1988թ. դեկտեմբերի 7-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժ, որուն էփիկեդրոնը կը գտնուէր Սպիտակ քաղաքին մէջ (այստեղէն է՝ Սպիտակի երկրաշարժ անուանումը): Երկրաշարժին հետեւանքով զանգուածային վնասուածքներու եւ փլուզումներու ենթարկուած են հազարաւոր շինութիւններ: Ան տասնեակ հազարաւոր մարդոց մահուան պատճառ դարձած է:
Աւերիչ երկրաշարժին պատճառով տուժած է 21 քաղաք եւ շրջան, 342 գիւղ, անօթեւան մնացած է 514 հազար մարդ, տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած է մօտ 20000 մարդ, զոհերուն թիւը կազմած է 25000 մարդ:
Զոհեր շատ եղած են յատկապէս Կիւմրիի մէջ (մօտ 15-17 հազար) եւ Սպիտակի մէջ (4 հազար) մարդ: Աւերուած է 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւն, մեծ վնաս հասցուած գիւղերուն եւ երկրագործական համալիրին: Մեծ վնաս է հասցուած է նաեւ ճարտարապետական, պատմական, արուեստի յուշարձաններուն, տուժած է 917 կրթական օճախ:
Ազգաբնակչութեան եւ փրկարարներու ջանքերով փլատակներէն հանուած է աւելի քան 45000 մարդ: