Դոկտ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Թերթելով հայոց պատմութեան էջերը կը համոզուինք, որ հայուն քաղաքական եւ հաւաքական թերութիւններուն մէջ ամենաօրհասականը եղած է անոր անմիաբանութիւնը։ Փաստ մը, որմէ օգտուած է միայն օտարը, իր քաղաքական-տնտեսական շահերուն ծառայեցնելով հայուն ե՛ւ մտքին թռիչքը, ե՛ւ մկաններուն ուժը, ե՛ւ մայր հողին բարիքը՝ ամբողջ արգասիքը անոր շինարար եւ ստեղծագործ ոգիին։
Հին եւ նոր կարգախօս է դիւանագիտութեան մէջ ըսել «բաժնէ՛, որ տիրես»։ Ան թշնամիին գործածած ազդու զէնքն է՝ տկարացնելու իր ոսոխը, զայն ներքնապէս բարոյազրկելու, ընդերքէն քայքայելու եւ առանց մեծածախս դժուարութեան՝ տիրելու անոր։ Սակայն դիւանագիտութեան այս զէնքը ընդհանրապէս կը բանի հոն, ուր բոյն դրած են անմիաբանութիւնը, կեդրոնախոյս ձգտումները փոքրոգի եւ թուլասիրտ մարդոց, տիրադաւ ու եղբայրասպան կռիւները «արիութեան եւ քաջութեան մէջ վախկոտութիւն խառնողներուն»։
Արդարեւ, հայոց պատմութիւնը լեցուն է այսպիսի փաստերով ե՛ւ Արշակունեաց, ե՛ւ Բագրատունեաց, ե՛ւ Ռուբինեանց, ինչպէս նաեւ յետագայ շրջաններուն, ընդհուպ մինչեւ մեր օրերը։ Ժամանակի անիւը իր ծիրին շուրջ լայնօրէն պտըտած է պատմական դէմքերու եւ դէպքերու այնպիսի՛ շլացուցիչ կրկնութիւններով, որ կարծէք պատմութեան լայն պաստառին վրայ ընդամէնը թուականներ փոխուած են, մինչդեռ մնացածը գրեթէ ամբողջութեամբ հանդիսացած է նմանօրինակութիւն մը։
Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ Հայաստանի Ա. բաժանումը[1] 387 թուականին իրականացաւ,– թո՛ղ օտարին գերակշռող ուժը,– որովհետեւ հայ նախարարական տուները չկրցան ստեղծել կեդրոնաձիգ միութիւն մը՝ համախմբուած արքունի գահին շուրջ։ Անոնք պառակտուած էին քաղաքական եւ մշակութային զոյգ հոսանքներու՝ պարսկական եւ բիւզանդական ազդեցութիւններու միջեւ։ Այն, որ տոհմիկ էր ու կը ներկայացնէր համազգային արժէք մը, քիչերն էին, որոնք կը գնահատէին անոր գերազանց կարեւորութիւնը հայ ինքնութեան, ազգին եւ պետութեան պահպանման հեռանկարով։ Փոքրամասնութեան մէջ գտնուող այս դրական ուժերուն քով երկրին վերնախաւը իր հակակշռին տակ առած ներհակ եւ բացասական հոսանքը այնքա՜ն ազդեցիկ դարձած էր, որ այլեւս անկարելի էր որեւէ ձեւով կասեցնել անոր աղէտալի արկածախնդրութիւնը։
Միանգամայն աւելորդ չէ այստեղ վերակոչել այն վկայութիւնը, որ աւանդած է մեզի Ե. դարու պատմիչը.
«Արշակի թագաւորութիւնը կարգին չկրցաւ հաստատուիլ երկրին մէջ, այլ Հայոց նախարարներէն շատերը զատուեցան գացին Պարսից թագաւորին մօտ, Հայոց աշխարհը անոր մատնեցին եւ խնդրեցին անկէ Արշակունի (նոր) թագաւոր մը։ Ան մեծ ուրախութեամբ յանձն առաւ իր կողմէ եւ իր խօսքով (նշանակել նոր թագաւոր մը) Հայոց նոյն Արշակունի թագաւորներու տոհմէն եւ անոր միջոցով իրեն ենթարկել Հայոց աշխարհը։ Ապա ան գտաւ նոյն տոհմէն երիտասարդ մը Խոսրով անունով, անոր գլխուն թագ դրաւ եւ անոր կնութեան տուաւ իր Զրուանդուխտ քոյրը, իր բոլոր զօրքերը անոր հետ դրաւ եւ Զիկ նուիրակը դաստիարակ (իմա՝ խորհրդատու) նշանակեց Խոսրով թագաւորին։ Այսպէս անոնք ելան եկան Հայոց աշխարհը։ Արշակ թագաւորը երբ տեսաւ զանոնք՝ տեղի տուաւ, քաշուեցաւ գնաց Յունաց սահմանները։ Եւ թիկունք եղան Արշակ թագաւորին Յունաց թագաւորը, իսկ Խոսրովին՝ Պարսից թագաւորը։
[…] Ապա Յունաց եւ Պարսից թագաւորները խորհրդակցելով իրարու հետ՝ համաձայնութեան եկան։ Անոնք յարմար նկատեցին նախ Հայոց աշխարհը իրարու միջեւ երկու մասի բաժնել։ Անոնք կ’ըսէին. ʽՄեր երկուքին միջեւ ինկած է այս հզօր եւ հարուստ թագաւորութիւնը. լաւ կ’ըլլայ, որ այս ձեւով տկարացնենք ու խանգարենք այս թագաւորութիւնը. նախ երկու մասի բաժնենք այս երկու Արշակունի թագաւորներով որոնք նշանակեցինք, յետոյ կ’աշխատինք զանոնք ալ սահմանափակել, աղքատացնել եւ մեր ծառայութեան ենթարկել, որպէսզի չկարենան մեր մէջ գլուխ բարձրացնելʼ։
[…] Այն ժամանակ Հայոց թագաւորութիւնը բաժնուեցաւ, ցրուեցաւ, տկարացաւ եւ ինկաւ իր նախկին մեծութենէն»։[2]
Ի դէպ, այդ նոյն նախարարներն էին, որոնք Խոսրով Գ.-էն նմանապէս դժգոհելով՝ բողոք յարուցին պարսից թագաւորին՝ գահընկէց ընելու զայն, իբրեւ թէ կաթողիկոսական Աթոռին նշանակած էր Սահակ Պարթեւի նման լուսապսակ անձ մը, որուն ոչ պակաս քան Մաշտոցին կը պարտինք Ոսկեդարու հոգեւոր-մշակութային անզուգական երկունքը։
Մայրամուտը Արշակունեաց հարստութեան, կորուստը հայոց պետութեան 428 թուականին, կը կազմեն մեր պատմութեան ամենատխուր էջերէն մին։ Այստեղ եւս թշնամիին համար ուրիշ ոչ ոք նախապատրաստեց հայոց թագաւորութեան կործանման եւ երկրի թշուառութեան նախապայմանները, բացի իրենց տոհմային եւ ընտանեկան առաւելութիւնները ազգի ու հայրենիքի գերագոյն շահերէն աւելի բարձր դասող եւ անհեռատես քաղաքականութիւն վարող հայ նախարարներէն։
Դժգոհ՝ Վռամշապուհ թագաւորին յաջորդած Արտաշէս Դ.-ի վարքէն, հայ նախարարները կը ներկայանան Սահակ կաթողիկոսին՝ թագաւորը գահընկէց ընելու անփառունակ ծրագրով։ Պարթեւ հայրապետը՝ Ս. Սահակ, կանխատեսելով վերահաս վտանգը, ոչ միայն կտրականապէս կը մերժէ միաբանիլ անոնց, այլ ընդհակառակը՝ կը յորդորէ ընդունիլ սեփական թագաւորը հանդերձ իր թերութիւններով, զօրավիգ ըլլալ անոր, յուսալ աւելի բարւոք լուծումներ գտնել, քան քանդել եղածը, ան ալ ոսոխին ձեռքով, եւ թոյլ չտալ Հայոց աշխարհի մղձաւանջային օրերուն քաղաքական այնպիսի՛ ծանրակշիռ սխալ մը, որ կրնայ ճակատագրական աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ թէ՛ ներկայի, եւ թէ՛ ապագայի համար։
Հայ Եկեղեցւոյ այս պատկառազդու անձնաւորութեան՝ Ս. Սահակ հայրապետի խրատը այնքա՛ն ուսանելի կէտեր ունի այսօրուայ հայ իրականութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչուած, որ միանգամայն յարմար կը նկատեմ մեր պատմիչներու վկայութենէն զանոնք մէջբերել ստորեւ.
