Ստեփան Բաբելեան (3 Դեկտեմբեր 1875, Կ.Պոլիս- 17 Օգոստոս 1960, Իսթանպուլ), հայ երգահան եւ դաշնակահար։
Շրջանաւարտած՝ Պէրպէրեան վարժարանէն, Պոլսահայ երաժշտական շարժումին առաջնակարգ մշակներէն. 1906-էն ի վեր դաշնակի անխոնջ ուսուցիչ, որ իր արուեստագէտի խառնուածքին կը միացնէ հոգեբան մանկավարժի թանկագին յատկութիւններ: Կարելի է ըսել թէ իւրաքանչիւր աշակերտի համար մասնաւոր մեթոտ մը ունի, մեթոտ մը՝ որ պիտի համապատասխանէր տղուն ֆիզիքական եւ մտաւոր ուժերուն: Այսօրուան դաշնակի մեր լաւագոյն ուսուցիչներուն կարեւոր մէկ մասը կամ օժտուած դաշնակարուհիները, Առաքելեան, Տիկին Բաբելեան, Ա. Գավաֆեան (Պոլիս), Տիկին Զապէլ Ընքապապեան (Փարիզ), կարգ մը երգչուհիներ եւս իրմէ ստացած են երգի եւ երաժշտութեան ճաշակը: Ինքը եղած է հրապարակային ռէսիթալներու առաջին հիմնադիրը Պոլսոյ մէջ (1912-ին):
Դաշնակի առաջին դասերը առած է իր քրոջմէն Օր. Նազիկ Աբէլեանէն. Անկէ վերջ ինքնաշխատութեամբ յառաջանալով, անսպառ ջանքերով ու նուիրումով ստեղծած է սերունդ մը, որ իր կարգին այսօր ուսուցանելու ասպարէզը ընդգրկած է: Իբրեւ երաժշտական քննադատ Ս. Բաբելեան համբաւ կը վայելէ, թափանցելու եւ յստակօրէն վերլուծելու իր կարողութիւններուն միացնելով ճաշակաւոր եւ նուրբ գրողի ճշմարիտ ձիրքեր, կշռոյթաւոր ոճ, հիւմըր, պայծառ դատողութիւն եւ յստակ վճիռներ:
Ստեփան Բաբելեան ունի նաեւ իտէալին հասած վիպակ մը, որ Հանրագիտակ թերթին մէջ իբրեւ թերթօն հրատարակուելէ ետք 1900-ին առանձին ալ լոյս տեսած է:
Պոլսոյ մէջ նշուած է անոր երաժշտական գործունէութեան 60-ամեակը։