Ազրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեսանիւթ հրապարակած է, ուր կ’երեւայ լիբանանահայ գերի Վիգէն Էօլճէքեանը: Հարցազրոյցին մէջ անոր ներկայացուցած են որպէս զինեալ ահաբեկիչ, որ իբր 2500 տոլարով հայերու կողմէ կռուած է Արզպէյճանի դէմ:
Ակնյայտ է, որ հայ տղամարդը նման տեղեկութիւններ հաղորդած է ճնշման տակ: Ատրպէյճանը շահարկած է Վիգէն Իւլճեքեանի՝ մերձաւորարեւելեան ծագումը:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Լիբանանի քաղաքացիներ Մարալ Նաճարեանն ու Վիգէն Էօլճէքճեանը, որ Լիբանանէն եկած էին բնակելու Արցախի մէջ, 10 նոյեմբերին գերեվարուած են Բերձորի շրջակայքը հաւանաբար դէպի Շուշի ճանապարհին: Մարալի մասին դժբախտաբար տակաւին նորութիւն չկայ: