Ռուբէն Գէորգ Նաքեան (անգլերէն՝ Reuben Nakian, 10 Օգոստոս, 1897, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Մահանգներ – 4 Դեկտեմբեր, 1986, Սթամֆորտ, Քնեքթիքութ), հայ քանդակագործ։
1912-1915-ին` սորված է Նիւ Եորքի Ազատ արուեստներու դպրոցին մէջ, Գեղեցիկ արուեստներու ակադեմիոյ մէջ։
Սկզբնական շրջանին ստեղծած է անիմալիստական գործեր`
«Ցուլը եւ կովը», «Հորթը», «Փոկը»
1930 թուականին մասնակցած է «33 մոտեռնիստներ» ցուցահանդէսին։ Մէկ տարի ետք հանդիպած է Արշիլ Կորքիին, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է Նաքեանի գեղագիտական սկզբունքներու կողմնորոշման եւ հաստատման վրայ։
Ստեղծած է անուանի արուեստագէտներու եւ քաղաքական գործիչներու դիմաքանդակներ, Աստուածաշունչի եւ դիցաբանական թեմաներով յօրինուածքներ՝
«Վեներայի ծնունդը», «Լեդան եւ կարապը», «Սալոմէի պարը», «Նիմփէն եւ դելֆինները», «Պարուհի», «Սատիրիկոն» (քանդակաշար), «Աստուածներու պարտէզը» (քանդակաշար)
Անոր «Խաչէն իջեցնելը» մոնումենտալ քանդակը՝ Մեծ եղեռնին նուիրուած յուշակոթողը (պրոնզափառ գիպս, 1972), դրուած է Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցիին մէջ։
Նաքեանի աշխատանքներուն (առաւելապէս պրոնզափառ թրծակաւով) բնորոշ է դասական աւանդոյթներու, էքսպրեսիոնիզմի եւ սիւրռեալիզմի տարրերու ազատ համադրումը։
1972 թուականին ընտրուած է «Արուեստի եւ գրականութեան Ազգային ակադեմիոյ» անդամ, իսկ 1973-ին Պրիճփորթի համալսարանը (Քնեքթիքութ) անոր շնորհուած է պատուաւոր տոքթորի կոչումը։ Գործերը կը պահուին ԱՄՆ-ի թանգարաններուն մէջ:
1920-ականներէն Նաքեանի ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են ցուցահանդեսներուն մէջ։ Առաջին անհատականը տեղի ունեցած է 1926-ին Նիւ Եորքի «Ուիթնի Սթուտիո-Քլապի մէջ», «Տաունթաուն» եւ «Կրանտ Սենթրալ» պատկերասրահներուն մէջ։ Ցուցադրուած է Շիքակոյի «Արուեստի հիմնարկին» եւ Նիւ Եորքի «Արդի արուեստի» եւ «Ուիթնի» թանգարաններուն մէջ։ Քանդակագործութեան ասպարէզին մէջ Միացեալ Նահանգները ներկայացուցած էն 1961 թուականին Սան Փաուլույի (Պրազիլ) 6-րդ պիէնալէի մէջ, իսկ 1968-ին՝ Վենետիկի 34-րդ պիենալեի մէջ։
Ցուցահանդէսներ ունեցած են Լոս Անճելըսի (Քալիֆորնիա), Ուաշինկթընի, Սթամֆորտի եւ Կրինիչի (Քնեքթիքութ), Ֆիլատելֆիոյ (Փենսիլուանիա), Չիքակոի (Իլինոյս), Հիւսթընի (Թեքսաս), Միլուոքիի (Վիսքոնսին), Փարիզի, Լիզպոնի, Տրեզտէնի եւ Շաումպերկի մէջ։