«Հայոց Արտաշիր թագաւորը սկսաւ այնչափ անառակ ցանկութիւններու մէջ թաղուիլ, այն աստիճան, որ բոլոր նախարարները անկէ զզուեցան։ Անոնք եկան Մեծն Սահակի մօտ, բողոք բարձրացուցին եւ զայն հրաւիրեցին օգնելու իրենց, որպէսզի Պարսից թագաւորին առջեւ (Արտաշիր թագաւորին) դէմ չարախօսելով՝ գահընկէց ընեն ու պարսիկ մը բերեն կառավարելու համար (Հայոց) աշխարհը։ Իսկ (Մեծն Սահակը այս լսելով) ըսաւ. ʽՉեմ ուզեր հերքել ձեր ըսածները, ես ալ լսած եմ անոր ցաւալի, ամօթալի կենցաղավարութեան մասին, շատ անգամ յանդիմանած եմ, բայց ան ուրացած է։ Արդ, պէտք է ժամանակ մը տանիլ այդ մարդուն թերութիւնները, մինչեւ մտածենք (ուրիշ) ելք մը գտնել Յունաց Թէոդոս կայսեր միջոցով, բայց ոչ թէ մատնել զայն անօրէններուն ձեռքը եւ իյնալ ծաղր ու խայտառակ վիճակի մը մէջʼ։
Իսկ անոնց (նախարարներուն) ուզածը այս չէր, անոնք կը ջանային իրենց համախորհուրդ դարձնել զինք։ Բայց ան ըսաւ. ʽՔաւ լիցի, որ ես իմ մոլորած ոչխարը մատնեմ գայլերուն, որ ես չպահեմ բեկուածը կամ հիւանդացածը, այլ գահավէժ ընեմ… Թէպէտ ան անառակ է, սակայն դրոշմուած է աւազանով, պոռնիկ՝ բայց քրիստոնեայ է, մարմնով ապականած է, բայց անհաւատ չէ հոգիով, բարքով զեխ է, բայց ոչ՝ կրակապաշտ, թուլութիւն ունի կանանց հանդէպ, բայց երկրպագու չէ տարերքին։ Եւ ինչպէ՞ս կարելի է իմ այդ ախտաւոր ոչխարը փոխել առողջ գազանին հետ, որուն առողջութիւնը մեզի համար ստոյգ պատուհաս էʼ։
Բայց նախարարները մտածելով, թէ (կաթողիկոսը) զիրենք խաբելու նպատակով այդպէս կը խօսի, որպէսզի յետաձգել տայ իրենց ծրագիրը եւ զգուշացնէ թագաւորը, միաբերան կ’ըսեն. ʽՔանի որ դուն մեզի հետ չուզեցիր համաձայնիլ, որ ան չթագաւորէ, ահա մենք ալ չենք ուզեր, որ դուն քահանայ ըլլաս մեր վրայʼ։ Եւ բոլորը միաբանութեամբ ելան գացին Պարսից Վռամ թագաւորին մօտ, ոմն փառամոլ քահանայի մը՝ Արծկեացի Սուրմակին հետ, չարախօսելու իրենց Արտաշիր թագաւորի եւ Մեծն Սահակի դէմ, թէ անոնք հակած են դէպի յոյներուն կողմը»[3]։
Արդարեւ, հայ նախարարները ոչ միայն իրենց հիւանդ գառը մատնեցին օտարի առողջ գայլին, այլ նաեւ իրենց բարի հովիւը՝ Ս. Սահակ Պարթեւը, որ կաթողիկոսական Աթոռին վրայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի պարթեւական եւ Մամիկոնեան տոհմերէն սերող վերջին ներկայացուցիչն էր։ Պարսից Վռամ Ե. Թագաւորը, առիթէն օգտուելով, վերջ դրաւ Արշակունեաց թագաւորութեան՝ գահընկէց ընելով Արտաշէս Դ.-ը եւ միաժամանակ աթոռազրկելով Սահակ կաթողիկոսը՝ Արտաշէսը պաշտպանած ըլլալուն համար։
Փաստoրէն հայոց թագաւորութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ պարսիկներու դարաւոր պայքարը, որ միշտ անյաջողութեան մատնուած էր հայոց բանակի եւ նախարարներու դիմադրութեան շնորհիւ, ի վերջոյ յաջողութեամբ պսակուեցաւ ոչ թէ թշնամիներու, այլ ուղղակի հայ նախարարներու ձեռքով:
Դիպուկ է Խորենացիին քով նախարարներուն եւ Արծկեացի Սուրմակ երէցին կողմէ Պարսից Վռամ Ե.-ին մօտ Արտաշէս Գ.-ին եւ Սահակ Պարթեւին դէմ ներկայացուած չարախօսութեան բնոյթը, որ ո՛չ կրօնական եւ ո՛չ ալ բարոյական հիմք ունի, այլ ունի զուտ քաղաքական հէնք, թէ «զՅունօք գլեալ խորհրդովն»[4], այսինքն՝ հայոց արքան եւ կաթողիկոսը «յոյներու կողմը հակած են»։
Սակայն սոյն իրադարձութիւնները պահ մըն ալ հարկ է քննարկել այլ ենթահողի մը վրայ։ Պատմական իրողութիւնը այն է, որ Սասանի ցեղէն Արտաշիր Ա.-ը արդէն 224 թուականին պատերազմելով պարթեւներու արքայից արքայ Արտաւանի դէմ՝ պարտութեան մատնած էր զայն, եւ 226-ին ալ գրաւելով Տիզբոն մայրաքաղաքը՝ ամբողջ պետութիւնը ենթարկած էր իրեն եւ, այսպէս, հիմնած Սասանեան հարստութիւնը։ Այդ օրէն սկսեալ, երբ Պարսկաստանի մէջ պարթեւ Արշակունիները արիւնալի վայրագութեամբ կը հալածուէին, Հայաստանի մէջ անոնց տոհմը տակաւին կը գոյատեւէր շուրջ երկու հարիւր տարի։ Բնականաբար Սասանեանները հաշտ աչքով չէին դիտեր իրենց քաղաքական ազդեցութեան ոլորտին մէջ գտնուող Արշակունեաց թագաւորութեան հայկական ճիւղը, ուստի դարանակալ կը սպասէին պատեհ առիթը՝ զայն կա՛մ ռազմական, կա՛մ ալ դիւանագիտական նենգութեան միջոցով միանգամընդմիշտ վերացնելու, հնարաւոր վտանգի կամ մրցակցութեան մը առաջքը վերջնականապէս առնելու համար։ Այս նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ լուրջ խոչնդոտ մըն էր, անշուշտ, Հայ Եկեղեցին, որուն գահակալները, իրենց ներկայացուցած կրօնական տարբերութենէն բացի, ոչ ուրիշ ցեղի՝ այլ պարթեւական ազգի ժառանգորդներ էին, որոնք նաեւ Յուսիկ Ա. կաթողիկոսի Տիրան թագաւորի դստեր հետ ունեցած ամուսնական կապով բարեկամացած էին Արշակունիներու արքայատոհմին հետ։
Անշուշտ պարսից արքունիքը քաջ գիտէր, թէ ոգեկան ուժի ինչպիսի՛ աղբիւր էր Հայ Եկեղեցին իր պետականութենէն զրկուող հայութեան համար, եւ թէ որքա՜ն մեծ ազդեցութիւն կրնային ունենալ Ս. Սահակի նման հեռատես եւ իրենց հօտին պահպանութեամբ մտահոգ հայրապետներ հայ ժողովուրդի ինքնութեան զարգացման վրայ։ Ուստի պարսից արքունիքը կը միտէր հայութեան աչքին գործնականօրէն հեղինակազրկել Լուսաւորչի Գահը՝ անոր վրայ բազմեցնելով Սուրմակ երէցի, Բրքիշոյի եւ Շմուէլ ասորածին եպիսկոպոսներու նման հայու ոգիին խոտոր օտարազգիները։
