէ Պէրպէրեան վարժարանը եւ կը կատարէ իր գրական առաջին փորձերը։
1922 թուականին կ’անցնի Ֆրանսա՝ Մարսէյլ, ուր քանի մը տարի ետք կը հրատարակէ իր առաջին հատորը։ Որբունի ագահ ընթերցող եղած է, ծանօթացած է եւրոպական միտքի զարգացման միտումներուն եւ ֆրանսական գրականութեան յայտնի գործերուն։
Մինչեւ պատերազմ, կ’ապրի Փարիզի եւ Սթրասպուրկի մէջ։ 1939–ին ֆրանսական բանակի զինուոր դառնալէ ետք, գերի կ’իյնայ ու մինչեւ 1945 թուական կը մնայ Գերմանիա։
Ազատագրումին՝ լոյս կ’ընծայէ պատմուածքներու հատոր մը։ Նոյնպիսի երկրորդ հատոր մը կը հրատարակէ տասնամեակ մը ետք։ Բայց փաստօրէն մինչեւ 1960–ական տարիներուն կէսը, հեռու կը մնայ գրական կեանքէն։ 1965–էն ետք միայն, ուշագրաւ վերադարձով մը, կ’արտադրէ յաջորդական հինգ գործեր՝ վէպեր եւ պատմուածքներ, որոնք կը զգացնեն միութիւնն ու շարունակականութիւնը իր վիպական աշխարհին ու ոճին։
1929-ի «Փորձը»ին, 1965-ի «Եւ եղեւ մարդ»ին, 1967-ի «Թեկնածուն»ին ու մինչեւ վերջին վէպին՝ «Սովորական օր մը»ի (1973) թուականային գրեթէ քառասուն տարիներու անջրպետին մէջ, Որբունի երկար ատեն գրականութիւն չէ «ըրած», սակայն կեանքի իր վերջին քսան տարիներուն հասած է վիպական-ստեղծագործական վաստակի որակի մը՝ որ վաւերագրումն է իր տաղանդին ու զինք զուգահեռի կը բերէ եւրոպական առումով մեծերու հետ։ 1965-ին լոյս կը տեսնէ «Եւ եղեւ մարդ»ը, ապա՝ յաջորդաբար, 1966 -ին՝ «Գոհարիկ եւ ուրիշներ» նորավէպերու երրորդ հատորը, 1967-ին՝ «Թեկնածուն» (Բ. գիրքը «Հալածուածները» վիպաշարքին), 1971-ին՝ «Ասֆալթը» (Գ. գիրքը նոյն շարքին), եւ վերջապէս՝ 1973-ին, «Սովորական օր մը» վէպը (Դ. գիրքը շարքին)։
Կը մահանայ Փարիզ։ Կը ձգէ անտիպ գործեր։ Մահէն ետք մասամբ լոյս կը տեսնեն մամլոյ մէջ (վէպ, օրագիր)։