Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը գլխաւորութեամբ իր նախագահին՝ Ընկ. Հրաչեայ Կարապետեանին Երեւանի մէջ ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանը, որ աշխատանքային այցով մը կը գտնուէր Հայաստան:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Արցախեան պատերազմի արդիւնքով ստեղծուած իրավիճակը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այս ծիրէն ներս ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը տեղեկացուց՝ ներ-հայաստանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ վերջերս կայացած իր հանդիպումներուն մասին, որոնց ընթացքին քննարկուած են ներկայ անկայուն իրավիճակը լաւագոյնս շրջանցելու միջոցներուն մասին:
Կողմերուն մէջ քննարկուեցան ներ-կուսակցական օրակարգեր եւ շեշտը դրուեցաւ աւելի եւս համագործակցութեան եւ համատեղ աշխատանքի կարեւորութեան վրայ ի փառս մեր կուսակցութեան եւ Հայրենիքին: