Շաբաթ, 10 Հունիսի, 2023
- Գովազդ -spot_img

Բաց Նամակ Նիկոլ Փաշինեանին. Ժամանակն Է Հրաժարական Տալու

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ամեն բանի ժամանակ կայ.

Եւ ժամանակ՝  երկնքի տակի բոլոր ձեռնարկութեան։

Ժողովող 3.1

Ծնած ու հասակ առած ըլլալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ որպէս՝ ընկերաբան ու ընկերային գիտութիւններու դասախօս, «Նիկոլ Փաշինեան» երեւոյթը մեզի բնաւ չէր զարմացուցած: Մարդկային պատմութիւնը  լեցուն է նման երեւոյթներով, որուն գլխաւոր դրամագլուխը ամբոխավարութիւնն է (populism)-ը:

Երկու եւ կէս տարիներ առաջ ձեր սկսած շարժումը ո՛չ մէկ ձեւով խանդավառած է մեզի: Ընդհակառակը՝ ձեր  իշխանութեան գալու առաջին իսկ օրէն վերապահութեամբ մօտեցած ենք ձեր կտրած ճանապարհի իւրաքանչիւր քայլին: Մեր այս մօտեցումը յաճախ պատճառ հանդիսացած է, որ կարգ մը մարդիկ մեզի նկատեն՝ «ժողովուրդի թշնամին»…:

Ամբոխավարութիւնը, յարգելի Պրն. Փաշինեան, երկսայրի սուր է՝ եթէ զայն գործածողը իր չափն ու սահմանը չգիտնայ: Այսօր՝ այստե՛ղ մենք պիտի չքննարկենք այս խնդրայարոյց եւ հակասական կարծիքներ պարունակող թեման: Մեր խնդիրը՝ այլ է այսօր:

Հայրենիքի մէջ ճգնաժամ է: Մեր ժողովուրդը կրած է իր արդի պատմութեան մեծագոյն պարտութիւնը: Մենք զոհերը եղած ենք պետական մակարդակի լրատուական մեծ սուտի: Մեր ժողովուրդը իր լաւագոյն որդիները կորսնցուցած է անհաւասար մարտի մէջ: Մեր հպարտութեան առիթ բանակը արժեզրկուած է: Մենք՝ ո՛չ թէ սոսկ տարածք, այլ՝ հայրենիք կորսնցուցած ենք: Մենք կ՛ապրինք արժանապատուութեան ճգնաժամ:

Մեզի համար միեւնոյնն է, եթէ այս ահաւոր պարտութիւնը արդիւնքն էր դաւաճանութեան, թէ ապիկարութեան: Փնթիութեան, թէ արտաքին ձախող քաղաքականութեան: Մենք սովորական մահկանացու ենք, եւ շատ յաճախ կը դատենք արդիւնքէն, մինչ տուեալ արդիւնքին հիմնական պատասխանատուն՝ ձեր ալ խոստովանութեամբ՝ դո՛ւք էք Պրն. Փաշինեան: Գերագոյն հրամանատարութիւնը սոսկ տիտղոս չէ: Ո՛չ ալ պատմուճան: Ան ծայրագոյն աստիճանի պատասխանատուութիւն է հանդէպ Աստուծոյ, ձեր խիղճին եւ մեր ժողովուրդին:

Ձախողութիւնը ընդունիլը առաքինութիւն է յարգելի Պրն. Փաշինեան: Դուք այս խնդրով չզլացաք ձեր անձը պատասխանատու գտնելու: Սակայն «ես եմ եղածին  պատասխանատուն» ըսելը, սոսկ լոզունգ չէ: Ան կ՛ենթադրէ համապատասխան քայլեր՝ եթէ մենք լուրջ ենք մեր յայտարարութիւններով այսօր, ուր ամբոխավարութիւնը այլեւս տեղ եւ հող չունի:

Ձեզի պիտի յիշեցնեմ, ո՛չ հեռու անցեալէն, եւ ձեր ապրած տարածաշրջանէն ո՛չ շատ հեռու գտնուող՝ Եգիպտոսի մէջ պատահածը: 1967 թուականի Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմին Եգիպտոսի բանակը կրեց ծանր, շատ ծանր պարտութիւն: Օրին, աւելի քան 30 միլիոն բնակչութիւն հաշուող Եգիպտոսի «Աստուածամերձ» նախագահը՝ Ժամալ Ապտըլ Նասէր ընդունելով իր պատասխանատուութիւնը, ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ հրաժարեցաւ: Այս առաքինի հրաժարականը պատճառներէն մէկը հանդիսացաւ, որ յաջորդող ընտրութիւններուն ան ուսամբարձ վերընտրուի…:

Նոյեմբեր 10-ին, ձեր պատասխանատուութեամբ՝ մեր կրած անփառունակ պարտութեան յայտարարութեան զուգահեռ, մենք կ՛ակնկալէինք ձեր ազնիւ հրաժարականը, ո՛չ որովհետեւ մեր փափաքն էր այդ, այլ նման պարագաներու ամենատարրական եւ ազնիւ քայլը, որ իրաւ ղեկավար մը կը դիմէ անոր, եթէ մէկդի դնենք, այն առասպելը, թէ ձեր հրաժարականով մեր երկրին մէջ պիտի ստեղծուի քաոս: Այստեղ եւս ամբոխավարութիւնը հող չունի, որովհետեւ իւրաքանչիւր խելահաս քաղաքացի, լաւ գիտէ, թէ օրէնսդիրը նման հրաժարականներու կամ իշխանութեան գլխի բացակայութեան ու թափուր աթոռի իրավիճակին (vacuum)-ին համար անպայմանօրէն նկատի առած է սահմանադրական գործընթաց…: Եւ… «թագաւորը մեռաւ… կեցցէ՛ թագաւորը»: Իսկ ինչ կը վերաբերի «նախկին»ներու վերադարձով ժողովրդային որոշ խաւեր վախցնելու հին ու նոր կատակ խաղին, ապա դուք ալ գիտէք յարգելի Պարոն Փաշինեան, որ այս մէկը շատոնց սկսած է դդումի համ տալ: Ի վերջոյ ընտրութիւններ են, որ տեղի պիտի ունենան եւ ժողովուրդը ինքը պիտի ընտրէ իր նոր իշխանութիւնը եւ «ժողովուրդ մը, կ՛արժէ իր կառավարութիւնը»…:

Հաւանականութիւնը մեծ էր, որ նման առաքինի հրաժարական մը, ձեր առկայ ժողովրդականութեամբ, որ դուք կը կարծէք, որ ունիք, ձեզի մեծ հաւանականութեամբ եւ շատ աւելի մեծ օրինականութեամբ (legitimacy) կրնար վերադարձնել իշխանութեան: Այդ թուականէն ամէն օր, որ կ՛անցնի դուք մասնիկ մը կը կորսնցնէք այդ ժողովրդականութենէն, որ շուտով կրնայ հասնիլ իր ամենանուազագոյն մակարդակին: Մեզի համար ցաւ է, պատկերացնել, որ դուք այս քաշքշուքը պիտի ուզէք աւելի եւս երկարաձգել: Այս պարագային մեզի ահաւոր մտահոգողը արդէն, դուք կը գիտակցիք, որ եղբայրասպանութիւնն է ժողովրդային մակարդակով, որուն համար մենք կ՛ուզենք հաւատալ, որ դուք թոյլ պիտի չտաք, որ իրավիճակը հասնի հոն, ուր փողոցի դէմ ստեղծուի փողոց եւ կամ բռնութիւններ կատարուին, հանրահաւաքներով իրենց ազատ կամքը արտայայտող ժողովուրդին դէմ:

Հետեւաբար, յարգելի Պրն. Փաշինեան մենք ձեզի ազնուօրէն կ՛ուզենք յիշեցնել, որ արդէն ԺԱՄԱՆԱԿն  է ձեր հրաժարականին, յանուն՝ մեր եւ ձեր սիրելի ժողվուրդին ու հայրենիքին:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img