Բնական է, որ ի վերջոյ հայ նախարարներուն ալ պիտի պարզուէր ճշմարիտ եւ վարձկան հովիւներու միջեւ հսկայ տարբերութիւնը։ Շմուէլի մահէն ետք, 437 թուականին, անոնք կը դիմեն Ս. Սահակին, որ վերստին յանձն առնէ կաթողիկոսութիւնը՝ խոստանալով ձեռք բերել պարսից արքունիքի համաձայնութիւնը։ Սակայն Բագրեւանդ քաշուած եւ տեղի Ս. Յովհաննէս վանքին մէջ աղօթքի եւ ճգնութեան նուիրուած ծերունի կաթողիկոսը այնքան վիրաւորուած էր անցեալի չարաբաստիկ դէպքերէն, հայ նախարարներու չարաղէտ ընթացքէն, որ կը մերժէ անոնց խնդրանքը ու դառնացած՝ կտրուկ շեշտով մը կը պատասխանէ. «Չեմ ուզեր քահանայանալ տիրանենգ, տիրասպան եւ մատնիչ ժողովուրդի մը վրայ»[5]։
Որքա՜ն կսկիծ եւ հիասթափութիւն կայ Ս. Սահակի վերոյիշեալ խօսքերուն մէջ, բայց միեւնոյն ատեն՝ դառն ճշմարտութի՛ւն։
Բագրատունեաց թագաւորութեան գոյատեւման վերջին տարիները նմանապէս կ’անցնին յունադաւան եւ հայադաւան իշխաններու ինքնակործան պայքարի ճամբով։ Յատկանշական է, որ այս անգամ ոչ թէ Սահակ կաթողիկոսի նման դրական հեղինակութիւն մը կը յառնի հայոց պատմութեան այդ վճռորոշ պահուն, այլ, յանձին Պետրոս Ա. Գետադարձ[6] կաթողիկոսի, միանգամայն բացասական կերպար մը, որ Վեստ Սարգիսի եւ այլ ազգադաւ իշխաններու հետ համագործակցելով՝ քաղաքամայր Անին կը յանձնէ բիւզանդացիներուն։
Պետութեան եւ ազգին դէմ այս կարկառուն դաւաճանութիւնն ալ մեր պատմութեան սրտաճմլիկ եւ ամենատխուր եղելութիւններէն մէկը կը կազմէ։ Այդ դարաշրջանի ժամանակագրութիւնը աւանդող Մատթէոս Ուռհայեցի պատմիչը, առանց այլեւայլի, խորազգած կը վկայէ պատմական իրողութիւնը, թէ Աստուծոյ նկատմամբ փրկարար երկիւղը կորսնցուցած հոգեւորականներն ու իշխանները կեղծ երդում տալով հայոց Գագիկ Բ. թագաւորին՝ կը համոզեն զինք ընդունելու Բիւզանդիոնի Կոստանդին Թ. Մոնոմախոս կայսեր հրաւէրը եւ երթալու Կ.Պոլիս՝ բանակցելու համար անոր հետ։ Եւ երբ Գագիկ Բ. Կ.Պոլիս կը հասնի, իսկոյն կը ձերբակալուի կայսեր կողմէ, մինչ յունամէտ աւազակաորջին մաս կազմող հայ աւագանին, գլխաւորութեամբ Վեստ Սարգիս իշխանի եւ Պետրոս Ա. Գետադարձի, «որոնք (Գագիկ Բ.-ին հաւատարմութեան) Աստուծոյ արիւնով (այսինքն՝ Ս. Հաղորդութեան վրայ) սոսկալի երդում տուած էին, Անի քաղաքի քառասուն բանալիները Մոնոմախոս կայսրին ուղարկեցին, հանդերձ նամակով մը, թէ Անի քաղաքը եւ ամբողջ Արեւելքը քու (սեփականութիւնդ) դարձաւ[7]… Յոյները աստիճանաբար Հայոց երկրէն հեռացուցին քաջ զինուորականները, զանոնք կտրեցին իրենց տունէն ու գաւառէն եւ կործանեցին Հայոց թագաւորութիւնը»[8]։
Այսպէս իրագործուեցաւ հայերու ձեռքով հայոց թագաւորութիւնը կործանելու բիւզանդական նենգամիտ քաղաքականութեան ծրագիրը։ Բայց եթէ երբեք Վանի, Անիի, Կարսի, Գուգարքի եւ հայկական այլ թագաւորութիւնները, նաեւ իրական ուժ ունեցող նախարարները բռունցքուէին, կեդրոնաձիգ ուժերով համախմբուէին հայոց պետականութիւնը խորհրդանշող թագաւորական գահին շուրջ, ապա թերեւս կարողանային դիմագրաւել ժամանակի ռազմաքաղաքական ծանրածանր հարուածները՝ հակազդելով թէ՛ բիւզանդացիներուն եւ թէ՛ սելճուքներուն։
Աւա՜ղ, տարբեր չեղաւ պարագան նաեւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան` Ռուբինեանց օրերուն. յար եւ նման հակառակութիւններ, այս անգամ՝ լատինամոլներու եւ ազգային դիրքեր պաշտպանողներու միջեւ։ Այս բոլոր պայքարներն ալ եղած են ի վերջոյ ներքին անմիաբանութեան եւ երկրին սպառնացող մօտալուտ վտանգը թերագնահատելու պատճառով, եւ ունեցած են իրենց ծանր անդրադարձը թէ՛ հայոց պետականութեան եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի կեանքին վրայ։ Ներքին պառակտուածութեան հետեւանքով ոչ միայն վերացած են հայկական թագաւորութիւնները, թշուառութեան մատնուած ժողովուրդը դարձած վտարանդի իր պապենական հողերէն, այլեւ բռնագրաւուած եւ յափշտակուած է երկիրը` Միջերկրականի գեղածիծաղ ափերէն մինչեւ Մասեաց կատարը, այո՛, մինչեւ Արցախի պատմական հողատարածքներն ու Շուշին։ Այսօր, գէթ հայոց գոյութեան յաւիտենական խորհրդանիշը` աստուածաշնչական մեր սրբազան Արարատ լեռը կ’ըլլար Հայաստանի տարածքին մէջ, եւ քաղաքամայր Անին, նուիրական դամբարանը Բագրատունեաց արքաներուն, աւերակաց ստուերին մէջէն չէր դիտեր սահմանին փշալարերը ու կարօտով չէր ճմլեր մեր արնաքամ սիրտը։
Իսկ ինչո՞ւ տանուլ պիտի տայինք հայկազուն բիւրաւոր հերոսներու արեամբ ազատագրուած մեր համազգային հպարտութեան եւ արժանապատւութեան բերդաքաղաքը Շուշին, եթէ նախապէս ըլլայինք ազգային մեր գերագոյն շահերը հետապնդելու մէջ միաբան, համախմբուած ու խոհեմ, ունենայինք ներքաղաքական միաձոյլ կայունութիւն, դառնայինք քաղաքականապէս հեռատես եւ իրապաշտ մարտավարութեամբ հետեւողական։
