ՄԱԿի հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի կազմակերպած համաժողովը տեղի ունեցաւ երէկ առցանց, որուն նպատակն է օգնութիւն հասցնել Լիբանանին: Սոյն համաժողովին Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, , խօսք մը արտասանեց, որուն մէջ ան շեշտեց այն կէտին վրայ, որ միջազգային ընտանիքը տակաւին պիտի շարունակէ սատարել Լիբանանի ժողովուրդին, իր նուէրները չփոխանցել Լիբանանի կառավարութեան միջոցաւ:
Մարդկային կարիքներուն բոլորը տակաւին չեն գոհացուած յայտնեց Մաքրոն, հաստատելով թէ ինք շուտով դարձեալ պիտի այցելէ Լիբանան,աշխատանքները իրենց հունին մէջ դնելու համար:
Նշենք, թէ Մաքրոն օգնութիւնները կապած է Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կազմելու պարագային հետ, որուն ուշացումը աւելի եւս երկիրը դէպի փլուզման կը մղէ: Բան մը, որուն համար ամբաստանուած են քաղաքական բոլոր կողմերը: