Հաճելի էր միեւնոյն ժամանակ օգտաշատ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրատան մէջ հանդիպիլ Զօր. Նարեկ Աբրահամեանին հետ, որուն կտրած ազգային եւ զինուորական ճանապարհը ուսանելի դպրոց մըն է շատերուս համար:
Մեր յարգելի հիւրը նոր վերադարձած էր Արցախէն, ուր գտնուած էր պատերազմի օրերուն: Ան վերադարձած էր ծանր եւ խոր մտորումներով եւ գնահատականներով:
Փորձառու զինուորականին հետ խօսեցանք մարտական գործողութիւններուն մասին: Զուգահեռներ ստեղծեցինք Սուրիոյ եւ Արցախի մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան:
Ըստ մեր հիւրին, մենք պատրաստ չէինք մեր վրայ պարտադրուած այս պատերազմին, որուն մէջ թուրք-ազերիական զէնքն ու թէքնիքը գերակայ էին՝ չհաշուած մարդուժի ահռելի գերակայութիւնը: Այս բանով հանդերձ զօրավարը հաստատեց, որ հայ բանակայինն ու ազատամարտիկը կեանքի գնով կռուեցաւ անհաւասար ուժերու դէմ:
Այս պատերազմը դաս մըն է ըսաւ Աբրահամեան, թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ Սփիւռքի հայ ժողովուրդին համար, որ Արցախեան պատերազմէն՝ անկախ անոր արդիւնքէն, դասեր պէտք է քաղէ ծրագրելու համար մեր ազգին ու հայրենիքին ապագան:
Ինքնաքննադատութեամբ մը անդրադարձանք սփիւռքի հայ կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին, որ չի համընկնիր հայ երիտասարդութեան մտածողութեան եւ տեսիլքին հետ: Համաձայնեցանք, որ մեր դասական կառոյցները ընդհանուր վերաքաղի եւ վերատեսութեան ենթակայ շատ բան ունին, որոնց արդիւնքէն կախեալ է տուեալ կազմակերպութեան ապագան:
Փանթուրքիզմի եւ զայն դիմակալելու կամ շրջանցելու համար Նարեկ աբրահամեան ունի իր սեփական տեսութիւնը, որուն մասին համաձայնեցանք, որ յաջորդին կը մանրամասնենք:
Մեր երկրի բարօրութեան համար յաջորդ հանգրուանը կ՛ընդգրկէ նաեւ յաջող դիւանագիտութիւն՝ արտաքին քաղաքականութիւն. շեշտեց Աբրահամեան: Ան ընդգծեց այս բանին կարեւորութիւնը, առանց որուն մեր բոլոր աշխարհաքաղաքական ծրագիրները ենթակայ են ձախողութեան:
Աբրահամեան շեշտը դրաւ նաեւ մեր ժողովուրդին հետ նոյն աշխարհատարածքը կիսող բնիկ ժողովուրդներու հետ մեր լաւ յարաբերութիւններուն վրայ: Ժողովուրդներ, որոնք ո՛չ միայն աշխարհագրութիւն կը կիսէն մեր հետ, այլ՝ նաեւ ունին միեւնոյն դատը թուրքիոյ դէմ:
Հայրենադարձութեան եւ Արցախի վերաբնակութեան առաջնահերթութեան վրայ երկար զրուցեցինք մեր հիւրին հետ, որուն հետ համաձայնեցանք, որ մենք վերջին երեսուն տարիներուն ձախողած ենք մեր հողերը բնակեցնելու աշխատանքին մէջ, որովհետեւ Արցախեան պատերազմի բռնկումը կամ ընթացքը տարբեր պիտի ըլլար եթէ մենք այնտեղ ունենայինք մեծ թիւով բնակչութիւն: Այսօր աւելի եւս շեշտուած է անոր վերաբնակեցումի կենսականութիւնը, հակառակ պարագային՝ Արցախ իր հայկականութիւնը կրնայ շուտով կորսնցնել ու վերածուի լ հայաթափուած մէկ տարածքի ինչպէս, որ են Կարսն ու Արտահանը, Վանն ու Նախիջեւանը: Հայրենադարձութեան եւ վերաբնակեցման համար մեր հիւրը շեշտեց, որ կան շրջանային յաջող փորձեր ինչպիսին է իսրայէլեանը:
Մեր ժողովուրդի ապագայի բարօրութեան համար մեր ազգային ռազմավարութեան մէջ ռատիքալ փոփոխութիւն կ՛ուզէ տեսնել զօրավարը եւ այս մէկը, ոչ միայն Հայաստանի համար, այլ նաեւ լիբանանեան հայրենիքին, որ տակաւին կը տուայտի ընկերաքաղաքական ու տնտեսական ծանր դժուարութիւններու դէմ յանդիման:
Արցախեան օրակարգով հանդիպում մը պիտի կայանայ այսօր երեկոյեան Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, ու Զօր Աբրահամեանը փակագիծերը աւելի եւս բանալով պիտի ելոյթ ունենայ Արցախի եւ շրջանի ռազմաքաղաքական իրականութեան մասին:
«Խմբ.»