Պատմութիւնը իբրեւ արդար դատաւոր, ինք պիտի գնահատէ ներկան։ Արդարապէս պիտի դատէ բոլոր Վասակ Սիւնիներն այսօրուան։ Ան ստոյգ պիտի վկայէ, թէ տարաբախտօրէն իրականացած ցաւն ու վշիտը, անդառնալի կորուստը առոյգ, ջահել-ջիւան կեանքերուն եւ ազգային կենսատու հողատարածքին, արդեօք ձախորդ գործընթա՞ցն էր պատկան իշխանութիւններու որդեգրած ռազմավարութեան, թէ պարտադրուած դաւաճանութեան։
Արդարեւ, մե՛նք ենք պատասխանատուն թոյլ տալով, որ պատմութիւնը կրկնուի մեր ազգային-հաւաքական կեանքին մէջ յար եւ նման իրադարձութիւններով։ Այլապէս, պատմութիւնը ինքզինք չի կրկներ, բայց ան կը կրկնէ իր դասը՝ սորվիլ անցեալի կենսափորձէն՝ ձեռքբերումներէն, առաւել եւս՝ սխալներէն։ Եթէ կ’ուզենք զարգանալ ու գերազանցապէս յառաջանալ ազգովին, եթէ կ’ուզենք հասնիլ սրբազան լերան կատարին, ապա պէտք չէ թոյլ տանք, որ պատմութիւնը կրկնուի, այլ պէտք է կերտենք մե՛ր պատմութիւնը՝ նորը, կայունը, հզօրը, բարօրը, խաղաղն ու արդարը։
[1] Տե՛ս Փաւստոս Բիւզանդ, Հայոց Պատմութիւն, հրտ. Ստ. Մալխասեանցի, Գահիրէ, 1954, էջ 395-397; Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, աշ. Մ. Աբեղեան եւ Ս. Յարութիւնեան, Երեւան, 1991, 310-311; Ղազար Փարպեցի, Պատմութիւն Հայոց եւ Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան, Երեւան, 1982, էջ 27-28։
[2] Հմմտ. Փաւստոս Բիւզանդ, անդ, էջ 395-396։
[3] Հմմտ. Խորենացի, անդ, էջ 346-347:
[4] Տե՛ս նոյնը, էջ 347:
[5] Տե՛ս Փարպեցի, անդ, էջ 64:
[6] Ներկայիս Մայր Աթոռի հետ կապ ունեցող հայրենի որոշ պատմաբաններ կը ջանան զանազան փորձերով արդարացնել Պետրոս Ա. Գետադարձը եւ անոր վրայէն ջնջել պատմութեան խարանած «դաւաճան»-ի կնիքը։ Ժամանակին նման մօտեցում մը ցուցաբերած էր նաեւ Մաղաքիա արքեպս. Օրմանեանը, անոր վերագրուող ջրօրհնէքի մը հրաշագործութեան պատմութիւնը եւ մեր մատենագրութեան մէջ արդիւնական հեղինակ մը հանդիասանալու փաստերը համարելով անհամատեղելի դաւաճանի մը դերակատարութեան հետ։ Եկեղեցամէտ շրջանակներու սոյն փորձը դժուար թէ ըլլայ ընդունելի անաչառ պատմագիտութեան առջեւ, ցորչափ պատմական նոր վկայութիւններ տակաւին չեն նպաստեր Պետրոս Ա. Գետադարձի արդարացումին։
[7] Մատթէոս Ուռհայեցի, Ժամանակագրութիւն, աշխ. թարգ. եւ ծանօթ. Հրաչ Բաթիկեանի, Երեւան, 1991, էջ 105։
[8] Մատթէոս Ուռհայեցի, Ժամանակագրութիւն, անդ, էջ 149: